Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2006 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Ընդունեց Քրիստոնեայ Լիկաներու Խորհուրդին Անդամները



Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2006-ին ընդունեց Լիբանանի քրիստոնեայ լիկաներու ներկայացուցիչներու Խորհուրդի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին տիարք Հապիպ ֆրեմ (ասորի օրթոտոքս), Մարուն Պու Ռըժէյլէ (յոյն կաթողիկէ), Դոկտ. Ժան Սալմանեան (հայ առաքելական), Ապպուտ Պօղոս (հայ կաթողիկէ), Ժորժ Սըմաան (քաղթէացի), ֆարէս Տաղեր (աւետարանական), Ժորժ Զուտօ (հին ասորի), Փիէր Քըրնապի (ասորի կոթողիկէ) եւ Էտուար Պիպաուի (ղպտի օրթոտոքս):

Պատուիրակութեան անդամները Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ տեղեկացուցին Խորհուրդի գործունէութեան մասին: Ապա խօսակցութիւնը շօշափեց երկրին կացութիւնը ընդհանուր առմամբ: Ամեն. Հոգեւոր Տէրը շեշտեց ժողովուրդը տագնապեցնող ընկերային եւ տնտեսական խնդիրներուն լուծումներ տալու առաջնահերթութիւնը, նկատելով որ այս խնդիրները երիտասարդութեան արտագաղթին գլխաւոր պատճառներէն մէկն է: Վերջապէս, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը կարեւորեց քրիստոնէական միասնականութեան ոգիով առաջնորդուելու պայմանը բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ