Չորեքշաբթի, 14 Փետրուար 2007 - Վարդանանց Տօնահանդէս


Չորեքշաբթի, 14 Փետրուար, 2007-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հ.Կ.Մ.ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց Տօնահանդէս, բարձր հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց:

Տօնահանդէսին բացումը կատարեցին Ս.Փրկիչ եկեղեցւոյ «Բլբուլ» երգչախումբի փոքրիկները Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով:

Ապա բացման խօսք կատարեց Տիկ. Սիպիլա Փաչանեան, նշելով թէ Վարդանանց պատերազմը Հայ ժողովուրդի համար պատմական, հոգեկան եւ բարոյական մեծ նշանակութիւն ունեցած է դարեր շարունակ, եզրակացնելով թէ մեր պատմութիւնը ունեցած է Վարդանի նման բազում նահատակներ, որոնց հաւատքին եւ քաջութեան շնորհիւ այսօր կը գոյատեւէ Հայ ժողովուրդը:

Տօնահանդէսի գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Բլբուլ» երգչախումբը, «Մենք քաջ տոհմի զաւակներ ենք», «Վարդանանց Ասպետներ» եւ «Մայր Հայաստան» խմբերգներով. ինչպէս նաեւ՝ Մեսրոպեանի նուագախումբը «Խուժան Ասկեար» եւ «Զէյթունցիներ» երաժշտական կտորներով:

Այս միջոցառման բանախօսն էր աստուածաբանութեան մասնագէտ՝ Տիար Րաֆֆի Հովհաննէսեան: Ան իր խօսքը սկսաւ հետեւալ տողերով «Դուն քանի տարի պիտի ապրիս դեռ, որքան ալ ապրիս՝ պիտի մեռնիս, եթէ չես հասկցած անոր իմաստը, պիտի մեռնիս մեռնելու համար», որովհետեւ Վարդանանք ըսին «Մահ իմացեալ անմահութիւն է»: Շատեր կը մեռնին առանց գիտնալու, որովհետեւ կը մեռնին իրենց կեանքը իրենց համար միայն ապրելով:

Ապա տուաւ Վարդանանց պատգամը, հիմնուեով երեք հիմնական գաղափարներու վրայ: Առաջին պատգամը պատուէր է մեր բոլորին դիւրին, բայց դժուար ապրելի: Երկրորդը՝ պատգամ է կրօնական ըմբռնումով, որ կը նշանակէ Աստուծոյ կամքը, դիւրին բայց առաւել դժուար ապրելի, հիմնուելով Քրիստոսի տասը պատուիրաններէն առաջին երկուքին, որոնք կը թելադրեն սիրել զԱստուած բոլոր սրտով եւ սիրել ընկերը անձին պէս: Երրորդ պատգամը համախօսական վճիռ է ուղղուած մեզի, որովհետեւ Վարդանի ուխտը ոչ մէկը կրնար խախտել, սակայն եթէ իրապաշտօրէն մօտենանք մեր ապագային քիչեր կան այսօր «վասն կրօնի եւ հայրենեաց զոհուողներ»:

Ապա ներկաներուն բացատրեց վարդան բառին իմաստը. թէ վարդ է ան, որ կը յառաջանայ վարդիա բառէն, որ կը նշանակէ սուրբ կրօնը աճեցնող եւ վարդ է ան, որովհետեւ կրօնքն է ազգին:

Գալով Լիբանանահայ գաղութին, Տիար Րաֆֆի Յովհաննէսեան իր մտահոգութիկնը յայտնեց մեկնելով այն իրողութենէն թէ վերջին 36 տարիներուն գաղութը փակած է 36 հայկական վարժարաններու դռները.արդեօք եկող 28 տարիներուն գաղութը պիտի կարեն՞այ պահել իր մնացեալ 28 վարժարանները: Վարդանանց խորհուրդին կապելով իր այս մտահոգութիւնը , ըսաւ թէ ազգի մը համախոհութիւնը եւ միաբանութիւնը անհրաժեշտութիւն է գործով՝ եւ ոչ թէ խօսքով: Վարդանանք յաղթեցին որովհետեւ անոնք համախոհ ազգայիններ եւ կրօնաւորներ էին: Վարդանը նմանցուց Րաֆֆիի «Խենթ»ին եւ իր խօսքը փակեց Պ.Սեւակի «Երբ չի մնում ելք ու ճար խենթերն են գտնում հնար» տողերով:

Ապա բեմ բարձրացաւ Մեսրոպեանի պարախումբը «ՅաղթութեանՊար»ով, որմէ ետք Արծիւեան երգչախումբը խմբավարութեամբ Պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի հանդիսատեսին հրամցուց «Ձայն Տուր, Ով Ֆետա», «Երանելի Մալոյեանին» եւ «Երազ Իմ Երկիր Հայրենի» խմբերգները մենակատարութեամբ Անահիս Նենէճեանին: Իսկ «Միասնութեան Շուրջպարը» խմբերգը կատարեցին «Բլբուլ» եւ «Արծիւեան» երգչախումբները միասնաբար:

Հանդիսութեան փակման խօսքին համար բեմ հրաւիրուեցաւ Արհի. Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանը որ ըսաւ թէեւ Վարդանը չկայ այսօր, բայց անոր ոգին մեր մէջ է: Վարդանանց պատերազմը իր կուռ եւ իմաստալից խորհուրդով կը տօնենք որ պարտութիւն է բայց միաժամանակ յաղթանակ: Ան շեշտեց թէ այդ պարտութեամբ է որ մեր հաւատքը պահեցինք եւ հայ հաւատքով միշտ դէպի յաղթանակ կ՛առաջնորդուինք:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ