Հինգշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2010 - Կարդինալ Աղաճանեանի Տան բարեսիրական ճաշկերոյթ

 

Պէյրութ

 

Չորեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 2010, երեկոյեան ժամը 8։30-ին, «Le Royal» հիւրանոցի Տըպայէ «Azurea» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կարդինալ Աղաճանեանի Տան Հոգատար մարմնին բարեսիրական ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ՝ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց եւ ներկայութեամբ՝ պետական երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեանի եւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքճեանի։ Այս առթիւ, հիմնադիր յանձնախումբի անդամները եւ առաջին գործակիցները պարգեւատրուեցան ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ կողմէ։ Ճաշկերոյթին խօսք առին հայերէն լեզուով Րաֆայէլ Ումուտեան, ֆրանսերէն լեզուով Միշէլ Տէօ Շատարէւեան եւ արաբերէն լեզուով Սերժ Ժուխատարեան։       


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ