Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2013 - Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու պաշտօնական աղօթքը

Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԸ

Րիօ 2013

Հա՛յր, Դուն որ ուղարկեցիր քու յաւիտենական Որդիդ,
աշխարհը փրկելու համար,
եւ ընտրեցիր այրեր ու կիներ,
որպէսզի իրեն համար, իր հետը եւ իրմով
հռչակեն Աւետարանը բոլոր ժողովուրդներուն,
պարգեւէ' հարկաւոր շնորհքները,
որպէսզի բոլոր երիտասարդներուն դիմագիծին վրայ
ցոլայ ուրախութիւնը՝ սուրբ Հոգիին զօրութեան միջոցաւ ըլլալու
ա՛յն աւետարանիչները որոնց Եկեղեցին պէտք ունի
երրորդ հազարամեակին համար:

Քրիստոս, մարդկութեան փրկիչը,
Գորգովատոյի գագաթը բազկատարած պատկերդ
կ'ընդունի բոլոր անձերը։
Սուրբ Զատկուայ քու զոհաբերումովդ,
սուրբ Հոգիին միջոցաւ,
մեզ առաջնորդեցիր Հօր հետ որդիական հանդիպումին£
Երիտասարդները, որոնք սուրբ Հաղորդութեամբ կը սնանին,
քեզի կ'անսան Խօսքին ընդմէջէն ու եղբօրը մէջ քեզի կը հանդիպին, կարիքն ունին քու անհուն ողորմութեանդ,
որպէսզի կարենան ընթանալ աշխարհի ճանապարհներուն վրայ՝
որպէս նոր աւետարանումի աշակերտ-առաքեալներ:

Սուրբ Հոգի, Սէրը Հօր եւ Որդիին,
քու Ճշմարտութեանդ սքանչելիքով ու սիրոյդ հուրով,
սփռէ քու Լոյսդ բոլոր երիտասարդներուն վրայ,
որպէսզի քաջալերուած Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրէն, աշխարհի չորս ծագերուն տանին Հաւատքը, Յոյսն ու Սէրը,
եւ դառնան կերտիչները կեանքի ու խաղաղութեան մշակոյթին,
եւ ռահվիրաները՝ նոր աշխարհի մը:

 

 

 http://hy.radiovaticana.va/news/2013/07/18/%D5%A5%D6%80%D5%AB%D5%BF%D5%A1%D5%BD%D5%A1%D6%80%D5%A4%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%B7%D5%AD%D5%A1%D6%80%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6_%D6%85%D6%80%D5%A5%D6%80%D5%B8%D6%82_%D5%BA%D5%A1%D5%B7%D5%BF%D6%85%D5%B6%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6_%D5%A1%D5%B2%D6%85%D5%A9%D6%84%D5%A8%D6%89/arm-711361


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ