Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2014 - Աստուածայայտնութեան տօն Դամասկոսի մէջ

Դամասկոս, Սուրիա

Երկուշաբթի, 6 յունուար 2014, Աստուածայայտնութեան եւ մկրտութեան տօնին, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատոյց արհի. Յովսէփ եպս․ Առնաութեանը, ապա տեղի ունեցաւ Յիսուսի մկրտութեան արարողութիւնը։ Կնքահայրն էր այս տարի փոքրիկն Պերճ Շմբլեանը։ «Քնար» երգչախումբի անդամները կատարեցին երգեցողութիւնը ու Մկրտութեան արարողութեան հոգեպարար շարականները։ Յետ արարողութեան ու եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ շնորհաւորութիւններու փոխանակման, թեմի առաջնորդ արհի. Յովսէփ եպս․ Առնաութեան եւ ժողովրդապետ Հայր Գէորգ վրդ. Պահէեան, Անարատ Յղութեան միաբանութեան քոյրերը, ինչպէս նաեւ ՀԿՄ-ի խորհուրդի անդամներ, այց մը կատարեցին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, ուր շնորհաւորութիւններ յայտնեցին Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ Գեր․Տ․Արմաշ եպս․Նալպանտեանին, ինչպէս նաեւ ներկայ հայրենակիցներուն ու համայնքի պատասխանատուներուն, մաղթելով խաղաղութիւն երկրին ու բարօրութիւն Սուրիոյ ժողովուրդին ու հայ քաղաքացիներուն։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ