Կիրակի, 11 Մայիս 2014 - Քեսապի վերականգնումը կը սկսի բոլորիս մտքերուն մէջ: Իմացո՛ւր քու ծրագիրիդ մասին:

 

Պէյրութ

www.armeniancatholic.org կայքի տնօրէնութիւնը՝ Քեսապի վերականգնման նախապատրաստութեան աշխատանքին իր համեստ մասնակցութիւնը բերելու նպատակով, կը մեկնարկէ Հայկական Քեսապի եւ շրջակայ բնակավայրերու ապագայ վերականգնումին եւ շրջանի հայ բնակչութեան զօրակցութեան ուղղուած նախաձեռնութիւն մը որ կը հանդիսանայ Facebook ընկերային հաղորդակցութեան կայքին վրայ հաստատուած Վերադարձ`Քեսապ - Rebuild Kessab էջը:

Սոյն նախաձեռնութիւնը կը միտի համայն հայութեան մէջ վառ պահել Քեսապի շրջանի հայութեան` վերադառնալու յոյսը եւ ստեղծել միջավայր`Քեսապի մէջ հայկական կեանքի վերականգման մասին ծրագիրներ եւ առաջարկներ ներկայացնելու հանրութեան: Այս նախաձեռնութեան նպատակն է սատարել գործունէութեանց այն պաշտօնական մարմիններուն, որոնք արդէն վերականգնումը լրջօրէն կը ծրագրեն:

 

Կը սպասուի աշխարհի բոլոր կողմերէն հայորդիներուն մասնակցութիւնը այս էջին վրայ, հոն զետեղելով իրենց առաջարկները ու ցանկութիւնները ի խնդիր Քեսապի եւ շրջակայ հայկական գիւղերուն մէջ հայ կեանքի  լիարժէք վերահաստատման համազգային աշխատանքներուն յաջողութեամբ պսակումին:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ