Երեքշաբթի, 29 Յուլիս 2014 - Մալթայի ասպետներու լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահը այցելեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ
Պէյրութ

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ 29 Յուլիս 2014, երեքշաբթի ընդունեց այցելութիւնը Մալթայի Ասպետներու լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահ Մարուան Սեհնաուին, որուն կ'ընկերակցէին Մոցար Շահին եւ տէր Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան։ Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին պր. Սեհնաուի ներկայացուց ընկերակցութեան մարդասիրական լայնածաւալ գործունէութիւնը Լիբանանի ամբողջ տարածքին։ Ընկերակցութիւնը, որ կը վայելէ Վատիկանի անմիջական հովանաւորութիւնը, կը ծառայէ առանց համայնքային կամ դաւանանքային խտրութեան, պահպանելով մարդու արժանապատուութիւնը եւ յարգելով տարբերութիւնները։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հետաքրքրուեցաւ սուրիացի գաղթականներուն՝ ընկերակցութեան կողմէ ցուցաբերուած հոգատարութեամբ։

Այնուհետեւ, խօսակցութիւնը շօշափեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն տառապալի վիճակը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ ընտանիքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ օր ըստ օրէ աւելի նիւթապաշտ ընկերութենէն ներս քրիստոնէական մշակոյթին նահանջը արգելակելու հարցերը։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց կարեւորութիւնը ընտանիքին նուիրուած Սիւնհոդոսին որ պիտի գումարուի Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրով Հռոմի մէջ։

Շնորհակալութեամբ եւ գործակցութեան մաղթանքով՝ Մալթայի Ասպետներու լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահը հրաժեշտ առաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջմէ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ