Sermons Sermons
Շաբաթ, 2 Յունիս 2007 - Հայրապետական Քարոզ Մայիս Ամսուան Վերջին Օրուայ Առիթով

 

Պէյրութ, Լիբանան

Հինգշաբթի, 31 Մայիս 2007ին, Մարիամեան ամսուայ վերջին օրուայ առիթով Հայ Կաթողիկէ Աւետման Եկեղեցւոյ մէջ՝ Աշրաֆիէ տեղի ունեցաւ Ս.Պատարագ որուն ընթացքին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը  փոխացեց հետեւեալ պատգամը.-

 
Մայիս ամսուայ փակումը - Ս. Աւետման Եկեղեցի - 31.5.07
 

Յոյժ Սիրելի Աստուածամօր բարեպաշտ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Մայիս ամսուայ ընթացքին ամէն օր Սուրբ Վարդարանը եւ Աստուածամօր երգերը աղօթեցինք յատուկ ջերմեռանդութեամբ մեր երկնային Մօր: Ինչ՞ու համար. որովհետեւ անոր մայրական հովանին միշտ օգնած է մեզի եւ մեր ընտանիքներուն:
Պարզ եւ անոյշ աղօթք մըն է Ս. Վարդարանը, այնքան պարզ որ ամէն մարդ կրնայ զայն աղօթել՝ պզտիկ թէ մեծ, հիւանդ թէ առողջ, զարգացած թէ անուս մարդը: Ս. Վարդարանը կ՛աղօթեն ոչ միայն մամիկները կամ գործ չ՛ունեցող անձերը, ինչպէս կ՛ըսեն, այլ նաեւ զբաղած ու կարեւոր մարդիկ, օրինակ՝ Երանելի Յովհաննէս Քսաներեքերորդ Սրբ. Քահանայապետը օրական երեք վարդարան կ’աղօթէր: Սիրելիներս, տարածեցէք վարդարանի աղօթքը:
Կարելի է ըսել թէ Ս. Վարդարանը քրիստոնեաներուն ամէնէն սիրուած աղօթքն է: Անով՝ հաւատացեալը ինքզինք կը յանձնէ իր երկնաւոր Մօր, որ իր կարգին լաւագոյն բարեխօսն է իրեն համար Յիսուսին մօտ:
Սիրելիներս, Ս. Վարդարանը պարտի ըլլալ մեր ընտանիքներուն ամենօրեայ աղօթքը, որպէսզի մեր մանուկները, պզտիկ հասակէն իսկ, ունենան բարեպաշտութիւն Ս. Կոյս Մարիամին հանդէպ: Այս ձեւով ընտանիքի անդամները միացած կը մնան եւ ընտանիքը կը դառնայ սիրոյ ու աղօթքի վայր ու դպրոց: Ի՜նչ գեղեցիկ բան է՝ ընտանիք մը որ կ’աղօթէ սրբուհի Թերեզայի ընտանիքին նման:
Ս. Վարդարան աղօթողը աւելի լաւ կը հասկնայ Յիսուսի եւ Ս. Կոյսի կեանքը: Բայց այդ կը պահանջէ ամփոփ խորհրդածութիւն: Առանց անոր, Վարդարանը կը նմանի մարմինի մը առանց հոգիի եւ կը դառնայ մեքենական կրկնութիւն, որմէ Յիսուս անգամ մեզ կը զգուշացնէ, երբ կ՛ըսէ.  «երբ աղօթէք, շատախօս մի՛ ըլլաք նման հեթանոսներուն: Անոնք կը համարին թէ՝ շատախօսութեամբ լսելի պիտի ըլլան» (Մտթ. 6, 7): Ս. Վարդարանի աղօթքը կը պահանջէ ուրեմն հանդարտ մթնոլորտ մը, որ առիթ տայ խորհրդածելու ամէն մէկ տունին մասին:
Մեր բարեպաշտութիւնը հանդէպ Սուրբ Կոյսին պարտի հիմնուիլ ոչ զգացումներու վրայ այլ հաւատքի վրայ: Այս իմաստով, Աստուածամայրը լաւագոյն օրինակն է մեզի, որովհետեւ ան գիտցաւ
 
Աստուծոյ կամքը միշտ ընդունիլ ու կատարել՝ ծանր փորձութիւններու ենթարկուելու ատեն իսկ: Եւ անոր վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ անխախտ մնաց միշտ: Մարիամ Սուրբ Կոյսը, որ
բնաւ Սատանայէն չէ խաբուած իր կեանքին ընթացքին, օրինակ է մեզի համար: Ան՝ ոչ միայն կ՛առաջնորդէ մեզի իր բարի օրինակով, այլեւ՝ մեզի յոյս կը ներշնչէ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, որպէսզի բնաւ չյուսահատինք պայքարի ատեն, նոյնիսկ երբ ան սաստիկ դառնայ:
Օր մը, վարդապետ մը, դիւահարի մը մօտ կանչուած, կը հարցնէ սատանային. «Ո՞վ է ձեր ամենամեծ թշնամին»: «Մարիամ Ս. Կոյսը կը պատասխանէ սատանան, որովհետեւ ամէն անգամ որ մէկը ուզենք մեր ետեւէն դժոխք քաշել, Սուրբ Կոյսը կը հասնի եւ մեր ձեռքէն կը յափշտակէ մեղաւորը եւ երկինք կը տանի»: Այո՛, Աստուածամայրը սատանաներուն ամենազօրաւոր թշնամին է:
Ոմանք սակայն կ՛առարկեն թէ՝ Ս. Վարդարանը մանկական աղօթք մըն է եւ չի վայելեր հասուն մարդոց համար: Ուրիշներ կը նկատեն զայն որպէս միօրինակ նոյն աղօթքի կրկնութիւնը, որ ցրուումի կը տանի:
Եթէ այս հարցին իրատես կերպով մօտենանք, պիտի նշմարենք թէ՝ Ս. Վարդարանէն հեռանալու պատճառը ընդհանրապէս աղօթքի տագնապն է: Իսկ աղօթքի տագնապը հաւատքի պակասէն յառաջ կու գայ: Որովհետեւ, մարդիկ այնքան գործի եւ դրամի ետեւէն են, որ իրենց հոգիին նկատմամբ շատ քիչ հոգ կը տանին: Ամէն կողմէ եկած աղմուկն ալ ամփոփումի չ՛օգներ: Ուրիշներ դժուարաւ ժամանակ կը գտնեն աղօթելու, ի բաց առեալ ծանր հիւանդութեան կամ վտանգի պարագային, ինչպէս գիտէք: Մտաւորական մը կ՛ըսէ՝ «եթէ այսօր աշխարհը ծուռ կը դառնայ, պատճառը այն է որ աշխարհի վրայ աւելի պայքար կայ քան աղօթք»:
Օր մը, շոգեկառքով կը ճամբորդէի: Դիմացս նստած էր տիկին մը որ կը գրկէր իր մանուկը: Պզտիկը հանդարտ էր: Շարունակ մամային կ՛ըսէր՝ մամա՛յ, ան ալ ամէն անգամ կը պատասխանէր՝
 
հոգի՛ս: Կէս ժամէն աւելի տեւեց այս խօսակցութիւնը առանց ուրիշ խօսք գործածելու մամայ եւ հոգիս բառերէն զատ: Մաման ուրախ էր եւ մանուկը երջանիկ կ՛երեւար՝ փաթթուած մօրը
 
ձեռքերուն մէջ: Այս տեսարանը ինծի հասկցուց թէ երբ սէր կայ, շատ բառեր գործածելու պէտք չկայ: Գործածուած այս երկու բառերը մամայ եւ հոգիս բաւարար էին խաղաղութիւն եւ վստահութիւն սփռելու մանուկին եւ մամային սրտին մէջ: Հաւատացէք, նոյնն է վարդարանի աղօթքին պարագան:
Աղօթողը գովասանք չի փնտռեր փարիսեցիին նման, այլ կը նախընտրէ մանուկի նմանիլ վայելելու համար Աստուածամօր մայրական գուրգուրանքը: Սաղմոսեր•ուն նոյն իմաստով կ՛  արտայայտուի, երբ կ՛ըսէ.
«Հոգիս խաղաղ է,  ես կը պահեմ զայն լուռ:
Կաթէն կտրուած մանուկին պէս, մօր կուրծքին վրայ,
այնպէս հոգիս խաղաղ է մէջս» (131,2):
Այս է իսկական աղօթասէրին հոգեվիճակը: Մանուկը դժուարութիւն չ՛ունի մօրը յաճախ մօտենալու ու անկէ բան մը ուզելու եւ կամ անոր ամէն բան պատմելու: Ս. Վարդարանը, իր պարզութեամբ, կ՛օգնէ մեզի հոգեպէս մանուկ դառնալու, եւ անկէ ամօթի զգացում չ’ունինք: Արդարեւ, Յիսուս կ՛ըսէ «ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, եթէ չփոխուիք եւ չ’ըլլաք նման մանուկներու, պիտի չմտնէք Երկնքի Արքայութեան մէջ» (Մտթ. 18, 3): Քանիներ Ս. Վարդարանը աղօթելով սրբութեան հասան: Սիրելիներ, եղէ՛ք Ս. Վարդարանի առաքեալներ:
Աղօթե՛նք Աստուածամօր՝ թագուհի ընտանիքներուն, որպէսզի խաղաղութիւն սփռէ Լիբանանի մէջ, մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր երիտասարդներու եւ մանուկներու սրտին մէջ, եւ որպէսզի ամէնքս մօտեցնէ իր որդիին եւ մեր միակ փրկչին՝ Յիսուսին: Աղօթ՛ենք ուրեմն Ս. Վարդարանը ամէն օր, եւ ոչ միայն Մայիս ամսուայ ընթացքին, այս բոլոր դիտաւորութիւններուն հանար: Ամէն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ