Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2012 - Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց համաժողովի բացում
Հարիսա, Լեռնալիբանան

Երէկ՝ երկուշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2012-ին, Հարիսայի Պէթանիա կեդրոնատեղիին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց համաժողովին, ներկայութեամբ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ՝ Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ Կապրիէլ Քաչչային։ Համաժողովին կը մասնակցի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, ինչպէս նաեւ մարոնի պատրիարք՝ կարդինալ Պշարա Րաիին, յոյն կաթողիկէ պատրիարք Լահհամը, ասորի կաթողիկէ պատրիարք Եունան, եպիսկոպոսներ ու ներկայացուցիչներ այլ արեւելեան կաթողիկէ Եկեղեցիներու եւ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար՝ մոնսինիոր Ուահիպ Խաուաժա։  Համաժողովին Հոգեւոր Տիրոջ կþընկերանան արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեան եւ արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան:

Բացման արարողութեան միացեալ աղօթքէն ետք ըստ մարոնի ասորի ծէսին, զոր նախագահեց Րաիի պատրիարքը, ան համաժողովին բացման խօսքը արտասանեց, ապա մեկնարկեցին դռնփակ ժողովները, որոնք պիտի ընթանան մինչեւ վաղը կէսօր։    

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ