Կիրակի, 11 Ապրիլ 2010 - Ծաղկազարդն ու Ս.Զատիկը Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս

Դամասկոս, Սուրիա

Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ պատշաճ ձեւով նշուեցան Ծաղկազարդի ու Սուրբ Յարութեան տօները, ինչպէս նաեւ Աւագ շաբթուայ կարեւորագոյն արարողութիւնները: Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան անդամները, մեծեր եւ փոքրիկներ,  իրենց համեստ բայց կարեւոր մասնակցութիւնը ունեցան տօնական միջոցառումներու ու արարողութիւններու կազմակերպման մէջ:

Antasdan
Ծաղկազարդի տօնին հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը մատուցեց Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանը:  Սուրբ խորանին վրայ Գերապայծառ տիրոջ կողքին եղան Դամասկոսի նորանշանակ ժողովրդապետ նորօծ Հ. Գէորգ վրդ.Պահէն, որուն կը մաղթենք բեղուն ու շնորհաւետ առաքելութիւն Դամասկոսի մէջ, ինչպէս նաեւ  Հայր Բարսեղ վարդապետ Պաղտասարեանը մեր նախկին ժողովրդապետը:  «Քնար» երգչախումբը կատարեց  շարականներու երգեցողողութիւնը: Սուրբ Պատարագի աւարտին մեծ թիւով  հաւատացեալները թափօր կազմած հետեւելով հոգեւորական հայրերուն ու երգչախումբի  «Թագաւոր գոլով» շարականի երգեցողութեամբ կատարեցին եկեղեցւոյ շրջանը, ապա  Լոյս ճեմարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւնը: Նշենք թէ բակը գեղեցիկ կերպով զարդարուած էր Հ.Կ.Մ.-ի պատասխանատուներու կողմէ, Քրիստոսի Երուսաղեմ յաղթական մուտքի ուրախութիւնը զգալի դարձնելով:   Արարողութեան աւարտին Հ.Կ.Մ.-ի շեփորախումբը կատարեց զանազան խրոխտ նուագներ՝  տօնական տրամադրութիւնը գագաթնակէտին հասցնելով: Գնահատանքի խօսք ըսելու  ենք շեփորախումբի տղոց ու անոնց պատասխանատուներուն որոնք կը պահեն խումբը որ այս տարի կը նշէ իր 37րդ տարեդարձը, նման առիթներով, յաղթական ու հպարտալից ելոյթներով մեծ ոգեւորութիւն  ստեղծելով: Այստեղ նշենք թէ Աւագ  Հինգշաբթի Ոտնլուայի, խաւարման գիշերուայ հոգեպարար արարողութիւննները, ինչպէս նաեւ Աւագ Ուրբաթ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի թաղման կարգը կատարուեցան հանդիսապետութեամբ Գերապայծառ տիրոջ ու մասնակցութեամբ Հայր Գէորգ ու Հայր Բարսեղ վարդապետներուն:

Կիրակի Ապրիլ 5-ին Սուրբ Յարութեան տօնին, Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը մատուցանեց Գերապայծառ տէրը ու տուաւ պատշաճ քարոզ այս մեծ տօնին առթիւ: Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ համայնքի զաւակներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Տէր եւ Տիկին Դոկտ. Արշակ Փոլատեանը: Յաւարտ Սուրբ Պատարագին Գերապայծառ տէրը ընդունեց շնորհաւորութիւններ ներկայ հաւատացեալներու կողմէ ինչպէս նաեւ Հայաստանի դեսպանին, Հանրապետութեան նախագահ Տոքթ.Պաշար Էլ Ասատի ներկայացուցիչ պալատի հարցերու նախարարի, կառավարութեան  ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու:

Mgr Arnaoutian Tchahagirner
Կէսօրէ ետք  ներկայութեամբ Գերապայծառ տիրոջ, Գերապատիւ հայր Գէորգ ու հայր Բարսեղ վարդապետներու,  հայ կաթողիկէ համայնքի Պասմաճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի կազմակերպած Սուրբ Զատկուայ տօնական հանդէսը: Բազմաթիւ ծնողներ, բարեկամներ ու փոքրիկներ հաճելի ժամանակ անցուցին՝ մասնակցելով հետաքրքիր խաղերու, ունկնդրելով ջահակիրներու ու պատանիներու ազգային երգերը ու դիտելով զաւեշտներ ու պարեր: Գերապայծառ տէրը տուաւ իր սրտի խօսքը շնորհաւորելով ու մաղթելով միշտ միացած ըլլալ  եկեղեցւոյ շուրջ: Ուրախալի էր նաեւ ներկայութիւնը Պէյրութի Զալքայի Հ.Կ.Մ Պատանեկանի պատասխանատուներուն: Հանդէսը աւարտեցաւ աւանդական հաւկթախաղով որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց  սրահէն ներս: Վերջապէս կ’ուզենք շնորհակալութեան խօսք մը ըսել Հ.Կ.Մ.-ի պատասխանատուներուն ու Պատանեկանի վարիչներուն, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան կ’աշխատին յաջողցնել  ձեռնարկներ ու գործունէութիւններ միշտ կենսունակ պահելով միութիւնը: Երախտագիտութեան խօսք մը նաեւ  բոլոր համակիրներուն ու միութեան բարեկամներուն որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ կը քաջալերեն Հ.Կ.Մ.ականները շարունակելու իրենց ծառայութիւնը:

                                                                                                            


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ