Երեքշաբթի, 5 Յունիս 2012 - Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը կ՛եզրափակէ Ընտանիքներու համաշխարհային 7-րդ հաւաքը


Միլանօ, Իտալիա

Կիրակի, 3 յունիս 2012, առաւօտեան ժամը 10-ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը Պրէսսոյի զբօսայգիի տարածքին վրայ գլխաւորեց բացօթեայ սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն աւարտին արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Եկեղեցւոյ` որպէս զանազան ազգերու հաւատացեալներու ժողով մը։ «Եկեղեցին մէկ ու տիեզերական է - ըսաւ Ան - հիմնուած Յիսուս Քրիստոսի կողմէ»։
Ապա խորհրդածելով օրուան սուրբ Գրային ընթերցումներուն մասին, սրբազան հայրը ակնարկեց Մկրտութեան խորհուրդին «որ անհատը կը դարձնէ Եկեղեցւոյ անդամ»։ Խօսեցաւ Ընտանիքի միութեան մասին։ Այր ու Կնոջ դերին ու անոնց ամէն մէկուն հաւասար արժանապատուութեան մասին։ «Ամուսնութեամբ մէկը միւսին չի նուիրեր մասնիկ մը, այլ ամբողջական կեանք մը - հաստատեց Ան - եւ սուրբ Պսակի խորհուրդին մէջ Յիսուսն է որ կը մասնակցի իր սիրով»։
Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ ընտանիքի կարեւորութեան եւ Ընտանիքի համաշխարհային օրուայ իմաստին, իսկ քարոզին վերջաւորութեան Ան քաջալերանքի խօսք մը ուղղեց նաեւ անոնց՝ որոնք թէեւ կը շարունակեն Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ մնալ, սակայն իրենց ընտանեկան կեանքէն ներս կ՛ապրին ձախորդ փորձառութիւն մը (բաժանում)։ Հուսկ եզրափակելով խօսքը, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. «Ընտանիք, աշխատանք եւ Տօն. Աստուծոյ այս երեք պարգեւները գտնելու են ներդաշնակ հաւասարակշռութիւն մը աւելի մարդկային հասարակութիւն մը կերտելու համար»։
Պատարագի աւարտին, Սրբազան Հայրը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին յայտարարեց թէ Ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքի յաջորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 2015-ին ֆիլատելֆիոյ մէջ, Միացեալ Նահանգներ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ