Չորեքշաբթի, 13 Մայիս 2009 - Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Ընդունեց Աւստրիոյ Քարիթասի Տնօրէնը

 
Լիբանան

Չորեքշաբթի 13 Մայիս 2009-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն ներս ընդունեց Աւստրիոյ Քարիթասի տնօրէն՝ Ֆրանզ Քիւպէրլ եւ ընդհանուր քարտուղար՝ ՔրիսթօՖ Շվայ‎Ֆր: 
Սոյն հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Քարիթասի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ ԹուՖիք Արիս եւ Ս. Կուսին Աւետման ժողովրդապետ եւ Քարիթասի Ժէյթաուի մասնաճիւղի հոգեւոր վարիչ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Քարիթաս Արմենիայի բարեսիրական գործունէութեան մասին Հայաստանի մէջ եւ Աւստրիոյ Քարիթասի օժանդակութեան մասին ի նպաստ Հայաստանի կարիքաւորներուն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ