Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2015 - Լուրեր հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակէն

 

Պէյրութ​

Պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակը կը տեղեկացնէ թէ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի վերադառնայ իր նստավայրը 7 մարտ 2015-ին երեկոյեան: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր Հռոմ կեցութեան ընթացքին անցեալ օրերուն նախագահեց Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսի գումարած յատուկ նիստերուն, որոնց ընթացքին նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին «վարդապետ» հռչակուիլը եւ ընդհանրապէս Հայ Կաթողոկէ Եկեղեցւոյ իրավիճակը այսօր:

Հայ կաթողոկէ Պատրիարքարանը երկուշաբթի 9 մարտին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու ժողովին, յատուկ հանդիսութեամբ պիտի յիշատակէ Մեծ Եղեռնի 100 ամեակը, որուն ընթացքին խօսք պիտի առնեն Լիբանանի հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ եւ նախկին վարչապետ Միշէլ Աուն: Հանդիսութիւնը պիտի փակուի կարդ. Պշարա Ալ Րաի պատրիարքին խօսքով եւ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի աղօթքով:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ