Երկուշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2012 - Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի մասնակիցներու յայտարարութիւնը

 

Երեւան

Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագրով Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի 3-րդ օրին Աղավնաձորի մէջ շարունակուեցան զեկուցումները: Քննարկումներէն, հարց ու պատասխանէն յետոյ համաժողովի մասնակիցները հանդէս եկան յայտարարութեամբ:

Կարեւորելով հայկական լրատուամիջոցներու եւ յատկապէս օտարալեզու մամուլի մէջ գործող հայ լրագրողներու վճռական, ազդեցիկ եւ մասնագիտական դերը Հայոց ցեղասպանութեան, արդարութեան վերականգնման, Հայ Դատի հիմնախնդիրները  ներկայացնելու, միջազգային ատեաններ հասցնելու եւ տարբեր երկիրներու պետական, հասարակական, կարծիքի ձեւաւորման գործին մէջ, մասնակիցները յայտարարեցին, որ համաժողովի ընթացքին ներկայացուած Ցեղասպանութեանը նուիրուած մասնագիտական 3 տասնեակէ աւելի զեկուցումները, անոնց քննարկումները եւ մտքերու փոխանակութիւնը հերթական անգամ հաստատեցին Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան և Սփիւռքի հայ լրագրողներու հետզհետէ աշխոյժ համագործակցութիւնը՝ ի շահ համազգային հիմնախնդիրներու լուծման եւ ի շահ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման:

Յայտարարութեան մէջ հայկական լրագրողական համայնքի անդամները կը դիմեն միջազգային հանրութեան եւ այն պետություններու իշխանութիւններուն, որոնք չեն ճանչնար Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, թոթափել անտարբերութիւնը՝ չմոռանալով, որ միայն այդ ախտանիշն է բոլոր կործանումներու եւ չարիքներու հիմքը: ճանչնալ եւ դատապարտել 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը նշանակէ մարդկութիւնը հեռու պահել յետագայ չարիքներէն, ցեղասպանութիւններէն: Իրենց յայտարարութեամբ մասնակիցները կը պահանջեն Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ընդունին եւ յատուցեն Օսմանեան Թուրքիայի մէջ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ տարբեր ժամանակներուն հայ ժողովուրդի նկատմամբ գործած յանցանքները: Մասնակիցները վստահութիւն կը յայտնեն, որ Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն Սուրբ նահատակի յիշատակին յառաջիկային կը ծնին նոյնքան հայ մանուկներ, կոչ ուղղեց 100 հազար ծպտեալ կրօնափոխ հայերուն վերադառնալ իրենց հայկական ինքնութեանն ու արմատներուն:

Միաժամանակ գիտակցելով Ցեղասպանութեան հետեւանքով բռնագաղթուած վերապրողներու ժառանգորդները առաջինն ընդունող Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայիս տագնապալի վիճակը, համաժողովի մասնակիցները իրենց անվերապահ եւ լրիւ աջակցութիւնը յայտնեցին անոնց:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ