Երեքշաբթի, 1 Օգոստոս 2006 - Կոչ Նիւթապէս Օժանթակելու Համայնքի Աշակերտութեան եւ Կարիքաւորներուն
Վստահ ենք որ 12 Յուլիսէն ի վեր Լիբանանի մէջ շարունակուող կատաղի պատերազմն ու անոր ողբերգական հետեւանքները խորապէս կը յուզեն ձեզ: Ողբերգական է երկրին եւ մասնաւորաբար լիբանանցի ժողովուրդին վիճակը: Այդ ժողովուրդին անբաժանելի մէկ մասնիկը որպէս, բնականաբար մեր համայնքին զաւակները եւս կ՛‏‏ազդուին պատերազմին ծանրակշիռ հետեւանքներէն: Վստահ ըլլալով որ Լիբանանի մեր համայնքին, անոր հաստատութիւններուն եւ ընտանիքներուն ճակատագիրը կը հետաքրքրէ նաեւ ձեզ, կը դիմենք ձեզի կարենալ դիմագրաւելու համար պատերազմին ծանր հետեւանքները որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի մեր համայնքը՝ աղիտահար այս երկրին մէջ:

Անշուշտ տեղեակ էք որ Իսրայէլեան ամէնօրեայ կատաղի ռմբակոծումները հիմնայատակ ըրին բնակավայրեր, գործարաններ եւ ենթակառոյցներ եւ անդամալուծեցին ամէն աշխատանք: Անգործութիւնը համատարած դարձաւ եւ շուտով, նոյնիսկ կրակի դադրեցումէն ետք, պատերազմին հետեւանքները աւելի զգալի պիտի դառնան: Անգործութիւնը եւ առեւտրական մարզին անդամալուծութիւնը, ինչպէս նաեւ դպրոցական յառաջիկայ վերամուտը լուրջ մտահոգութիւններ կը պատճառեն մեզի: Չենք ուզեր մեր ընտանիքներէն ոեւէ մէկը հացի կարօտ ձգել, ոեւէ հիւանդ՝ դեղի, եւ մանաւանդ ոեւէ մանուկ ձգել առանց դպրոցի: Բոլոր աշակերտները պիտի ընդունուին դպրոց հակառակ իրենց ընտանիքներու շատ համեստ պայմաններուն: Կարելի չէ զանոնք փողոցը ձգել, թափառական կամ չարագործութեան զոհ: Անոնք մեր համայնքին ապագան են:

Վստահ ենք որ տեղեակ էք նաեւ մարդասիրական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու միջազգային զօրաշարժին հոգալու համար ժամանակաւոր պատսպարաններու մէջ հիւրընկալուած աւելի քան 800.000 տեղափոխուածներու անմիջական կարիքները, մինչ ասոնց թիւը կ՛աւելնայ օրէ օր: Ինչպէս կը տեսնուի, նոյնիսկ խաղաղութեան վերահաստատումէն ետք, զոր կը մաղթենք որ չուշանայ, պարտադիր անգործութեան եւ յարաճուն աղքատութեան առաջնորդող մարդկային այս ողբերգութեան հետեւանքները երկար ժամանակ ծանրօրէն պիտի ճնշեն համեստ ընտանիքներուն վրայ:

Մօտաւոր ապագայի այս տխուր պատկերը կը պարտաւորեցնէ Մեզ կանխատեսելու այն միջոցառումները որոնք անհրաժեշտ են նուազ ծանր դարձնելու համար Մեր համայնքի ընտանիքներու անդամներուն մտահոգիչ եւ անտանելի կացութիւնը: Այս նպատակով, որոշեցինք հաստատել համայնքային սնտուկ մը դրամատնային հաշիւով մը: Այս հաշիւը բացուեցաւ՝ Banque Nationale de Paris Intercontinentale - branche Dora-Beyrouth-Liban դրամատան մէջ Patriarcat Armռnien Catholique - rubrique "familles sinistrռes" N. 09360 651839 001 54 - Swift code BNPILBBX- անուան եւ թիւին տակ: Այս սնտուկին յանձանձումը պիտի կատարուի յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ Պատրիարքարանի հսկողութեան տակ:

Յառաջիկայ ամիսներուն, միայն իրենց ամէնօրեայ ապրուստը ճարելու մասին մտածելու ստիպողութեան տակ գտնուող համեստ ընտանիքները պիտի չկարենան անշուշտ նուազա•ոյն չափով ան•ամ հո•ալ իրենց զաւակներուն դպրոցական ծախսերը: Մեր զոյ• կրթական հաստատութիւններուն՝ Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան եւ Զալքայի Հարպոյեան վարժարաններու տնօրէններուն հետ խորհրդակցելէ ետք, ի յայտ եկաւ որ 6 ամսուան ժամանակաշրջանի մը համար կարիքը կայ 540000 ամերիկեան տոլարի՝ ամէն ամիս 50000 ամ. տոլար Մեսրոպեան Վարժարանին եւ 30000 ամ.տոլար ալ Հարպոյեան վարժարանին՝ որպէսզի 2006ի Հոկտեմբերի վերամուտին կարենան ընդունիլ մեր բոլոր աշակերտները, ինչպէս նաեւ 10000 ամ. տոլար ալ հո•ալու համար չքաւոր ընտանիքներուն սննդանիւթի, դեղօրայքի եւ այլ ստիպողական կարիքներ:

Գիտենք թէ Նախախնամութիւնը Մեզ պիտի չլքէ եւ թերեւս Տէրը կը հրաւիրէ ձեզ, նաեւ ուրիշ վեհանձն անձերու հետ, մասամբ մեղմացնելու մեզի պարտադրուած այս մեծ չարիքը: Ահ՛ա թէ ինչու կը դիմենք ձեր առատաձեռնութեան:

Այս ուղղութեամբ ձեր աջակցութիւնն ու գործակցութիւնը կենսական նկատելով, յանուն աղիտահար ընտանիքներուն, Իմ երախտա•իտութեանս հետ, ձեր վրայ կը հայցեմ երկնային օրհնութիւնները:


Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Յ.Գ.- Ձեր նուիրատուութիւնը կրնայ փոխանցուիլ ի հարկին բազմաթիւ մասնավճարներով, ձեր կողմէ յարմար նկատուած ձեւով:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ