Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2011 - Միջազգային միջկրօնական հանդիպում Միւնիխի մէջ


Միւնիխ
 
11-էն 13 Սեպտեմբեր 2011, Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Վիճակուած են ապրելու միասին. կրօններ եւ մշակոյթներ երկխօսութեան մէջ» խորագրով միջազգային հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան մօտ 300 կրօնական առաջնորդներ, «Sant’Egidio» համայնքի եւ Միւնիխի արքեպիսկոպոս՝ կարդինալ Մարքսի հրաւէրով։ 
Այս միջազգային միջկրօնական հանդիպման աւարտին հրապարակուեցաւ «Համաշխարհայնացումը, որ մեծ աղբիւր է, կարիքը ունի գտնելու հոգին» խորագրով հաղորդագրութիւնը, զոր ստորագրեցին մասնակցող հոգեւոր առաջնորդները։ Անոնք կը յայտնեն, որ «եսասիրութիւնը կ՛ուղղէ մահուան քաղաքակրթութեան, մեծ թիւով զոհեր տալով»։ Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղեն «համաշխարհայնացնելու արդարութիւնը», որդեգրելու երկխօսութիւնը որպէս «ամենախելացի եւ ամենախաղաղ զէնքը», որ կարելի է հակադրել բռնատիրական ուժերուն, ատելութեան ու չարագործութիւններուն։ Անոնք կը յորդորեն վերստին դիմագրաւել խաղաղութեան խնդիրը իր բոլոր չափանիշներով, մեկնելով «միասնաբար ապրելու մշակոյթի» համընդհանուր պատասխանատուութենէն։
Յաջորդ միջազգային հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Սարայեվոյի մէջ (Պոսնիա-Հերզեկովինա), 2012-ին։


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ