Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2011 - Վարդանանց յիշատակի պատարագ Հալէպի սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ

 

Հալէպ

 

Հերոսականութեան եւ հայրենիքի համար ճակատագրական պահուն ազգովին համախմբուելու խորհրդանիշ դարձած ենՎարդանանք եւԱւարայր բառերը:

Վարդանանց տօնին պատարագ կը մատուցուի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, այդ թուին Հալէպի սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, հինգշաբթի 3 մարտ 2011-ի առաւօտեան ոգեկոչուեցաւ Վարդանանց նահատակներու յիշատակը:

Պատարագեց եւ քարոզեց Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեան,  առընթերակայ վարդապետներն էին` հայր Յովսէփ վրդ. Պէզէզեան եւ հայր Եղիշէ վրդ. Ճանճին, սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ալեմշահ  երգչախումբին երգեցողութեամբ ղեկավարութեամբ` տիկ. Մարգարիտ Խաչատրեան-Պանտակի:

Գերապայծառ հայրը իր քարոզին մէջ նշեց թէ ինչո՞ւ մայիսի փոխարէն հայ Եկեղեցին Վարդանանցը կը յիշատակենք փետրուարին ըսելով. “Աւարայրի ճակատամարտը տեղի ունեցաւ 451-ի մայիսի 26-ին: Հայոց Եկեղեցին սակայն, ամէն տարի Վարդանանց տօնը կը նշէ ոչ թէ մայիսին, այլ մեծ պահքին նախորդող հինգշաբթի օրը:

Վարդանանց տօնը հոգեւոր ներգին խորհուրդով կապուած է սկսուող պահքի հետ` Վարդանանք աներկիւղ գացին թշնամիին ընդառաջ եւ իրենք զիրենք զոհեցին յանուն հաաւատի եւ հայրենեաց:

Մեծ պահքը եւս անձնազոհութիւն կը պահանջէ, որու համար հարկաւոր են հաւատքը, զօրեղ ոգի եւ ուժեղ կամք:

Ահա թէ ինչու մայիսի փոխարէն կը նշուի մեծ պահքէն առաջ, որպէսզի Վարդանանց ոգիով զօրացած` կարողանանք պահքի զրկանքները կրելով հասնիլ մինչեւ Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը` Զատիկը:

Եւ աւելցուցՎարդանանց տօնը շարժական է կը նշուի յունուարի 29-էն մինչեւ մարտի 4-ը ինկած ժամանակահատուածը”:

Այնուհետեւ գերապայծառ տէրը խորհրդածութիւններ կատարեցԱմէն Տարի երբ կը նշենք Վարդանանց յիշատակը միտքս բազմաթիւ խորհրդածութիւններ կու գան. որ էԽորհուրդ Մեծ եւ պանծալի:

Այս տարի կուզեմ այդ խորհրդածութիւնները 3 կէտերու մէջ ամփոփել՝

1- Վարդանանք նահատակուեցան վասն կրօնի եւ հայրենեաց, վասն Քրիստոսի եւ ազգի: Հաւատք եւ ազգասիրութիւն այս երկու ճշմարտութիւնները մեր ժողովուրդի մէջ կապուած են միմեանց, ինչպէս կըսէ Մխիթար ՍեբաստացինԻմ կրօնս չեմ զոհեր ազգիս համար եւ ոչ ալ ազգս` կրօնիս մեր ժողովուրդը, միշտ մէկ ձեռքին կրած է խաչը, միւսին` սուրը:

Մայրեր ձեզմէ կը պահանջուի դաստիարակել ձեր զաւակները, Վարդանանց խորհուրդին:

2- Վարդանանց պատերազմէն ի վեր մենք հայերս սորվեցանք նահատակութեան իմաստը, սկսեալ Հռիփսիմեանց էն, Գրիգոր Լուսաւորիչ էն եւ այլ, սակայն մէկ տարբերութեամբ, որ անոնք առանձին իրենց նահատակութիւնը պսակեցին մինչդեռ Վարդանանք զանգուածային մաշտապով, ժողովուրդի բոլոր խաւերը անխտիր նահատակուեցան, փոքրեր, կանայք փափկասունք... միայն զօրավարները 1036 հոգի էին:

3- Կը հաւատանք Վարդանանց սրբութեան, ինչպէս կըսէ ՔրիստոսՉկայ աւելի մեծ սէր, քան մարդս զոհէ ինքն իր կեանքը յանուն Քրիստոսի եւ այլոց եւ նահատակութենէն աւելի բարձր սրբութիւն չկայ որուն արժանացան Վարդանանք: Ահա թէ ինչու իրենց բարեխօսութեանը կը դիմենք”:

Գերապայծառ հայրը իր խօսքը յորդորով մը եզրափակեցԵկէ՛ք հաւատարիմ մնանք Վարդանանց խորհուրդին, վերանորոգենք մեր ուխտը, որ ի հարկին պատրաստ ըլլանք մեր կեանքը զոհելու յանուն հայրենեաց եւ Քրիստոսի, որովհետեւ իսկական կեանքը այն կեանքէն վերջն է որ կը սկսի յետ մահու”:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ