Շաբաթ, 3 Յունուար 2009 - Մեսրոպեանցի Նարօտ Ատուրեան Կը Մեկնի Վատիկան

Լիբանան

 
29 Դեկտեմբեր 2008-ին Լիբանանէն տասներկու հոգինոց մանուկներու խումբ մը, կաթողիկէ վարժարաններէն ընտրուած, մեկնեցաւ Վատիկան, իր մասնակցութիւնը բերելու համար 1 Յունուրին Սրբազան Քահանայապետ Պենետիկտոս 16-րդի մատուցած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին:
Ի մեծ ուրախութիւն Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի մեծ ընտանիքի, վարժարանը նկատի առնուած է իր մէկ աշակերտով մաս կազմելու համար վերոյիշեալ պատմական սուրբ արարողութեան:
Այսպիսով, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի վեցերորդ դասարանի աշակերտուհի՝ Նարօտ Ատուրեան մաս կը կազմէ Վատիկան մեկնող խումբին, որ հոն պիտի հիւրընկալուի մինչեւ 5 Յունուար 2009:
Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի Տի.Էմ.Էս Օնլուս քրիստոնէական բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ՝  վարժարանի նուիրեալ բարերարներէն ու անկեղծ բարեկամներէն, Փրո‎ֆ. Անճելօ եւ Պարպարա Պոզիոներէն ստացուած 14 Նոյեմբեր 2008 թուակիր նամակ մը կու գայ տեղեկացնելու, որ. «Մեծ ուրախութեամբ կÿիմանանք, որ Մեսրոպեանի երիտասարդ աշակերտուհին պիտի մեկնի 2008-ի տօնական ժամանակաշրջանը քաղաք Վատիկանի մէջ անցնելու, ուր ան աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած բազում մանուկներու կողքին օրհնութիւնը պիտի ստանայ Սրբազան Քահանայապետին»:
Նկատի ունենալով, որ Լիբանանը երկարատեւ պատերազմ տեսած երկիր է, Փրո‎ֆ. Անճելօ եւ Պարպարա Պոզիոները մեծ սիրով Նարօտի միջոցաւ Իրաքի մանուկներուն Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի առիթով կը նուիրեն 10,000 ամերիկեան տոլար: Այս նուիրատուութեամբ անոնք կու գան լիբանանահայ մանուկներու անունով ողջունելու Իրաքի մանուկները, որոնք «լաւ գիտեն, թէ ինչ է պատերազմը եւ օրական դրութեամբ կÿապրին անոր վնասնե¬րը: Կÿաղօթենք, որ Ս. Հոգին օգնէ խաղաղութեան մէջ պահելու աշխարհի բոլոր մանուկներն ու անոնց ընտանիքները»:
Այս գումարը Նարօտ պիտի յանձնէ Սրբազան Քահանայապետին, որպէսզի ան իր ձեռամբ այդ նուէրը հասցնէ Իրաքի կաթողիկէ մանուկներուն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ