Համառօտ Պատմական մը Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին մասին


Հայ Կաթողիկէներու երկար պատմութիւնը Հայաստանի եւ մերձակայ երկիրներուն մէջ կը շարունակուի դարերէ ի վեր կապուելով անվերջանալի եւ բարդ վիճաբանութիւններու պատմութեան քաղկեդոնական աւանդութիւններու մասին.

Ներկայ Կաթողիկէ համայնքը կապուած է պատմականօրէն գաղթերուն որոնք տեղի ունեցան 19-րդ դարու առաջին քառորդին Ատրիանաբոլի (1929) , Կարին Էրզրումի , Ալաշկերտի եւ Մուշի Ռուսական - Թրքական դաշնագրէն ետք, երբ Հայ ժողովուրդէն մաս մը փախան աղէտներէն որ պատճառեց Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ նախընտրեցին բնակիլ Ռուսական Կայսրութեան պաշտպանութեան տակ. Անոնք հաստատուեցան ներկայ Հայաստանի Շիրակի, Դաշիրի, Լորիի եւ Չաւաղքի նահանգներուն մէջ ստեղծելով տասնեակ նոր գիւղեր Վրաստանի մէջ ինչպէս նաեւ Ախալցախայ - Ախալքալաք եւ Պակտանովքա - Նինոծմինտայ նահանգներուն մէջ:

Անոնք հիմնեցին եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ հիւանդանոցներ, հաւաքուեցան իրենց երէցներուն եւ ժողովրդապետութիւններուն շուրջ եւ նպաստեցին Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան թեմական անդամներու հետ որոնք ուսանած են Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան Հայրերու միաբանութիւններուն մէջ ինչպէս նաեւ Լիբանանի Զմմառու Պատրիարքական վանքին մէջ.

19-րդ դարէն սկսեալ, Հռոմի Աթոռը ստեղծեց եկեղեցական միութիւններ այդ շրջաններուն եւ գիւղերուն համար. 1909-ին, Աթոռը նշանակեց գերապատիւ տէր Սարգիս Տէր Աբրահամեան (1863 Ալեքսանտրաբոլ - 1952 Հռոմ) Կովկասի առաքելական տնօրէնը. Այս շրջանին, ան կատարեց անընդհատ պատգամաւորութիւն Սովետական Համայնավար վարչաձեւին հանդէպ:

Այս նահանգներուն մէջ ունինք 7 մեծ եկեղեցական շրջաններ : Ալեքսանտրաբոլ (Շիրակ), Լորի, Ախալքալաք, Ախալցախայ, Արտվին, Կարին եւ Քրիմէ, 86 ժողովրդապետութիւններով եւ 71 ժողովրդապետերով 172 գիւղերու համար. Իսկ Հայ Կաթողիկէներուն թիւն է 61,240 հոգի առանց հաշուելու Վրաստանի եւ Հայաստանի մերձակայ նահանգները:

Այսօր, կը նշմարենք 20 գիւղեր Վրաստանի մէջ եւ 30 Հայաստանի մէջ 200,000 Հայ Կաթողիկէներով որոնք կը գտնուին սահմանային շրջաններուն մէջ (Ռուսիա) Սօսի, Ատլեր, Գրասնօտար, Րոսդով, Մոսքու, Սէն Բիդրպուրկ:
Բոլոր այս հողերուն վրայ, կային 70 շատ գեղեցիկ եկեղեցիներ նուիրուած Քրիստոսի, Սուրբ Խաչին, Կոյս Մարիամին եւ զանազան Սուրբերուն:

Շուրջ 3 երէցներ նահատակուեցան Սդալինական սարսափելի հալածանքներուն պատճառով, բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ մատուռներ քանդուեցան կամ գործածուեցան աշխարհիկ նպատակներու համար:

Պատիւ կը զգանք մեր բազմաթիւ եկեղեցականներով որոնք զոհուեցան յանուն Աւետարանին. Առաքելական Եկեղեցին զանոնք կը յիշէ սերունդէ սերունդ:

Սովետական վարչաձեւի անկման ժամանակ, Հռոմի Պապը Ժան Բոլ Բ. վերահաստատեց Հայաստանի Կաթողիկէ նուիրապետութիւնը 1991-ին միացնելով Վրաստանը եւ Արեւելեան Եւրոպան (Ռուսիա, Ուքրանիա) մէկ թեմի մէ: Այսպէս, Հայր Ներսես Տէր Նէրսեսեան որ կը պատկանէր Վենետիկի Մխիթարեաններուն ընտրուեցաւ առաջնորդ եպիսկոպոսը այս թեմին:

Այս ժամանակաշրջանին, Պապը Աշոցքի հիւանդանոցը նուիրեց Հայ ժողովուրդին նպատակ ունենալով սփոփել ծանր նեղութիւնները որ պատճառեց երկրաշարժը 7 Դեկտեմբեր 1988-ին:

1992-ի վերջաւորութեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ Հայաստանի մէջ կանոնագրութիւններով որոնք հաստատուած էին Մարդկային իրաւունքներուն վրայ, ետքը 1993-ին, բացումը կատարուեցաւ թեմին պաշտօնական նստավայրին Կիւմրիի մէջ:

Երկրորդ պաշտօնական ճանչմունք մը կատարուեցաւ 30 Մայիս 2000-ին օրինական ճշդումներով եւ տալով կարեւոր վերնագիր մը հաստատութեան: Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին:

Բանիքի, Արեւիկի, Լանջիքի, Ազադան Դզիհանքով եւ Մեծ - Սեբազարի եկեղեցիները կը գտնուին այսօր Շիրակի շրջաններուն մէջ:
Այնտեղ կան նաեւ բազմաթիւ ուրիշ եկեղեցիներ , յատկապէս Դաշիրի եւ Աշոցքի նահանգներուն կողմը.

Թեմին մէջ մի քանի Երէցներ կը կատարեն հովուական գործեր . 4 Հայաստանի մէջ, 4 Վրաստանի մէջ, խումբ մը քոյրեր - 9 Անարատ Յղութեան Հայ միաբանութենէն, 3 Սուրբ Հաղորդութեան, 6 Սալեզիէն եւ 6 Քալքիւդայի Մայր Դերեզայի հաստատութենէն: Այս քոյրերը նուիրուած են քրիստոնէական կրթութիւն տալու Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ, կազմակերպելու պտոյտներ, խնամելու որբերը եւ անդամալոյծները ինչպէս նաեւ հիմնել կեդրոններ զանազան գործերու համար:

Երկու փոքրիկ քոյրեր Յիսուսի կ՛աշխատին Աշոցք հիւանդանոցին մէջ խնամելու հիւանդները եւ աղքատները:
Քալքիւդայի Մայր Դերեզայի քոյրերը կ՛աշխատին Հայաստանի մէջ 1989 էն ի վեր, նախ Երեւանի մէջ իսկ այսօր Սպիտակի մէջ խնամելու անդամալոյծ պզտիկները:

Կրթութեան հարցը ապագայ աշակերտներուն որոնք կ՛ուզեն եկեղեցական ըլլալ կարեւոր նիւթ մը դարձաւ մտահոգութեան. Այս պատճառով փոքրիկ դպրեվանք մը հիմնուեցաւ Կիւմրիի մէջ 1994- ին: Այսօր, այս փոքրիկ դպրեվանքը կ՛ընդունի տասնեակ աշակերտներ որոնք որոշ մակարդակի ուսում ստանալէ ետք, կը շարունակեն իրենց համալսարանական ուսումը Փիլիսոփայութեան կամ Աստուածաբանութեան մէջ Հռոմի Հայ Կաթողիկէներու Քահանայապետական դպրոցին մէջ:

Վազգէն Առաջին Կաթողիկոսի օրով որ մահացաւ 1994-ին, մեր Հայ Կաթողիկէ համայնքին կապը Առաքելական Եկեղեցւոյ քոյրերուն հետ հաստատուած էր ընկերութեան եւ յարգանքի վրայ: Յունուար 1992-ին, Գերապատիւ տէր Ներսես Տէր Նէրսեսեան եղբայրական ընդունելութիւն գտաւ Էջմիածնի մենաստանին մէջ 40 օր:

Պէտք է յիշեցնել թէ Վազգէն Կաթողիկոս հայկական կառավարութեան նոր խորհրդարանին մէջ խօսեցաւ կրօնքի եւ խիղճի ազատութեան մասին (Նոյեմբեր 1991), պաշտօնական երկար մջամտութենէ ետք: Ան յայտարարեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ հետեւեալը: Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ իր համայնքով եւ պաշտամունքի վայրերով կը պատկանի շատ հին ժամանակաշրջանի: Այս խօսքը կը նմանի Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի խօսքին իր ընտրութեան սկիզբը (1995):

Տակաւին հաւատքը ներկայ է մեր Կաթողիկէ ժողովուրդին սրտերուն մէջ: Յաճախ ծերեր մեզ կը պատմեն արցունք թափելով անցեալի սարսափելի յիշատակները եւ անաստուած վարչաձեւերու կատարած վայրենի գործերը.Անոնք շնորհակալութիւն կը յայտնեն տէրերուն որոնք հիմնեցին եկեղեցիներ եւ այսօր անոնց շնորհիւ պզտիկները կրնան զգալ եւ սորվիլ մեր հերոսական աւանդական պատմութենէն անդին, սուրբ խրատները քրիստոնէական կրօնքին եւ Աւետարանին ձայնը:

Երէցները եւ քոյրերը կ՛աշխատին Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ քրիստոնէութիւն քարոզելու, ամրապնդելու սուրբ հաւատքը, քարոզելու Աւետարանը, կառավարելու խորհուրդները մեր Հայ Կաթողիկէ համայնքին մէջ եղբայրական հոգիով իրապէս ընդհանրական:

Սեպտեմբեր 1996-ին, տօնեցինք առաջին հարիւրամեակը հռչակաւոր Հայ Կարտինալի ծննդեան, Կրեկորիո - Բիէդրո Աղաճանեանի, պատրիարքը Հայ Կաթողիկէներու, իր ծննդավայրը Ախալցիքի մէջ, Վրաստան, ետքը Հայ Կաթողիկէ դրացի գիւղը Սխուիլիսիի մէջ հաւատացեալներու շատ մեծ մասնակցութեամբ, ետքը Կիւմրիի մէջ, Հայաստան, պատուեցինք Պատրիարքին յիշատակը որ կը կրէ համաշխարհային համբաւ երկրորդ հանդիսաւոր տօնախմբութեամբ ակադեմական եւ մշակութային մակարդակներով համայնքին պատկանող թատրոնի մեծ սրահին մէջ. Սքանչելի հրաշք մըն էր:

1997-ի վերջաւորութեան, նոյն սրահին մէջ տօնակատարուեցաւ 50-րդ տարեդարձը Հայ Կաթողիկէներու Արքեպիսկոպոս, Գերապատիւ տէր Ներսես Տէր Ներսեսեան կրօնական, հոգեկան, բանասիրական եւ գրական գործունէութեանց, որ պաշտօնապէս ստացաւ Սրբազան Հայր Ժան Բոլ Բ. Պապի մաղթանքները եւ օրհնութեան նամակը ինչպէս նաեւ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին:

16 Նոյեմբեր 2000-ին, տօնակատարուեցաւ անձնական ժողովի մը ընթացքին 180-րդ տարեդարձը Արքեպիսկոպոսին որ ստացաւ օրհնութեան նամակը Գարեգին Բ. Ներկայ Կաթողիկոսին իր մշակութային, գրական եւ եկեղեցական գործունէութեանց:

Նոր հազարամեակին նոր լուսաւոր հորիզոններ յոյս կուտան ամբողջ Հայաստանի:<

Կը տօնենք հանդիսաւորապէս 1700-րդ տարեդարձը Հայաստանի դարձին եւ մկրտութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի շնորհիւ որ եղաւ Հայաստանի առաջին պատրիարք կաթողիկոսը ինչպէս նաեւ կը տօնենք տարեդարձը քրիստոնէական կրօնքին հռչակման իբրեւ պետական կրօնք Հայաստանի մէջ : Այս եղաւ առաջին դէպքը Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ 301 թուականին:

Մօտալուտ այցելութիւնը Հռոմի Սրբազան Հայր Պապին դէպի Հայաստան շատ կարեւոր դէպք մըն է:

Նոր հազարամեակ, նոր լոյս, նոր կեանք, նոր շնորհքներ եւ օրհնութիւններ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ