Չորեքշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2013 - Հարցազրոյց Հայաստանի Ա. հեռատեսիլի կայանին Կարդինալ Աղաճանեանի մասին

Հռոմ – 19 Նոյեմբեր 2013

Խօսիլ Կարդինալ Աղաճանեանի մասին ձայնասփիւռային հարցազրոյցի մը նեղ սահմաններուն մէջ՝ շատ քիչ է։ Որովհետեւ հնարաւոր չէ քանի մը վայրկեաններու մէջ խտացնել Կարդինալ Աղաճանեանին նման 20-րդ դարու մեծագոյն դէմքերէն մէկուն կեանքն ու գործունէութիւնը, որ ընդգրկեց  ոչ թէ սեղմ իմաստով միայն կաթողիկէ, քրիստոնեայ կամ ընդհանրապէս կրօնական աշխարհը, այլ աշխարհը իր ամբողջական առումով, իր բոլոր բաղադրիչներով՝ պետական, քաղաքական, դիւանագիտական, հասարակական, ընկերային միջազգային ոլորտներով, եւ այս բոլորին զուգահեռ՝ հայ ժողովուրդը։
 Այս պահուս, յուզուած եւ միաժամանակ ուրախ եմ որ հայ ժողովուրդի 20-րդ դարու մեծագոյն դէմքերէն մէկը, վերջապէս  մեր հայրենաբնակ ժողովուրդին եւս ծանօթացնելու նախաձեռնութիւն մը կը կատարուի։ Ըսի «վերջապէս», որովհետեւ Կարդինալ Աղաճանեանին անունը, կեանքն ու գործը, վարկն ու համբաւը վաղուց ծանօթ է արար աշխարհին։ Ծանօթ է ո՛չ միայն իբրեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն դէմք մը, այլ որպէս ՀԱ՛Յ, Հայ Ազգի զաւակ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Կաթողիկոս Պատրիարք եւ ընդհանրական Եկեղեցւոյ Հա՛յ Կարդինալ։ Ան՝ իր այցելած ցամաքամասերու՝ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ամերիկայի, Աւստրալիոյ եւ Ծայրագոյն Արեւելքի իւրաքանչիւր երկրին մէջ ոչ միայն հոգեւոր իշխանութիւններու, այլ նաեւ թագաւորներու, նախագահներու եւ պետական ղեկավարներու հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին եւ մեծագոյն պատիւներու արժանացած պահերուն, Կարդինալ Աղաճանեան երբեք շուքի մէջ չպահեց իր ազգային ինքնութիւնը եւ հպարտութեամբ զգացուց իր Հայ Ազգին պատկանելիութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, այսօր աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել թերեւս՝ Հայաստանասիրութիւնը: 
«Սիրե՛նք մեր Հայրենիքը։ Կրնանք չսիրել վարչաձեւը, բայց վարչաձեւերը կ'անցնին իսկ Հայրենիքը կա՛յ ու կը մնայ։ Սիրեցէ՛ք զիրար, որովհետեւ ուր որ հանդիպիք Հայու մը, ան մէկ բեկորն է Հայրենիքին» գոչած էր ան 27 Յունիս 1951-ին փարիզահայութեան ուղղած իր յորդորին մէջ։
Արդարեւ, Կարդինալ Աղաճանեան իւրաքանչիւր հայու մէջ կը տեսնէր «բեկոր մը Հայաստանի»։ Այն Հայաստանը որուն դռները դժբախտաբար չբացուեցան իր առջեւ, սակայն ան՝ Հայաստանը  տարաւ իր հետ, ամէն տեղ ուր որ գնաց։
«Հայաստանի այդ բեկորը» աշխարհ եկաւ 18 Սեպտեմբեր 1895-ին, Ախալցխայի մէջ եւ մկրտուեցաւ Ղազարոս անունով, երրորդ զաւակն էր գաղթական հայ կաթողիկէ ընտանիքի մը, որ օսմանեան հալածանքներէն ու ջարդերէն խուսափելու համար՝ բազմատասնեակ հայերու հետ փախչելով Էրզրումէն, ապաստանած էր Ախալցխա։ Հայրը՝ Յարութիւն Աղաճանեան եւ մայրը՝ Իսկուհի Սարուխանեան, ջերմեռանդ հաւատացեալ կաթողիկէներ էին։ Անոնք ունէին նաեւ աղջիկ մը՝ Եղիսաբեթ եւ մանչ մը՝ Պետրոս, Հայ կաթողիկէ ջերմեռանդ ընտանիքի տիպար մըն էին։
Ղազարոս կանուխէն կորսնցուց իր հայրը։ Մայրը աղօթեց Աստուծոյ որպէսզի իրեն քահանայ որդի մը պարգեւէ։ Յայտնապէս, Աստուած լսած է անոր աղերսը եւ, վերջնեկ Ղազարոսը կոչեց քահանայութեան։ Այս կոչումը կը սկսի ընթացք առնել երբ Կովկասի Առաքելական Կառավարիչը՝ Տէր Սարգիս թ.ծ.վ. Տէր-Աբրահամեան, մանուկ Ղազարոսը 1906-ին կ'ուղարկէ Հռոմ, Ուրբանեան վարժարան։ Ան չէր կրնար երեւակայել որ Նախախնամութիւնը ուղիղ 40 տարիներ ետք, 18 Փետրուար 1946-էն սկսեալ աստիճանաբար մանուկ Ղազարոսը  պիտի դարձնէր 20-րդ դարու Տիեզերական Դէմք մը։
Գերազանցիկ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք բարձրագոյն ուսումնառութիւնը, Ղազարոս Աղաճանեան կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի Հռոմ, 23 Դեկտեմբեր 1917-ին, Պետրոս Գոյունեան Եպիսկոպոսին ձեռամբ եւ կ'առնէ Ֆրանչիսկոս անունը, ի յարգանս Սալեզացի Ֆրանչիսկոս սուրբին, որուն ջերմեռանդութիւնը գրաւած էր զինք։
Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին պատճառով, Ֆրանչիսկոս Աղաճանեան կը հարկադրուի Հռոմ մնալ, եւ հոն կը շարունակէ իր ուսումը: 1919-ին, Լաթերանի Համալսարանէն կը ստանայ քաղաքական եւ եկեղեցական իրաւագիտութեան Դոկտորայի վկայականը։
Անմիջապէս որ Ա. Համաշխարհային Պատերազմը վերջ կը գտնէ, 1919-ին Աղաճանեան վարդապետը կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Կովկաս, նուիրուելու համար իր ժողովուրդի հոգեւոր ծառայութեան, եւ կը նշանակուի Թիֆլիսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ։ Սակայն, ժողովրդապետական ծառայութեան այս շրջանը երկար չի տեւեր։ Կովկասի մէջ ստեղծուած վտանգալից կացութիւնը տեսնելով, Սարգիս Եպիսկոպոս Տէր Աբրահամեան, որ մինչ այդ Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանի տեսուչ դարձած էր, 1921-ին երիտասարդ Աղաճանեան վարդապետը կը կանչէ Հռոմ եւ զինք Վարժարանի փոխ տեսուչ կը նշանակէ։ Տարի մը ետք, Կովկասի մէջ համայնավար կարգերու հաստատումով, Աղաճանեան վարդապետին առջեւ վերջնականապէս կը փակուի տունդարձի ճամբան։  Իր ընտանիքին հետ անոր կապը ամբողջութեամբ կը խզուի։ Մօր, քրոջ եւ եղբօր ճակատագիրը անյայտ կը մնայ իրեն համար։
1923-ին, երիտասարդ վարդապետը կը նշանակուի Լեւոնեան Վարժարանի Մեծաւոր եւ միաժամանակ կը հրաւիրուի դասախօսելու Ուրբանեան Համալսարանին մէջ, ուր ան 16 տարի անընդմէջ կը դասաւանդէ իմաստասիրութիւն, աստուածաբանութիւն եւ տիեզերաբանութիւն։
Երիտասարդ Աղաճանեան վարդապետ Առաքելական այցելու կ'անուանուի եւ 1934-ի  Սեպտեմբեր 8-ին, Ս. Աթոռէն կը ղրկուի Զմմառ՝ Լիբանան, ուսումնասիրելու համար Զմմառեան Միաբանութեան կանոնագիրքը: Ան, իր խոհական, հաղորդական  եւ քաղձրաբարոյ մօտեցումով, յաջողութեամբ կ'աւարտէ իր այս նուիրական առաքելութիւնը, որ միաժամանակ առիթ մը կ'ըլլայ հարազատի սիրոյ զգացումով կապուելու Վանքին ու անոր Միաբանութեան հետ։  Ան իր զգացումը կ'արտայայտէ Վանքի Ոսկեմատեանին մէջ, ուր կ'արձանագրէ իր տպաւորութիւնները, գրելով՝ «Եկայ, տեսայ, շա՜տ սիրեցի… Փարեցայ դարաւոր եւ արդիւնաշատ Միաբանութեանս եւ աստուածային կոչման բաժանորդ պատուական եղբայրներուս…»։
Հռոմ վերադարձէն կարճ ժամանակ մը ետք, Աղաճանեան վարդապետը կ'անուանուի Եպիսկոպոս եւ 21 Յուլիս 1935-ին կը ձեռնադրուի Հռոմի մէջ, Տէր- Աբրահամեան եպիսկոպոսին ձեռամբ։
Իր առաջին առաքելութիւնը կը կատարէ 1935-ի Օգոստոսին, իր երկրորդ այցելութեամբ Զմմառ, ուր աւելի կը զօրացնէ իր սէրն ու համարումը հանդէպ Զմմառու Վանքին եւ անոր աստուածահաճոյ Միաբանութեան։
26 Հոկտեմբեր 1937-ին, կը վախճանի Աւետիս Պետրոս ԺԴ. Արփիարեան Կաթողիկոս Պատրիարքը։
30 Նոյեմբերին, կը գումարուի Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը, որ իր առաջին նիստին իսկ՝ երջանկայիշատակ Արփիարեան Կաթողիկոս Պատրիարքին յաջորդ կ'ընտրէ Աղաճանեան Եպիսկոպոսը, որ կ'որդեգրէ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. անունը՝ ի յարգանս Հայոց Լուսաւորչին։ Ընտրութենէն ետք, խորապէս յուզուած, 42 տարեկան Կաթողիկոս Պատրիարքը կը յայտարարէ.-  «Պատիւն ու փառքը՝ Աստուծոյ։ Ուրախութիւնն ու մխիթարութիւնը՝ Ազգիս։ Իսկ Խաչը, ամբո՛ղջ ու միա՛յն խաչը՝ ինծի»։
2 Դեկտեմբերին, Սուրբ Աթոռը կը հաստատէ Աղաճանեան եպիսկոպոսին Կաթողիկոս Պատրիարք ընտրութիւնը:
Նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին գահակալութիւնը տեղի կ'ունենայ 5 Դեկտեմբեր 1937-ին, եւ 17 Դեկտեմբերին Պալիումը կը ստանայ Հռոմի մէջ ձեռամբ Պիոս ԺԲ. Սրբ. Պապին։
Լիբանան վերադարձի ճամբուն վրայ 1938-ին, Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Հոգեւոր Տէրը կ'այցելէ Փարիզ, ֆրանսական իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար Սանճագի պարպումի խնդրին վրայ: Եւ նկատելով որ Լիբանան դեռ եւս կը գտնուէր ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ, Ան կը յաջողի Սանճագի հայութեան Լիբանան հիւրընկալումը ապահովել եւ անձամբ կը հետեւի տեղահան հայութեան Լիբանան տեղաւորումին։ Աղաճանեանին եւ անոր միջոցաւ նաեւ Վատիկանին կողմէ ֆրանսական պետութեան մօտ կատարուած միջամտութիւններուն շնորհիւ է որ Քեսապն ու շրջակայքի գիւղերը կը պահպանուին Թուրքիայէն հեռու եւ կը մնան Սուրիոյ սահմաններուն մէջ։ Այս կերպով կը խնայուի Քեսապի հայութեան գաղթականութեան աղէտը։
Հայոց Ցեղասպանութեան 25-րդ տարելիցին առիթով, Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը Ապրիլեան Նահատակներուն Յուշակոթող մը կը կանգնեցնէ Լիբանան՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի բակին մէջ։ Ասիկա պիտի դառնայ սփիւռքի մէջ կանգնեցուած առաջին յուշակոթողներէն մէկը։ Միեւնոյն տարին, Ան կը հաստատէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին շրջաբակին մէջ Սգատօն կատարելու աւանդութիւնը, 7000 հանդիսատեսներու ներկայութեան։
Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն, Աղաճանեան Հայրապետը կը շրջագայի Միջին Արեւելքի այն բոլոր երկիրները ուր կային հայ կաթողիկէ թեմեր։ Ան մեծ պատիւներով կ'ընդունուի այդ երկիրներու պետական ղեկավարներուն կողմէ։ Հաւատարիմ լուսարձակներէ հեռու գործելու վատիկանեան ոճին, Ան լուռ ու մունջ կը նպաստէ արաբական նորանկախ պետութիւններուն, միջազգային զօրակցութիւններ ապահովելու աշխատանքին, եւ կարեւոր դեր կը կատարէ արաբական աշխարհին եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին մէջ։
22 Օգոստոս 1945-ին, Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը մեկնի Հռոմ: Հոն կը մնայ չորս ամիս եւ կ'այցելէ երկրին հայկական բոլոր հաստատութիւնները։ Լիբանան վերադառնալէ առաջ, կը ներկայանայ Պիոս ԺԲ. Պապին անկէ հրաժեշտ առնելու համար։ Պապը իրմէ կը խնդրէ յետաձգել իր վերադարձը: Արդարեւ, 18 Փետրուար 1946-ին, Պիոս ԺԲ. կը նշանակէ 32 նոր Կարդինալներ, որոնց շարքին առաջինը կ'ըլլայ Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը։
Աղաճանեանի Կարդինալ նշանակումին արձագանգը շատ մեծ կ'ըլլայ միջազգային մամուլին մէջ։ Մեծազդեցիկ թերթեր կը դրուատեն հայազգի Կարդինալին բարեմասնութիւններն ու արժանիքները։ Համայն Հայութիւնն ալ կը հպարտանայ Աղաճանեանով։  Ան աննախընթաց դիմաւորութեան կ'արժանանայ Լիբանան վերադարձին 3 մայիս 1946-ին: Համայն Հայութիւնը, առանց կուսակցական կամ յարանուանական խտրութեան, կը մասնակցի այդ դիմաւորութեան։
Շատ երկար պիտի ըլլար մեծանուն Հայրապետին այցելած բոլոր երկիրներուն ու քաղաքներուն, անոնց շարժառիթներուն, մեծաշուք յայտագիրներուն, նախագահած համագումարներուն, արտասանած ճառերուն, թագաւորներու եւ նախագահներու հետ ունեցած հանդիպումներուն եւ ստացած շքանշաններուն թուարկումը։ Նշենք միայն որ 1950-էն սկսեալ, Ան յաջորդաբար կ'այցելէ Թուրքիա, Յունաստան, Եգիպտոս, Իրան, Ֆրանսայ, ուր կ'ըլլայ ֆրանսական կառավարութեան հիւրը եւ 8 մարտ 1952-ին կը պարգեւատրուի La Croix de la Légion d’Honneur ֆրանսայի բարձրագոյն շքանշանով: Միեւնոյն տարուան Հոկտեմբերին, Հռոմի մէջ Կարդ. Աղաճանեան կը նախագահէ Քաղկեդոնի Ժողովի ԺԵ. հարիւրամեակի պաշտօնական արարողութիւններուն, որուն բացումը կը կատարէ հայածէս Հայրապետական Ս. Պատարագով։ Ապա Պոսթընի արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Քուշինկի հրաւէրով, 1951-ի Նոյեմբերին կը ժամանէ Միացեալ Նահանգներ, ուրկից կ'անցնի Քանատա: Մայիսին, Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Ա.ին հրաւէրով, Ան կ'ըլլայ յորդանանեան կառավարութեան հիւրը։ 1953-ին, Սիտնիի Արքեպիսկոպոսին հրաւէրով՝ Կարդինալ Կիլրոյ որ իր աշակերտը եղած էր Ուրբանեան Համալսարանին մէջ, կը մասնակցի Աւստրալիոյ Սուրբ Հաղորդութեան Ազգային Համագումարին, 1954-ի 6-27 Հոկտեմբերին: Դարձեալ կը հրաւիրուի Միացեալ Նահանգներ, ուր բացումը կը կատարէ Պոսթոնի Կաթողիկէ Համալսարանին։
1955-ի Յունիսին, Պիոս ԺԲ.ին կողմէ Արեւելեան Եկեղեցիներու նոր Կանոնագրի   Յանձնաժողովի նախագահ նշանակուած ըլլալով, կը ստիպուի տարուան կարեւոր մէկ մասը անցնել Հռոմ։  Ի պաշտօնէ կը մասնակցի Պրազիլ, Ռիօ Տէ Ժանեյրոյի Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային Համաժողովին, ապա կը մեկնի Ուրուկուայ։ 1955-ի Հոկտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Սուրիա, ուր կառավարութիւնն ու ժողովուրդը շատ ջերմ ընդունելութեան մը կ'արժանացնեն զինք։ Նախագահ Շուքրի Ալ-Քուաթլի զինք կը պարգեւատրէ երկրին բարձրագոյն շքանշանով, առ ի գնահատանք Քեսապի հողամասի խնդրի յաջող լուծման։
16 Օգոստոս 1956-ին, կը հանդիպի Գերմանիոյ վարչապետ Քոնրատ Ատենաուըրին, իսկ 1958-ին՝ Պելճիքայի Beaudoin թագաւորին։
18 Յունիս 1958-ին, Պիոս ԺԲ. Պապը Հայ Ծիրանաւորը կը նշանակէ Հաւատոյ Տարածման սուրբ Ժողովին փոխ-նախագահ եւ երկու տարի ետք անոր նախագահ կը դառնայ։
Պիոս ԺԲ. Պապին վախճանումէն ետք, 9 Հոկտեմբեր 1958-ին, Կարդինալներու դռնփակ ժողովը՝ Conclave-ը կը գումարուէր ընտրելու համար նոր Պապը, Կարդինալ Աղաճանեան տիրացած էր այնպիսի համբաւի մը որ միջազգային հանրային կարծիքը զինք կը նկատէր Պիոս ԺԲ.ի յաջորդութեան ամէնէն հաւանական թեկնածուն։ Բայց, մարդկանց խորհուրդը տարբեր, Աստուծոյ խորհուրդը տարբեր: Աստուածային նախախնամութիւնը ընտրել կու տայ Կարդ. Angelo Giuseppe Roncalli, առնելով Յովհաննէս ԻԳ. անունը:
1958-ին, Կարդ. Աղաճանեան կը մեկնի ֆիլիպպին՝ Յովհաննէս ԻԳ. Պապը ներկայացնելու համար Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային Համագումարին Մանիլլայի մէջ։ 1959-ի Փետրուարի 14-22, Սայկոնի մէջ կը նախագահէ Մարեմեան Համագումարին։ Ապա կ'անցնի Թայուան, Ֆորմոզա կղզին, կ'այցելէ նախագահ զօրավար Չան Քայ Չէքին։ Կ'այցելէ նաեւ Քորէա, Ճափոն եւ Թայլանտ։
Սուրբ Աթոռին կողմէ իրեն յանձնուած պաշտօններուն ու առաքելութիւններուն ծանրութիւնը՝ իր Հռոմ մշտական ներկայութիւնը անհրաժեշտ դարձուցած ըլլալով, կը վերադառնայ Պէյրութ 1959-ի Յունիսի 10-ին, եւ իրեն Օգնական Եպիսկոպոս կը նշանակէ Արհի. Ալոզիոս Արք. Պաթանեան։
Տարի մը ետք, 1960-ի Սեպտեմբերին, կ'այցելէ Հնդկաստան՝ նախագահելու համար երկրի Եպիսկոպոսներու ժողովին եւ բացումը կատարելու Պոմպէյի Մեծ Նորընծայարանին։ Ան կ'ընդունուի Հնդկաստանի նախագահին կողմէ։
1961-ի Յունուարի 7-10, զինք կը տեսնենք Շուիցերիա՝ իր օրհնութիւնը տալու համար 200 քահանաներուն իրենց առաքելութեան մեկնումին առիթով։ Ապա, Իրլանտայ կ'այցելէ միեւնոյն տարուան Յունիսի 7-ին։ 14 Սեպտեմբերին, կը մեկնի Մատակասքար, ապա Նայրոպի, ուր կը հիւանդանայ եւ կը ստիպուի վերադառնալ Հռոմ ապաքինման երկար շրջանի մը համար։
10 Ապրիլ 1962-ին, Ծիրանաւոր Հայրապետը բացառիկ հաճոյքը կ'ունենայ Հռոմի մէջ դիմաւորելու իր քոյրը՝ Լիզան, զոր տեսած չէր 41 տարիէ ի վեր։
23 Օգոստոս 1962-ին, ինքզինք հարկադրուած կը զգայ հրաժարելու Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Աթոռէն, չկարենալով այդ պաշտօնը կատարել Հռոմէն։ Ան զգացած էր որ պիտի չկարենայ կրկնել այն ինչ որ ըրած էր 1952-ին, երբ մէկ առ մէկ այցելած էր Պուրճ Համուտի եւ քէմփի հայ աղքատ ընտանիքներուն, մխիթարութեան արցունքներ խլելով մամիկներէն ու պապիկներէն։ Իր մեծութեան մէջ անգամ, Ան չէր կորսնցուցած իր խոնարհութիւնը։
1962-ի Նոյեմբեր 30-ին, իրեն կը յաջորդէ Ամենապատիւ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը։
3 Յունիս 1963-ին, կը վախճանի Յովհաննէս ԻԳ. Պապը եւ անոր կը յաջորդէ Պօղոս Զ.ը, 30 Յունիս 1963-ին:
Նորընտիր Պապը, հայ Կարդ. Աղաճանեան կը նշանակէ Առաջին Ատենավար Վատիկանի Բ. Տիեզերական Ժողովի նիստերուն, որուն բացումը տեղի ունեցաւ 1963-ի Սեպտեմբերի  30-ին Կարդինալ Աղաճանեանին կողմէ արտասանուած այնպիսի մեծափառ ճառով մը, որ պատմական նկատուեցաւ։
1964-ի Նոյեմբերի 26, Կարդինալ Աղաճանեան Պոմպէյի մէջ նախագահեց Սուրբ Հաղորդութեան Համաշխարհային Համագումարին։ Իսկ 31 Յուլիս 1969-ին, կ'ուղեկցէր Պօղոս Զ. Սրբ. Պապին Ափրիկէ շրջագայութեան ընթացքին։ Ափրիկէէն վերադարձին, Ծիրանաւոր Հայրապետին առողջական վիճակը կը վատթարանայ։
8 Մայիս 1970-ին, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պաշտօնական այցելութիւն մը կը կատարէ Պօղոս Զ. Սրբ. Պապին։ Յաջորդ օրը, երբ Պօղոս Զ. եւ Վազգէն Ա. Կ'ողջագուրուին, անոնց կողքին է նաեւ Կարդինալ Աղաճանեան, որ իր կարգին կ'ողջագուրուի Ամենայն Հայոց Հայրապետին հետ։ Անկէ ետք, առողջական վիճակը անկողնին կը քամէ մեծահռչակ հայ Ծիրանաւորը։
1971-ի Մարտի 31-ին, Պօղոս Զ. Սրբ. Պապը անակնկալօրէն անձամբ այցի կու գայ անոր, Լեւոնեան Վարժարան, եւ խօսքը ուղղելով հիւանդ Կարդինալին կ'ըսէ՝ «քանի Դուք Ինծի այցելութեան չէք գար, ես եկայ», եւ կը մօտենայ անոր ու կը համբուրէ  ճակատէն։
Երբ 1971-ի Մայիսի 16-ին Հայոց Ծիրանաւոր Հայրապետը իր հոգին կը յանձնէր Տիրոջ, հաւանաբար անոր ականջին կը հնչէր իր այնքան սիրած «Լեռներ Հայրենի» երգը։
Ափսոս որ այդ Լեռները տեսնելու բախտը զլացուեցաւ մեծահամբաւ Հայուն, որ մեծցաւ եւ ուռճացաւ այնքան որ տիեզերքը դարձուց սահման իր քրիստոնէաճաճանչ ու հայաբոյր արմատներուն, որմէ բխած բարութիւնը, հոգիի ու մտքի լոյսը ողողեցին ամբողջ աշխարհը։ Ան եղաւ իր աստուածատուր շնորհքները յայտնաբերող Հայ Կաթողիկէ Համայնքին, զինք ծնած ժողովուրդին, զինք որդեգրած ասպնջական Լիբանանին՝  մեծարժէք պարգեւը համաշխարհային արժէքներու Գանձարանին։
Յիշատակ արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ