Երեքշաբթի, 9 Յունիս 2015 - Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Միքայէլ Չարչֆլեանի

 

 

Ֆիլատելֆիա

Կիրակի, 07 յունիս 2015ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ֆիլատելֆիոյ «Սուրբ Մարկոս» եկեղեցւոյ մէջ,  արհիապատիւ Հայր Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեան՝ հայրապետական սուրբ Պատարագի ընթացքին կատարեց  Միքայէլ կիս. Չարչֆլեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը՝ ժողովրդապետութեան հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան եւ մասնակցութեամբ ձեռնադրեալի ծնողքին եւ բարեկամներուն, որոնք այս ուրախալի առիթով ժամանած էին Պոսթոնէն, Նիւ Ճըրսիէն եւ Մոնթրէալէն։

Արհիապատիւ առաջնորդ հայրը իր պատգամին մէջ խնդրելէ ետք հաւատացեալներէն որ աղօթեն նոր ձեռնադրեալ սարկաւագին կոչման հաստատութեան եւ անոր առաքելութեան յաջողութեան համար, շնորհաւորեց անոր ծնողները իրենց ջամբած քրիստոնէական եւ ազգային  դաստիարակութեան համար եւ խրախուսեց նոր ձեռնադրեալը որ միշտ յիշէ թէ՝ սարկաւագութեան աստիճանը ստանալով, ինք կոչոած է աղօթքի եւ ծառայութեան կեանքով ըլլալու Քրիստոսը քարոզող առաքեալ մը՝ հետեւելով սուրբ Ստեփանոս նախավկային եւ առաջին սարկաւագի օրինակին։

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, արհիապատիւ առաջնորդ հայրը եւ Միքայէլ սարկաւագն ու ծնողքը եկեղեցւոյ սրահին մէջ ընդունեցին շնորհաւորութիւնները:

 

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ