Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2009 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Ընդունեց Ճէյսըն Քէնին

Լիբանան

 
Կիրակի 17 Մայիս 2009-ին երեկոյեան ժամը 6:00ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանէն ներս ընդունեց Գանատայի քաղաքացիութեան եւ բազմամշակոյթի նախարար՝ Ճէյսըն Քէնին: Նախարանին կ’ընկերակցէին Լիբանաի մէջ Գանատայի դեսպան՝ Լուի տը Լորիմիէ, վիզայի եւ գաղթականութեան բաժնի տնօրէնը եւ Գանատայէն ժամանած պատասխանատու անձնաւորութիւններ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:

Ունենալով սերտ յարաբերութիւններ Լիբանանէն գաղթած Գանատահայերու հետ,  զրոյցի ընթացքին նախարարը բարձր •նահատանքով արտայայտուեցաւ անոնց մասին, իբրեւ արդիւնաւէտ ներդրում ունեցող ժողովուրդ Գանատայի մէջ, միաժամանակ կառչած մնալով իրենց մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն սակայն միշտ յարմարելով միջավայրի պայմաններուն:

Հանդիպման աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նախարարին մաղթեց յաջողութիւն եւ անոր նուիրեց Ֆրանսերէն լեզուի թարգմանուած Նարեկացիի Մատեան Ողբերգութիւնը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ