Երեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2011 - Աստուածամօր վերափոխման տօնը Զմմառու մէջ


Զմմառ

Կիրակի 14 Օգոստոս 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Աստուածամօր վերափոխման տօնին առիթով, Զմմառու վանքին շրջափակէն ներս սուրբ Պատարագ մատոյց գերապայծառ Հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան օգնական եպիսկոպոս Լիբանանի թեմին: Յաւուր պատշաճի խօսքին մէջ, ան անդրադարձաւ Աստուածամօր մայրութեան եւ անոր խոնարհութեան ու ծառայութեան հոգիին: Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքը: Ապա հաւատացեալները շնորհաւորեցին պատարագիչ եպիսկոպոսն ու միաբան հայրերը: 

Սուրբ Պատարագի սպասաւորութիւնը կատարեցին Զմմառու վանքի նորընծաները: Իսկ երգեցողութիւնը կատարեց պատրիարքական Կռունկ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ պարոն Էտի Թորիքեանին:

Ժամը 4:00-ին կէսօրէ ետք, տեղի ունեցաւ վարդարանի աղօթքը, ապա Արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան օրհնեց հաւատացեալները Զմմառու Աստուածամօր պատկերով:

Յիշենք նաեւ թէ Շաբաթ, երեկոյեան ժամը 7:00-ին վանքին շրջափակէն ներս դարձեալ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ արաբերէնով, զոր մատոյց հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան՝ տեղապահը Զմմառու միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդի: Ներկայ էին Զմմառու գիւղապետը ինչպէս նաեւ հոծ բազմութիւն մը: Ապա տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքը: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ