Ուրբաթ, 11 Մայիս 2007 - Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Մեկնեցաւ Սթուտկարդ
Չորեքշաբթի, 8 Մայի 2007ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց մեկնեցաւ Պէրութէն դէպի Սթուտկարդ, մասնակցելու համար Քրիստոնեայ հասարակութիւններու կազմակերպութիւններու եւ շարժումներու համաժողովին:Ան պիտի մասնակցի նաեւ «Միասին... Եւրոպանի Համար» հսկայ հաւաքին որ տեղի պիտի ունենայ  Շաբաթ, 12 Մայիսին: Այս հանդիպումներուն Հոգեւոր Տիրոջ կ՛ընկերանայ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան՝ Ընդհանուր Քարտուղար Զմմառու Միաբանութեան: Հոգեւոր Տիրոջ վարադարձին,  կայքէջը պիտի տայ կատարեալ տեղեկութիւնները եւրոպայի քրիստոնեաներու համար կարեւոր այս համագումարին եւ հաւաքին մասին:    

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ