Հինգշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2011 - Հաղորդագրութիւն Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան


Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան 2011-ի ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ 24-էն 28 Հոկտեմբերին, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի` կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց եւ ընդհանուր մեծաւոր Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան, մասնակցութեամբ 28 միաբան արքեպիսկոպոս, եպիսկոպոս եւ վարդապետ  հայրերու:

Միաբանութեան ընդհանուր ժողովը սկսաւ երկօրեայ հոգեւոր կրթութեամբ: Ապա միաբան հայրերը ունկնդրեցին նախորդ վարչութեան տեղեկագիրները, ինչպէս նաեւ քննարկեցին միաբանութիւնը յուզող հարցերը: Այնուհետեւ ընդհանուր ժողովը ընտրեց որպէս Պատրիարքական փոխանորդ՝ հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեանը:

Նորընտիր պատրիարքական փոխանորդը ծնեալ՝ Պէյրութ 26 սեպտեմբեր 1974-ին, իր ուսումը ստացած է Զմմառու մէջ, ապա անցած է Հռոմ, ուր շարունակած է իր ուսումը Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանին մէջ, մասնագիտանալով եկեղեցական եւ աշխարհիկ կանոնագիտութեան մէջ: Ան նաեւ ստացած է դոկտոր տիտղոսը, հրատարակելով իր աւարտաճառը Լատէրանեան համալսարանին մէջ, իբրեւ թեմա ունենալով՝ «վանականութիւնը հայ Եկեղեցւոյ մէջ, ծագումը եւ աղբիւրներ»։ Ան նախագահն է հայ կաթողիկէ պատրիարքական կանոնական յանձնախումբին։

Միաբանական ընդհանուր Ժողովը ընտրեց նաեւ 4 վարչականներ, որոնք իրենց առաջին վարչական ժողովին ստանձնեցին հետեւեալ պաշտօնները՝ գերյ. հայր Անդրանիկ ծ. վ. Կռանեանը, որպէս Ա. վարչական եւ վանքի փոխ մեծաւոր, հայր Բարսեղ վրդ Պաղտասարեան, որպէս վանքի ընդհանուր մատակարար եւ նոր ընծայարանի տեսուչ, հայր Եղիա վրդ Դերձակեան, որպէս վանքի տնտես եւ հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեան, որպէս միաբանութեան ընդհանուր քարտուղար, մատենադարանապետ, թանգարանապետ եւ լուսարար:

Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբերին՝ երեկոյեան, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հովուական գաւազան, մատանի, լանջախաչ եւ եպիսկոպոսական թագ շնորհեց հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեանին թագադիր ծայրագոյն վարդապետի տիտղոսով:

Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ վանքի մեծաւոր՝ գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան, մասնակցութեամբ միաբանութեան նոր վարչութեան անդամներուն հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Զմմառու վանքին եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 6 նոյեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, որմէ ետք պատրիարքական փոխանորդը եւ վարչական հայրերը պիտի ընդունին շնորհաւորանքները վանքի դահլիճին մէջ:

Զմմառ, 29 հոկտեմբեր 2011

Դիւան
Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ