Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2013 - Կլոր Սեղան` «Միջին Արեւելքի Հայագաղութներու Ճակատագիրը Այսօր» Նիւթով

Պէյրութ

Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան, ուրբաթ, 26 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան ժամը 8-ին տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը միութեան «Ահրամճեան» կեդրոնի սրահին մէջ, ուր քննարկուեցաւ «Միջին Արեւելքի հայագաղութներու ճակատագիրը այսօր» այժմէական նիւթը:
Ձեռնարկին ներկայ էին միութենական պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ քոյր կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ հայկական հարցերով մտահոգ բազմատասնեակ մտաւորականներ, տնօրէններ, կրթական մշակներ, արուեստագէտներ եւ «Խօսնակ»-ի բարեկամներ:
«Միջին Արեւելքի հայագաղութներու ճակատագիրը այսօր» նիւթի  քննարկման մասնակցելու համար հրաւիրուած էին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան եւ «Էրեբունի» կայքէջի սեփականատէր Ահարոն Շխրտըմեան: Իսկ ձեռնարկին համադրումը կատարեց «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան:

Քայլերգներէն ետք, խմբագրական կազմի անդամ Անժել Միսիսեան կատարեց երեկոյին բացումը եւ կարեւոր նկատեց օրուան նիւթը` անդրադառնալով  անոր այժմէականութեան ու մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ վերջին տարիներուն ծայր առած «Արաբական գարնան»` աւելցնելով, թէ ան աւելի շատ եղաւ տխուր աշուն մը, քան թէ ակնկալուած ու ժողովրդավարութիւն խոստացող յուսացուած գարունը:

Իր բացման խօսքէն ետք Միսիսեան հրաւիրեց կլոր սեղանին մասնակիցները, որպէսզի հերթականօրէն քննարկեն 7 հարցումներէ բաղկացած հրատապ նիւթը, սակայն մինչ այդ, ան առաջարկեց ներկաներուն, որպէսզի դիտեն Հալէպի ՀԲԸ Միութեան Շրջանակային յանձնաժողովին կողմէ պատրաստուած «Վերադարձի՛ր Հալէպ» խորագիրով 8 վայրկեաննոց տեսերիզը:
«Խօսնակ»-ի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան նախքան քննարկումը խնդրեց ներկաներէն, որ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուի թուրքի եաթաղանին զոհ գացած հայութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն պատճառով նահատակուած հայ հայրենակիցներուն յիշատակը: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց պատերազմի ու մանաւանդ քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքը` աւելցնելով, թէ լիբանանցին շատ լա՛ւ գիտէ` թէ ի՛նչ կը նշանակէ պատերազմ, նամանաւանդ քաղաքացիական պատերազմ ու եղբայրասպան կռիւներ:
Դիտելէ եւ ապրելէ ետք տխուր, բայց տպաւորիչ տեսերիզը, սկիզբ առաւ յայտարարուած կլոր սեղանի յայտագիրը: Օրուան երեք մասնակիցները` Շահան Գանտահարեան, Ահարոն Շխրտըմեան եւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան հերթականօրէն պատասխանեցին կատարուած հարցադրումներուն` իւրաքանչիւրը յայտնելով հարցին նկատմամբ իր ունեցած տեսակէտը:
Անոնց յղուեցան հետեւեալ հարցումները.
1.- Վերջին քանի մը տարիներուն ծայր առած «Արաբական գարուն»-ը ինչպիսի՞ ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ հայկական գաղութներու եւ մանաւանդ մեր ապագայ համազգային ծրագիրներուն վրայ:
2.- Միջին Արեւելքի մէջ  կեանքի կոչուած յետեղեռնեան հայագաղութներու կենցաղն ու իրավիճակը (ԼԻԲԱՆԱՆ, ՍՈՒՐԻԱ, ԻՐԱՔ, ԻՐԱՆ, ՅՈՐԴԱՆԱՆ, ԵԳԻՊՏՈՍ) այսօրուան դրութեամբ ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնեն: Կը խորհի՞ք, թէ հորիզոնի վրայ կայ յոյսի նշոյլ` վերադառնալու նախկին իրավիճակին:
3.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք վերեւ նշուած գաղութներէն վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին դէպի Արեւմուտք կատարուած գաղթերը: Ճի՞շդ էին այդ շարժումները, թէ՞ սխալ: Իսկ արդեօք Արեւմուտք հաստատուելով մենք կրնա՞նք պահել մասնաւորաբար լեզու եւ ինքնութիւն` այսօրուան համաշխարհայնացման պայմաններուն մէջ:
4.- Գիտենք, թէ «Արաբական գարուն» կոչուած փոթորիկը, լման երկու տարի հարուածելէ ետք Սուրիան, տակաւին հոն կը տիրէ անորոշութիւն եւ մեր հայահոծ գաղութները` Հալէպ, Դամասկոս, Գամիշլի, Լաթաքիա եւ Հոմս, կ՛ենթարկուին ցնցումներու: Այսօրուան տիրող կացութեան առջեւ, ինչպիսի՞ առաջարկներ կարելի է ընել` սատար հանդիսանալու համար հայագաղութներուն:
5.- Սուրիոյ մէջ կատարուած բոլոր խժդժութեանց պարագային, ինչպէ՞ս կը գնահատէք մեր դարաւոր թշնամիին` թուրքին գործօնը: Ան ի՞նչ կը հետապնդէ այս բոլորին մէջ:
6.- Տարիներ շարունակ երգեցինք հայրենիք ու Հայաստան… ու երազեցինք ազատ-անկախ Հայաստան: Հիմա որ հասած ենք այդ երազին, ի՞նչ յանձնարարական ունիք Միջին Արեւելքի հայութեան: Համաձա՞յն էք, որ անոնք այլեւս վերջնականօրէն տեղափոխուին Հայաստան, թէ մտածեն գաղթելու համար հեռաւոր ափեր…:
7.- Կը մօտենանք Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ի՞նչ կը սպասուի հայաստանամերձ հայագաղութներէն:

Մասնակիցները մանրամասնօրէն թուեցին Միջին Արեւելքի մէջ կատարուող խժդժութեանց ու տեղաշարժերու յայտնի ու անյայտ պատճառներն ու ծրագիրները, ապագայ հեռանկարները, գործադրուող նպատակները, ակնկալուած քարիւղային հաշիւները: Այս բոլորին մէջ էականը սակայն մեզի համար, նախ եւ առաջ ճակատագիրն էր հայ զանգուածներուն, որոնք տարիներու վրայ ապրելէ ետք խաղաղ ու հանգիստ` արաբական վերոյիշեալ երկիրներուն մէջ, եւ շարունակաբար բոլոր գաղութներուն մէջ կառուցելէ ետք եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, եւ իրագործելէ ետք մշակոյթ ու արուեստ, ահա կ՛ենթարկուէին նոր զրկանքներու, նոր տեղահանութեան ու մինչեւ իսկ առեւանգման ու սպանութեան:

Այս բոլորին մէջ անշուշտ, ուշագրաւ էին Սուրիոյ հայաշատ ու ազգային իմաստով մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող Հալէպ քաղաքի եւ հոն ապրող բազմահազար հայերուն ճակատագիրը, անոնց հասնելու եւ օժանդակելու աշխարհացրիւ բոլոր հայերուն համահայկական ջանքերն ու ճիգերը:

Մասնակիցները, նկատի առած Միջին Արեւելքի որոշ երկիրներու հայագաղութներու առօրեան, անոնց ապրած անշնչելի եւ անտանելի պայմանները, կարեւորութեամբ անդրադարձան Միջին Արեւելքէն դէպի արեւմուտք մերթ պարտադիր եւ մերթ ալ ազատ պայմաններու տակ կատարուող արտագաղթերու` բաղդատական մը ընելով հայապահպանութեան խիստ կարեւոր հարցին մասին եւ միշտ աւելցնելով, թէ ճիշդ էր, որ արեւմուտքի մէջ հայ զանգուածներուն կը սպասէր կեանքի ապահովութիւն, սակայն միեւնոյն ժամանակ ինքնութեան ու մշակոյթի կորստեան տեսանելի մեծ վտանգ մը:

Այս բոլորին կողքին, մասնակից երեք մտաւորականներուն արտայայտութեանց մէջ ուշագրաւ էր շատ բնականաբար Սուրիոյ տարածքին մէջ մեր ոխերիմ թշնամիին` թուրքին խաղցած տխուր դերը, երբ կը ջանար սատար հանդիսանալ կողմի մը, քաջալերելով ամէն տեսակ արհաւիրք եւ իր յիշաչար կողմնակալութեամբ նպաստելու համար հալէպահայութեան տեղահանութեան ու աքսորին, որուն համար կը ծախսէր մեծաքանակ գումար եւ կը խրախուսէր զանազան երկիրներու արմատական վարձկան զինեալ տարրեր` իւղ թափելով այրող կրակին վրայ, մոռցած բարի դրացնութիւն, իր նոր օսմանականութեան ծրագիրին ու գաղափարախօսութեան գետին ապահովելու սին նկրտումով:
Մասնակիցները դատապարտելէ ետք թրքական տխուր գործօնը, գնահատեցին Հայաստան-սփիւռք սերտ գործակցութիւնը, սուրիական տագնապի ժամանակ Հայաստանի պետութեան սուրիահայութեան օժանդակելու դրական քայլը եւ հայրենիքի մէջ գտնուող մօտաւորապէս վեց հազար սուրիահայերէն որոշ մասի մը տուն ու տեղ, աշխատանք ու զբաղում տրամադրելու, եւ հոն ապաստան գտած դպրոցական տարիքի աշակերտներուն դպրոց ու ուսում ջամբելու նպատակին ծառայող ակնկալուած տրամադրութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի տագնապահար սուրիահայերուն, այս պարագային գէթ սուրիահայ որոշ քաղաքներու հայ բնակչութեանց դէպի Հայաստան կամ Արցախ մնայուն ու կազմակերպեալ ներգաղթի մը ծրագիրին, անոնք յայտնեցին, թէ կը ցաւին, որ Հայաստան ներկայ շրջափակեալ պայմաններուն մէջ չունի անհրաժեշտ կարելիութիւնը` կազմակերպուած ձեւով ազգայիններ ընդունելու, միշտ նկատի առած Հայաստանի մէջ տիրող աշխատանքի եւ բնակարանի պայմանները:
Ազգային իմաստով խիստ կարեւոր ու այժմէական սոյն նիւթը աւարտեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ հայաստանամերձ գաղութներուն առնելիք ապագայ քայլերուն շուրջ հարցադրումով: Մասնակիցները գնահատեցին ցարդ կատարուած միասնական աշխատանքը` փափաք յայտնելով, որ շարունակուի՛ սկսուած ազգանուէր գործը, եւ սա ոչ միայն հայաստանամերձ գաղութներու պարագային միայն, այլ բոլոր անկիւններուն մէջ, եւ այլեւս ժամանակն է, որ հայ ժողովուրդը անցնի՛ աւելի գործնական ու լուրջ քայլերու, պահանջատիրութեան իրաւունքը համադրելու, միջազգային ատեաններու մէջ իրաւական քայլերու դիմելու եւ ամբողջական թղթածրարով մը ներկայանալու:

Երեկոն վերջ գտաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիրին մասնակիցներուն` Շահան Գանտահարեանին, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին եւ Ահարոն Շխրտըմեանին ու ներկաներուն յայտնած շնորհակալութեամբ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ