Ուրբաթ, 18 Ապրիլ 2014 - Հայրապետական պատգամ Աւագ Ուրբաթ Օր

Պուրճ Համուտ

Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

«Քրիստոս մէկ անգամ մեռաւ մեղքերուն համար: Արդարը՝ մեղաւորներուն համար, որպէսզի ձեզ Աստուծոյ մօտեցնէ» (Ա. Պետր. 3, 17-20). կ'ըսէ Սուրբ Պետրոսը իր առաջին թուղթին մէջ:

 Երբ կարդանք, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Յիսուսի չարչարանքներուն էջերը Ս. Աւետարաններուն եւ Առաքեալներու թուղթերուն մէջ, ի՞նչ կը գտնենք: Հոն կը գտնենք ճիշդ Ան անձը որ կը փնտռենք: Կը գտնենք Ան որ եկած է մեզ ազատելու համար մեր առանձնութենէն, մեր նեղութենէն: Ան մեզ լաւ կը ճանչնայ, նոյնիսկ մեզ մեզմէ աւելի լաւ կը ճանչնայ՝  ինչպէս կ'ըսէ Սուրբ Օգոստինոսը. «Տէ՛ր, երբ քեզի մօտեցայ եւ քեզ ճանչնայ, այն ժամանակ միայն սկսայ ինքզինքս լաւ ճանչնալ»: Այսինքն, երբ ճանչցայ Յիսուսին սէրը, գիտցայ թէ որքան ես մեղաւոր եմ եւ թէ որքան Յիսուս զոհուեցաւ քաւելու համար իմ մեղքերս, որովհետեւ Յիսուս զիս շատ կը սիրէ, առանց պայմանի զիս կը սիրէ:

 Յիսուս մեզ այնքան կը սիրէ, որ ինչ սխալներ ալ գործենք, Յիսուս մեզմէ չի յուսահատիր, անսպառ համբերութիւն ունի մեզ օր մը, իրեն վերադարձնելու նպատակով՝ վերադարձնելու իր սիրոյն, իր սիրտին, իր անհուն գթութեան: Անոր պատկերը տուաւ մեզի Սուրբ Աւետարանը «Անառակ Որդի»ի առակին մէջ, ուր հայրը կը ցուցնէ անառակ որդիին, որ ամէն օր, ամէն օր ճամբու եզերքը կը կենայ սպասելով իր սիրեցեալ զաւկին վերադարձին տունը: Եւ երբ զաւակը դառնայ, ի՜նչ ուրախութիւն. զինք իր գիրկին կը փաթթէ եւ կը համբուրէ: Չի պատժեր զինք իր սխալներուն համար, խիստ կերպով չի վարուիր իրեն հետ, ոչ իսկ կը յանդիմանէ զինք: Այս է ընթացքը, որ Աստուած կը կիրարկէ մեզի հետ՝ համբերութիւն, գուրգուրանք եւ ուրախութիւն:

 Սրբ. Պապը՝ Ֆրանչիսկոս նոյն իմաստով կը խօսի, երբ կ'ըսէ. անառակ հօր որդիին ակնարկելով «Յիսուս ամէն օր ձեզի կը սպասէ, անձկութեամբ եւ համբերութեամբ ձեզի կը սպասէ՝ ձեր բոլոր մեղքերը ներելու համար, իրեն գացէ՛ք»: Յիսուս կը ճանչնայ մեր սիրտը, մեր մտահոգութիւնները, մեր ցաւերն ու յուսախաբութիւնները, որ կրեցինք ուրիշներէն, բայց շատ անգամ ալ կրեցինք մեր սխալներէն, մեր անհոգութենէն եւ մեր ծուլութենէն:

 Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
 Յիսուս անհունօրէն մեզ կը սիրէ: Մեզ սիրելուն պատճառաւ է որ Ան կրեց այնքան չարչարանք հրեաներէն: Անոնք քանի մը օր առաջ իր Երուսաղէմի յաղթական մուտքը տօնեցին Օվսաննա աղաղակներով եւ իրենց հագուստները իր ոտքերուն տակ փռելով: Անոնց ծրագիրն էր զինք տեսնել հզօր թագաւոր, հռոմայիցները վտարելու համար իրենց երկրէն եւ կրկին հաստատելու Դաւիթի թագաւորութիւնը: Բայց, յուսախաբ մնացին, որովհետեւ Յիսուս աշխարհ եկաւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը հաստատելու համար երկրի վրայ, բոլոր մարդոց համար եւ ոչ թէ երկրային թագաւորութիւն մը ու միայն հրեայ ժողովուրդին համար: Ասոր համար, Յիսուս իրենց թշնամին դարձաւ եւ խնդրեցին անոր մահը աղաղակելով. թո՛ղ խաչուի, թո՛ղ խաչուի: Նոյնն է պարագան այսօր: Ով որ չուզէր Աստուծոյ ծրագիրը կատարել՝ սիրոյ, միութեան եւ ներողամտութեան ծրագիր, այլ կ'ուզէ իր ծրագիրը պարտադրել, որ չարէն կու գայ, այսինքն Սատանայէն: Այդ անձերը թշնամի կը դառնան Յիսուսի հաւատարիմ քրիստոնեաներուն եւ զիրենք կը հալածեն: Այս է այսօրուան Եւրոպայի շատ մը երկիրներուն դիրքորոշումը համոզուած քրիստոնեաներուն հանդէպ, որոնք կը հալածուին իրենց համոզումներուն համար, կը հալածուին իրենց գործին մէջ, որովհետեւ պետութիւնը իրենց հակաքրիստոնէական օրէնքներ կը պատրադրէ եւ պատիժի կ'ենթարկէ զանցառողները, այսինքն քրիստոնեաները եւ չեն յարգեր մարդոց խիղճը: Եւ ասոնք իրենք զիրենք դեմոկրատ երկիրներ կը կոչուին, իբրեւ թէ:

 Ուստի, քրիստոնեաները կը հալածուին այսօր իրենց կրօնքին համար, ոչ միայն ծայռայեղ ճիհատիստ իսլամներու կողմէ, այլ նաեւ երբեմնի քրիստոնեայ եւրոպական կառավարութիւններու կողմէ, ինչպէս են՝ Ֆրանսա, Անգլիա, Սպանիա, եւ ուրիշներ: Ասոր համար, Ֆրանչիսկոս Սրբ. Քահանայապետը յստակօրէն կ'ըսէ. «չկայ քրիստոնէութիւն առանց խաչի»: Այս խօսքը ըսաւ Սրբ. Պապը անցեալ տարի իր առաջին քարոզին ընթացքին իր ընտրութենէն ետք:
 
 Բայց ամէն քրիստոնեայ չընդունիր խաչը, որովհետեւ խաչը ըսել է՝ ցաւ, նեղութիւն եւ չարչարանք: Իրականութեան մէջ խաչը ինքնիրեն համար չի սիրուիր, բայց կ'ընդունուի միայն երբ սիրոյ նշանն է: Մնայուն հիւանդ զաւակ մը հօրը եւ մօրը համար խաչ է, բայց անոնք իրենց հիւանդ զաւկին սիրոյն համար կ'ընդունին ամէն տեսակ նեղութիւն եւ ծախս, որովհետեւ իսկապէս կը սիրեն իրենց զաւակը: Տիկին մը իր հիւանդ ամուսինը կը սիրէ. նոյնիսկ երբ ամուսինը անգործ մնայ եւ ինք յօժար կերպով կը սկսի աշխատիլ, զինք եւ ընտանիքը ապրեցնելու համար, ինքզինք զրկելով դիւրին կեանքէ եւ արդար հանգիստէ, որ կը վայելեն իրեն հասակակից տիկինները: Կ'ընդունի գործի յոգնութիւնը իր ընտանիքին սիրոյն համար եւ առանց գանգատի: Դուք ալ ծանօթ էք ուրիշ շատ մը օրինակներուն:
 Ուստի յոգնութիւնը, անհանգստութիւնը, զրկումը՝ առօրեայ խաչերն են բազմաթիւ հայրերուն եւ մայրերուն համար, որոնք շատ անգամ լոելիայն կը տանին իրենց ցաւը, իրենց խաչը: Անոնք շատ անգամ կ'ապաւինին Աստուծոյ իրենց աղօթքներուն մէջ: Յիսուսին խաչը պատասխան է իրենց խաչերուն: Արդ՞եօք Աստուած չէր սիրեր իր Միածին Որդին՝ Յիսուսը: Անշուշտ թէ կը սիրէր, բայց յարութեան ճամբան խաչէն կ'անցնի: Հրեաները չհասկցան Աստուծոյ ծրագիրը եւ ասոր համար Յիսուսին թշնամի դարձան: Այսօր ալ, անոնք որ չեն հասկցած որ յարութեան ճամբան խաչէն կ'անցնի յուսախաբ կը մնան եւ տխուր: Անոնք Աստուծմէ կը հեռանան, որովհետեւ իրենց կամքը չկատարեց, ինչպէս հրեաները Յիսուսէն հեռացան որովհետեւ կ'ուզէին իրենց կամքը կատարել եւ ոչ թէ Աստուծոյ կամքը:
 Մենք յոյսով եւ հաւատքով կ'ապրինք ամէն տեսակ նեղութիւն կրելով, որովհետեւ Յիսուս յարութիւն առաւ եւ յաղթեց մահուան, յաղթեց Սատանային: Ս. Պօղոս նշանակալից խօսք մը կ'ըսէ այս ուղղութեամբ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն չառաւ, ուրեմն ի զուր է մեր հաւատքը եւ դուք տակաւին կը մնաք մեղքերուն մէջ: Իսկ անոնց որ ննջեցին ի Քրիստոս, (այսինքն անոնք որ մեռան,) արդեօք կորսուեցա՞ն: Եթէ մեր յոյսը Քրիստոսի վրայ այս կեանքին համար է միայն, մենք բոլոր մարդոց մէջ, ամէնէն ողորմելիներն ենք: Բայց ո՛չ, Քրիստոս յարութիւն առաւ, Ան առաջին պտուղն է ննջեցեալներուն» (1 կոր 15,17-20):
 Այսինքն, եթէ յարութիւն չկայ եւ մահը վերջակէտ մըն է, ապշութիւն է յաճոյքներէն զրկուիլ: Ով որ յարութեան չի հաւատար, կ'անցնէ ամբողջ կեանքը դրամ դիզելով, բարեկամներ շահելով եւ անմաքուր հաճոյքներով: Իսկ համոզուած քրիստոնեան Յիսուսի յարութիւնը կը տեսնէ եւ գիտէ որ մահը վերջակէտ մըն չէ: Ասոր համար, Սրբ. Պապը՝ Ֆրանչիսկոս իդ Ծաղկազարդի քարոզին ընթացքին ըսաւ իր ունկնդիրներուն. «Խաչը համբուրեցէք»:

 Յիսուսն ալ խաչը ընդունեցաւ միմիայն որպէսզի քաւէ մեր մեղքերը, ինք որ անմեղ էր, որովհետեւ մեզ կը սիրէ անհունօրէն եւ կ'ուզէ մեր մեղքերը ջնջել եւ երկինքը բանալ մեր առջեւ: Արդարեւ, երկնքի դռները գոց մնացած էին Ադամի եւ Եսայի մեղքէն ի վեր: Յիսուսն է, որ խաչելութենէն եւ մահէն ետք, յարութիւն առաւ եւ բացաւ երկինքը: Ասոր համար Սրբ. Պապը կ'ըսէ. «երկինքին ճամբան խաչէն կ'անցնի»: Աս է ճամբան որ Յիսուս առաւ: Աս է ճամբան ամէն Յիսուսի աշակերտին, ամէն քրիստոնեային, որ կ'ուզէ Յիսուսին հետեւիլ երկինք հասնելու համար:
 Խաչը կ'ենթադրէ յոգնութիւն, զոհողութիւն, համբերութիւն: Բայց անոր վաղճանը ապահով է. երջանկութիւն է, խաղաղութիւն եւ յաւիտենական հանգիստ: Քանի ու քանի մարդ ու կին, երիտասարդ ու երիտասարդուհիներ կը տքնին, կը զոհուին եւ ժամանակ կը տրամադրեն որոշ շահին համար, կամ անցողակին շքանշանի մը կամ պատիւի մը համար՝ իրենց կեանքին տարիները կը զոհեն այդ դիրքին կամ գումարին հասնելու համար, գումար մը որ յետոյ հիւանդութեան մը, արկածի մը կամ ուրիշ անսպասելի դժբախտութեան մը պատճառաւ զայն կը կորսնցնեն, ինչպէս է պարագան մեր անմեղ եղբայրակից Հալէպի, Դամասկոսի եւ Քեսապի հայերուն: Տարիներէ ի վեր հանգիստ կ'ապրէին եւ յանկարծ ամէն ինչ թողուցին իրենց կեանքը ազատելու համար:

Սուրբ Աւետարանին մէջ Յիսուս մեզի իմաստուն դաս մը կու տայ, երբ կ'ըսէ. «աշխատեցէք այն կերակուրին համար որ կը մնայ յաւիտենական կեանքին համար եւ ոչ թէ այն կերակուրին համար որ կ'անցնի»: Այն կերակուրը Յիսուսը լաւ ճանչնալը եւ անոր սէրը վայելելն է, եւ զայն ուրիշներուն վայելել տալն է. ամէն:

 Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց

 
   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ