Չորեքշաբթի, 18 Օգոստոս 2010 - Հ.Կ.Մ. Աշրաֆիէ-Դամասկոս Պատանեկան միացեալ բանակում Զմմառու մէջ


Զմմառ, Լիբանան

Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի 25-ամեակին առթիւ, Աշրաֆիէի եւ Դամասկոսի մասնաճիւղները առաջին անգամ ըլլալով միացեալ բանակում մը կազմակերպեցին համախմբելով Պէյրութի եւ Դամասկոսի քոյր միաւորները:
Բանակումը տեղի ունեցաւ 31 յուլիսէն մինչեւ 9 օգոստոս Զմմառու մէջ: 10 օրեր շարունակ, պատանիները ընկերային մթնոլորտի մէջ ապրեցան, երկու հոգեւոր վարիչներու մասնակցութեամբ, Աշրաֆիէյէն՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Դամասկոսէն՝ հայր Գեւորգ վրդ. Պահէ: 
Յայտագիրը ընդգրկեց հոգեւոր դասախօսութիւններ, քայլարշաւ դէպի Րաաշին մօտակայ գիւղը, վանքի հնադարեան թանգարանի այցելութիւն. ինչպէս նաեւ վերջին օրը տեղի ունեցաւ խարոյկահանդէս, որուն մասնակցեցան Աշրաֆիէյէն եւ Դամասկոսէն ժամանած ծնողքներ, պատասխանատուներ, նախկին հրամանատարներ ու Հ.Կ.Մ.ականեր եւ Զմմառու վանքի վարչութիւնը գլխաւորութեամբ մեծաւոր հօր:
Յիշենք, որ բանակավայր այցելեց Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի հիմնադիր եւ նախկին հոգեւոր վարիչ՝ հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան, որ բարձր գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը համախմբելով Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի քոյր մասնաճիւղներ:

     


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ