Երկուշաբթի, 5 Մարտ 2012 - Վարդանանց տօնակատարութիւն Հայ կաթողիկէ միութեան կազմակերպութեամբ Դամասկոսի մէջ


 
Դամասկոս

Կիրակի, 26 փետրուար 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին,  Դամասկոսի հայ կաթողիկէ Ամինեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնին նշումը, կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Միութեան եւ հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ առաջնորդ արհիապատիւ Յովսէփ եպս. Առնաութեանի։ Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանն ու իր ազնիւ կողակիցը, գերապատիւ հայր Գէորգ վրդ Պահէեան, Անարատ Յղութեան առաքինազարդ քոյրերը, արժանապատիւ տէր Աբգար քհնյ. Գահքէճեանը, դամասկոսահայ միութիւններու պատուարժան ներկայացուցիչներ ու մեծ թիւով հայորդիներ։

Հանդիսութիւնը բացման խօսքը փոխանցեց ՀԿՄ-ի խորհուրդի անդամներէն Վարդան Տէիրմենճեան, որ հաստատեց «թէ դարերու խորքէն եկող Վարդան Մամիկոնեանի օրինակը, հայրենիքի ու քրիստոնէութեան համար կեանքը նուիրաբերելելու արարքը, անժամանցելի պատգամ մըն է բոլոր հայերուս, ուր որ ալ գտնուինք ու այսօր ալ մեզ կը մղէ ապրելու մեր հայութիւնը գործով ոչ խօսքով, յաղթանակելու կամքով ու չսակարակելով ոչ մէկ արժէք»։ Ան ըսաւ թէ  «ամէն սուրիացի մեծ ցաւ կը զգայ եւ մտահոգ է երկրի մէջ տիրող տագնապին պատճառաւ, յայտնելով որ այս վիճակը միմիայն կը նպաստէ երկրի թշնամիներու,  մաղթելով որ կարելի ըլլայ տարակարծութիւնները լուծել երկխօսութեամբ, նկատի առնելով տեղի ունեցող բարեփոխութիւնները, որպէսզի Սուրիան մնայ իր բոլոր զաւակներուն հայրենիքը ուր ապրած են ու պիտի ապրին դարեր շարունակ»։

Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագրին ելոյթ ունեցան Անարատ Յղութեան քոյրերու «Ծաղկանց» մանկապարտէզի աշակերտները, ՀԿՄ-ի ջահակիրներն ու պատանիները, որոնք ասմունք եւ 3 խմբերգներ կատարեցին՝ «Հայ Ֆիտայիներ», «Իմ Երեւան» եւ «Ղարաբաղցին»։ ղեկավարութեամբ՝ ընկ. Քրիսդինա Տաղլեանի։ Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան նաեւ ասմունքով եւ երգով հայ կաթողիկէ «Լոյս» ճեմարանի միջնակարգ դասարաններու աշակերտներ։ ՀԿՄ-ի երիտասարդներ՝ Ժանօ Թումա (հարուածային գործիք), Սարօ Սուվալեան (Կիթառ) նաեւ ընկերակցութեամբ Շանթ Քէշիշեանի (դաշնամուր) Ֆրանսուա Իսքենտէրեանի կատարեցին «Անուշ Հայրենիք» երգը։

Հանդիսութեան բանախօսեց հայր Գէորգ վրդ. Պահէեան, որ նշեց թէ Վարդանանց հերոսամարտի արժէքը ըմբռնած են միմիայն հայերը, իսկ այլազգի պատմաբաններ, ու քաղաքական դէմքեր չեն կրցած հասկնալ Աւարայրի հերոսամարտի արժէքն ու նուաճումը, որովհետեւ ըսաւ ան, սովորաբար, ազգերը կը յիշատակեն պատմութեան այն դէպքերը ուր յաղթանակներ արձանագրուած են, սակայն այս պարագային Վարդանանք պատերազմի դաշտ իջան 60000 զինուորներով 300000 պարսիկի դիմաց եւ այդ պատերազմէն դուրս ելան պարտուած։ Հայերը, ըսաւ Հայր Գէորգ, կը նշեն այսօր Վարդանանց տօնը, որովհետեւ ան եկաւ պսակելու երկու կարեւոր պատմական դէպքեր, հայոց քրիստոնէացումն ու հայ գիրերու գիւտը, ամբողջացնելով հայու ազգային գիտակցութիւնը։
Վարդապետը յայտնեց թէ այս 3 կարեւոր դէպքերը կը նկատէ հայութեան համար 3 մկրտութիւններ։ Ան նաեւ հաստատեց թէ այսօր Վարդանանցը կը գրաւէ հայութեան սրտերը քանի ան հաւատքի պաշտպանութեան պատերազմ էր եւ ոչ հաւատքի պարտադրութեան։ Իր խօսքին մէջ ան վեր առաւ Վարդանանց հերոսամարտն ու նահատակութիւնը որպէս հայութիւնը ներշնչող իրադարձութիւն, որպէս կոչ միասնականութեան։ Այսօր ըսաւ Վարդապետը մեր թշնամին տեսանելի չէ։ Մենք դարձած ենք մեր իսկ թշնամին մեր անմիաբանութեամբ եւ եթէ այդպէս շարունակուի մենք պիտի կորսնցնենք մեր արդար իրավունքները, մեր հայ դատը մեր նահատակներուն յիշատակը։ Ուրեմն նշեց Վարդապետը պէտք է աշխատիլ միասնականութեան համար ու մեր փոքրիկներուն սորվեցնել մեր լեզուն, մշակոյթը ու պահանջատիրութիւնը։ Ան իր խօսքը փակեց կոչ ուղղելով երիտասարդներուն, խօսքը փոխելու գործի, արթուն պահակները ըլլալու մեր մշակոյթին, մեր եկեղեցիին, մեր հայատրոփ միջավայրին, վստահեցնելով թէ մենք կ՝երդնունք մեր նահատակներուն  յիշատակին առաջ պահպանելու Վարդանի պատգամը, պահանջատէր ըլլալու, սիրելու մեր մայր հայրենիքը՝ Հայաստան։
Հանդէսին գեղարուեստական վերջին բաժնով ելոյթ ունեցաւ ՀԿՄ «Քնար» երգչախումբը, որ այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 50 ամեակը։
 
Աւարտին գերապայծառ տէրը տուաւ իր պատգամը այս առիթով, նշելով թէ հայ ազգը այսօր պէտք ունի նոր զարթօնքի մը տէր ըլլալու  Վարդանանց պատգամին, որպէսզի չկորսնցնենք մեր հաւատքը, չպարպուին մեր եկեղեցիները ու չի մոռնանք մեր լեզուն ու մշակոյթը։ ՀԿՄ-ի ատենապետ Պրն. Սարգիս Քէշիշեան հանդիսութեան աւարտին յուշատախտակ մը յանձնեց օրուայ բանախօս՝ հայր Գէորգին առ ի երախտագիտութիւն եւ գնահատանք իր կուռ բանախօսութեան։ Ապա ըստ աւանդութեան, ձեռնարկը վերջ գտաւ Մայր հայրենիքի օրհներգով, զոր կատարեց «Քնար» երգչախումբը։
             

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ