Հինգշաբթի, 20 Յուլիս 2006 - Այցելելէ Ետք Արցախ, Ամեն. ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տէրը Վերադարձաւ Իր Նստավայրը
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ ԼՂՀ Հանրապետութեան Նախագահ Արկադի Ղուկասեանին հրաւէրով եռօրեայ այցելութեամբ Արցախ մեկնած էր 6 Յուլիս 2006-ին, ուղեկցութեամբ բազմանդամ պատուիրակութեան մը, իր նստավայրը՝ Լհբանան վերադարձաւ Հինգշաբթի, 20 Յուլիս 2006-ի երեկոյեան, Հալէպի վրայով:

Արցախի մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը բացումը կատարեց Շուշիի պատմա-մշակութային ժառանգութեան հետազօտութեան առաջին արդիւնքներուն եւ հեռանկարներուն նուիրուած գիտաժողովին եւ ցուցահանդէսին, որոնք տեղի ունեցան Արցախի Պետական Համալսարանի Հայագիտական Կեդրոնին մէջ, եւ որոնց յաջորդեց Ռոպերթ Պօղոսեան եւ Որդիք Հիմնարկի անուան Շուշիի մշակութային հետազօտութեան եւ վերականգնման թանգարանին օծումը եւ բացումը Յուշատախտակին:

Այս առթիւ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խորհրդակցական եւ աշխատանքային հանդիպումներ ունեցաւ ԼՂՀ նախագահ Արկադի Ղուկասեանին, Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանին, արտաքին գործոց, կրթութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարներ Գէորգի Պետրոսեանին եւ Կամօ Աթայեանին, փոխ վարչապետ Արարատ Դանիէլեանին, ինչպէս նաեւ «Շուշիի Վերականգնման Հիմնադրամ»ի նախագահ՝ Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեանին եւ Շուշիի Շրջանային Վարչակազմի ղեկավար Վ. Կասեանին հետ: Ան այցելեց մասնաւորաբար Շուշի եւ Գանձասարի պատմական Եկեղեցին, ուր հանգստեան պաշտօն կատարեց Եկեղեցւոյ Հովիւ Տ. Յովհաննէս Քահանային հետ: Ընդառաջելով Արցախի պաշտպանութեան նախարար եւ պաշտպանութեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Սեյրան Օհանեանի հրաւէրին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այցելեց ԼՂՀ Պաշտպանութեան Բանակի «Կեդրոնական Պաշտպանական Շրջան»ի զօրարանոցը, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց անմահանուն Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի Յուշակոթողին: Առաջնորդութեամբ զօր. Սեյրան Օհանեանին, Ան շրջեցաւ զօրանոց-ուսումնարանին բոլոր բաժանմունքները եւ սրտբաց զրոյց մը ունեցաւ բանակայիններուն հետ:

Դժբախտաբար, սակայն, անակնկալ անհանգստութեան մը պատճառով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հարկադրուեցաւ ընդմիջելու իր Արցախ կեցութեան յայտագիրը եւ Ստեփանակերտի Հանրապետական Հիւանդանոցին մէջ բժշկական նախնական խնամքը ստանալէ ետք տեղափոխուելու Երեւան: Հինգ օր Նորք-Մարաշի հիւանդանոցին մէջ բժիշկներու հսկողութեան տակ անհրաժեշտ դարմանումը ստանալէ ետք, Ան փոխադրուեցաւ Քանաքեռի Հայ Կաթողիկէ Կեդրոնը հանգստանալու համար:

Հիւանդանոց գտնուած օրերուն, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց այցելութիւնները Արցախի եւ Հայաստանի պետական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու, որոնք եկան հետաքրքրուելու Հոգեւոր Տիրոջ առողջական վիճակով եւ իրենց բարեմաղթանքները ներկայացնելու Անոր: Այցելուներու շարքին էին մասնաւորաբար ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, որ կը ներկայացնէր Նախ. Արկադի Ղուկասեանը, ԼՂՀ կառավարութեան անդամներ, Հայաստանի մօտ Լիբանանի եւ Սուրիոյ դեսպանները, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար ֆաուզի Սալլուխ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան եւ Տիկինը, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահան Տէր Ղեւոնդեան եւ Տիկինը, Կովկասի լատիններու Առաջնորդ Արհի. Ճիուզեբբէ Պազոթթօ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Արշակ Սրբազան, Սի.Առ.Էս.ի Կովկասի շրջանի տնօրէն Ռիչըրտ Հոֆման եւ Հայաստանի Տնօրէնուհի Սոնա Համալեան, ինչպէս նաեւ այլ անձնաւորութիւններ եւ հաւատացեալներ:

Այս կապակցութեամբ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անգամ մը եւս իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահին, կառավարութեան անդամներուն, ԼՂՀ եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, զոյգ հիւանդանոցներու տնօրէնութեանց եւ բժշկական անձնակազմերուն, իրենց ցուցաբերած ուշադրութեան եւ հոգատարութեան համար, որուն շնորհիւ ի վիճակի եղաւ վերադառնալու իր նստավայրը:

Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ ուղեկցող պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Հայաստանի եւ Վրաստանի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Նշան Արքեպիսկոպոս Գարաքէհէեանի, Չորեքշաբթի, 12 Յուլիս 2006-ին այցելեց Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Վեհափառին կողմէ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Հինգշաբթի, 13 Յուլիս 2006-ին ընդունեց Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ ուղեկցող պատուիրակութեան անդամները գլխաւորութեամբ Արհիապատիւ Տէր Նշան Արքեպիսկոպոս Գարաքէհէեանի: Ան հետաքրքրուեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ առողջական վիճակով եւ հրապարակային յայտարարութեամբ մը առողջութիւն մաղթեց անոր:

Պէյրութ, 24 Յուլիս 2006

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ