Երկուշաբթի, 12 Օգոստոս 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսք. Մեր Առօրեային Շէնացումին Եւ Հրճուեցումին Համար…


Սիրելի՛ ընթերցող, այս օրուան աւետարանային ընթերցուածը (Մրկ. 1,35-39) կը բաղկանայ չորս նախադասութիւններէ, որոնք իրենց կարճութեան մէջ իսկ մեզի կու տան երեք դասեր մեր ամէնօրեայ կեանքին համար:
Նախօրօք, Յիսուս Քրիստոս, Ողորմա՛ծն ու Մարդասէ՛րը, կատարած էր հրաշագործ բժշկութիւններ` «զանազան ցաւերէ բռնուած բազմաթիւ հիւանդներ» բուժելով, ինչպէս նաեւ` «սատանաներ արտաքսելով» դիւահար անձերէ (Մրկ. 1,32-38):
Այսօր ալ ունինք հիւանդներ ու դիւահարներ, որոնք թէեւ պէտք ունին բուժումի, բայց եւ այնպէս չեն բժշկուիր հրաշապէս… Ո՞վ է յանցաւոր…: Յիսուս Քրիստո՞ս` Գթասի՞րտը, Սքանչելագո՞րծը, Ամենակարո՞ղը…
Ուղիղ պատասխանը քեզի ձգելով` կը յիշեցնեմ բոլորին, թէ անցեալ տարի, հոկտեմբերին, անարժանս ալ սքանչելապէս բուժուեցայ անբուժելի հիւանդութենէն…
Այո՛, Յիսուս Քրիստոս, Ամենաբարի՛ն ու Սիրայօժա՛րը, միշտ պատրաստ է հրաշագործելու այսօր ու վաղը, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս` ներկային եւ ապագային մէջ, քանի «Յիսուս Քրիստոս, երէկ եւ այսօր, նոյնն է միշտ ու յաւիտեան» (Եբ. 13,8):
Այս նոյն Յիսուս Քրիստոսն էր, Աստուածային Վարդապե՛տը, որ այսօր իր կեանքին օրինակով յաջորդ երեք դասերը կու տայ մեզի, այսինքն` սորվիլ եւ օրինակ առնել ուզողներուն:
Առաջին դասը: Իր յոգնածութեան ի հեճուկս` «առաւօտը, արեւածագէն առաջ, Յիսուս ելաւ ու մեկնեցաւ քաղաքէն դէպի անապատ տեղ մը եւ հոն կ՛աղօթէր»:
Առտու-կանո՛ւխ աղօթել: Այսօր այլեւս ո՞վ կը կատարէ մանկութեան ատեն սորված իր «առաւօտեան աղօթքը»… Քանինե՞ր լաւ ու լման գիտեն տէրունական եւ հրեշտակային աղօթքները…
Արթննալուն պէս` առաջին մտածումն ու առաջին ողջոյնը պատկանելու են Աստուծոյ, որ ոչ միայն մեր Արարիչն է, այլ նաեւ Տէրն է ժամանակին ու Պարգեւիչը` բոլոր բարիքներուն:
Դեռ կը յիշեմ եւ կը գործադրեմ: Վիեննա, Մխիթարեան դպրեվանքին մէջ, 1961-ի փետրուարին, տակաւին արաբախօս պատանի էի, երբ սորվեցուցին ամէն առտու, արթննալուն պէս, աղօթել այս փառաբանական սլացականը .«Օրհնեալ է Աստուած»:
Շնորհակալութի՛ւնս Տիրոջ, որ նոր օր շնորհեց ինծի: Օրուան սկիզբը կը վերաբերի Աստուծոյ: Օրս կը սկսիմ Աստուծմով, որ կարենամ շարունակել Աստուծոյ համար:
Պարզ խորհուրդ մը տամ քեզի, որ կարենաս շէնցնել առօրեադ: Օրուանդ ընթացքին պիտի գտնես պահիկ մը, րոպէ մը, որ պիտի պատկանի միայն ու միայն Աստուծոյ: Երկու-երեք վայրկեան տրամադրէ՛ Յիսուսին, Մարիամին` միայն անոնց հետ առանձնանալով, խօսակցելով եւ աղօթելով…
Յիսուս Եղբօրդ ու Մարիամ Մօրդ հետ այս մտերմութիւնը փորձէ՛ եւ ամէնօրեայ սովորութիւն դարձո՛ւր, ապա քու կեանքիդ մէջ դո՛ւն պիտի ապրիս նորութիւններ, հրաշագործութիւններ…
Երկրորդ դասը: Իրենց Վարդապետին բացակայութեան, արթննալով ու անդրադառնալով իրենց առանձնութեան եւ անօգնականութեան, «Սիմոն եւ ընկերները կը փնտռէին Յիսուսը»:
Ինչպէս Պետրոս եւ աշակերտները իրենք զիրենք լաւ չեն զգար, նոյնպէս հարազատ
քրիստոնեաները անօգնական կը մնան առանց Յիսուսի, որուն քաղցրահզօր ձայնը միշտ կը լսեն կ՛ուզեն. «Ես եմ, մի՛ վախնաք: Քաջալերուեցէ՛ք, Ես յաղթեցի աշխարհին»:
Փնտռողները գտան իրենց Յոյսը, իրենց Լոյսը. «Բոլորը Քեզ կը փնտռեն»: Արդ, «բոլոր»-ին մէջ մենք ալ կա՞նք… Մենք, մեռոնաօծ կնքեալներս, կը փնտռե՞նք ու կը գտնե՞նք Յիսուսը, որ ըլլայ եւ մնայ մեր «Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը, Կեանքը»…
«Ճանապարհը», Յիսուս Քրիստոս, որ անշեղ ու նպատակահաս է, քանի «ոչ մէկը կու գայ իմ Հօրս, եթէ ո՛չ` Ինձմով»:
«Ճշմարտութիւնը», Յիսուս Քրիստոս, որուն ուղղուած վկայութիւնը ճիշդ է. «Վարդապե՛տ, գիտենք, որ ուղիղ կը խօսիս ու կը սորվեցնես… ամենայն ճշմարտութեամբ կը քարոզես Աստուծոյ ճամբան» (Ղկ. 20,21):
«Կեանքը», Յիսուս Քրիստոս, որ կը յայտարարէ բոլորին. «Ով որ խմէ այն ջուրէն, զոր Ես պիտի տամ, երբեք պիտի չծարաւնայ: Ջուրը, զոր Ես պիտի տամ, պիտի ըլլայ  աղբիւր ցայտող ջուրին` յաւիտենական կեանքին համար» (Յվհ. 4,14):
Երրորդ դասը: «Երթանք ուրիշ տեղեր, մերձակայ գիւղերը, որպէսզի հոն ալ քարոզեմ, որովհետեւ ասոր համար եկած եմ»: Յիսուսի խօսքը Յիսուսի գործն է, քանի` «կը շրջէր Գալիլիոյ բոլոր կողմերը եւ կը քարոզէր ժողովարաններու մէջ»:
Քրիստոս` Քարոզիչը, Առաքեալն է: Օրինակ առնենք եւ դառնանք քարոզիչներ մեր շրջապատին, առաքեալներ մեր միջավայրին, որոնց բացակայութենէն կը տառապին մեր յարկերը, կը տուայտին մեր  ակումբները, ուղեկորոյս դարձած է մեր աշխարհը:
Քարոզիչներ եւ առաքեալներ, սակայն, ո՛չ մեր խօսքին, գիտցածին ու գործին, այլ` միայն Յիսուսի խօսքին, գիտցածին ու գործին, որպէսզի թէ՛ ճանչնանք ու գիտնանք, թէ՛ ճանչցնենք ու գիտցնենք, որ «Հայրը Որդիին մէջ է, եւ Որդին` Հօր մէջ»:
Միայն այնպէս արժանի կ՛ըլլանք մենք, որ Հայրը եւ Որդին գան մեզի ու հաստատեն իրենց բնակարանը մեր մէջ (Յվհ. 14,23):

Այնճար, 4 օգոստոս 2013
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ