Չորեքշաբթի, 25 Օգոստոս 2010 - Հաղորդագրութիւն

 

Պէյրութ, Լիբանան

Երկուշաբթի 23 օգոստոս 2010, կէսօրուայ ժամը 12:00ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը` Բագօ Սահակեան, ընկերակցութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան՝ պրն. Աշոտ Քոչարեանի, Ա.Հ. կրթութեան եւ գիտութեան նախարար պրն. Վլատիկ Խաչատրեանի,  Լիբանանի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ՝ պրն. Կարօ Քեպապճեանի, Ա.Հ. նախագահի խորհրդական՝ պրն. Արմէն Իսակուլհովի եւ Ա.Հ. նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ՝ պրն. Դաւիթ Պապայեանի,  այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան: Հանդիպումին ընթացքին ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը բարի գալուստի խօսք ուղղեց նախագահին:  Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը անդրադարձաւ Սփիւռք-Արցախ սերտ յարաբերութեան, յիշատակելով մասնաւորապէս 2006-ին իր Արցախ կատարած հայրապետական այցելութիւնը: Հոգեւոր տէրը անդրադարձաւ նաեւ Վատիկանի հրապարակին վրայ զետեղուած  սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի արձանին բացման արարողութեան, որուն ներկայ էին տարբեր անձնաւորութիւններ, ներկայացուցիչներ տարբեր համայնքներէ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու մեծ բազմութիւն մը ժամանած այլ երկիրներէ, ինչ որ ցոյց կու տայ միասնականութեան պատկերը մեր հայ ժողովուրդին:  Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը շեշտեց  անձնական շփումներուն կարեւորութեան փոխադարձ ծանօթացման եւ Սփիւռքի հետ յարաբերութեանց զարգացման համար: Ան յայտնեց Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ամբողջական զօրակցութիւնը ԼՂՀ եւ յատկապէս անոր միջազգային ճանաչման գործընթացին: Հոգեւոր տիրոջ խօսքէն ետք,  ԼՀՂ նախագահը փոխանցեց իր անկեղծ տպաւորութիւնները Լիբանանի այցելութեան մասին: Ան անդրադարձաւ նաեւ Արցախահայութիւնը եւ անոր հետ համայն հայ հայութիւնը յուզող հարցերու, կոչ ուղղելով համայն հայ ժողուովուրդի աջակցութեան բարելաւելու համար ԼՂՀ իրավիճակը: Նախագահին խօսքէն ետք, կարճ զրոյց մը տեղի ունեցաւ ներկաներուն հետ: Այցելութեան աւարտին, հոգեւոր տէրը եւ ԼՀՂ նախագահը փոխանակեցին յիշատակի նուէրներ:
Հրաժեշտ առնելէ առաջ, նախագահ Բագօ Սահակեան իր սրտի մաղթանքը արձանագրեց պատրիարքարանի ոսկեմատեանին մէջ:

Դիւան՝
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ