Հինգշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2012 - Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց խորհուրդի ժողովին բացումը

Պքերքէ, Լիբանան

Հինգշաբթի 6 դեկտեմբեր 2012-ին, Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց խորհուրդը իր հերթական ժողովը սկսաւ Պքերքէի մէջ, մասնակցութեամբ պատրիարքներու, եպիսկոպոսներու եւ միաբանական մեծաւորներու։ Ժողովը կ'ընթանայ մինչեւ շաբաթ 8 դեկտեմբեր։ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը կը մասնակցի ժողովին, ընկերակցութեամբ արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեանի եւ արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի։

Ժողովին բացումը կատարեց մարոնի պատրիարք՝ կարդինալ Րաիի, որ նախ ողջունեց նոր եպիսկոպոսները, որոնք մաս կազմեցին խորհուրդին։ Ան իր խօսքին մէջ զգուշացուց ընկերային ու տնտեսական տագնապէն եւ անոր վտանգաւոր հետեւանքներէն, վերյիշելով Առաքելական Յորդորին հաղորդութեան ու վկայութեան պատգամը։ Ան յորդորեց եպիսկոպոսները, «ամրապնդելու վկայութեան եւ ծառայութեան առաքելութիւնը իրենց թեմերէն ներս, ինչ որ ըլլան ընկերային եւ հոգեւոր պայմանները», եւ կոչ ուղղեց նուիրեալներուն որպէսզի «գործեն հաղորդութեամբ եւ սիրով իրենց եկեղեցիներուն մէջ, իսկ աշխարհականները գործնական թարգմանեն Աւետարանին եւ Եկեղեցւոյ գործերը»։
  
 

 


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ