Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2010 - Վերամուտը Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ


Պուրճ Համուտ, Լիբանան

 

Հայ
Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի վերամուտը Չո­րեք­շաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2010-ին էր։ Ամառնային երկար արձակուրդէ ետք դպ­րոց վերադարձան միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշա­կերտ­ները։ Յաջորդ օր՝ Հինգշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2010-ի առաւօտեան նա­խա­կրթա­րանի աշակերտութեան կարգն էր։ Դպրոցին բակը տօնական մթնոլորտ կը տիրէր։ Գունաւոր փուչիկներով եւ «Բարի Վերամուտ» խոշոր պաստառով զար­դարուած շրջափակին մէջ հաւաքուեր էին աշակերտներն ու իրենց ծնող­նե­րը։ Դպրոցի կենսագրութեան մէջ իր նախադէպը չունեցող փոքրիկ վերա­մու­տի ձեռնարկով մը պիտի սկսուէր օրը։ Աւարտական դասարանի աշա­կերտ­նե­րէն՝ Մելքոն Էլէյճեան արտասանեց աշակերտութեան ուղղուած իր խօսքը, որուն մէջ ան դպրոցի պատմութիւնը ուղիղ համեմատականի մէջ դրաւ այն գիր­քին հետ, որ կը պատմէ բերքատու պարտէզին մասին, որուն «71-րդ ծառը այ­սօր կը տնկենք» եւ «Այսօր բացած ենք այս պարտէզին պատմութեան գիրքին ճերմակ էջը։ Չխորհիք թէ պատմութիւնը վերջ գտած է այսպիսով։ Բարեբեր հողը չի կրնար դադրիլ ծաղկելէ։ Անկարելի է։ Ուրեմն, այս գիրքը անպայման ունի շարունակութիւն»։

Մելքոն Էլէյճեան իր խօսքին շարունակութեան մէջ սիրելի վարժարանը նման­ցուց այն հոգատար պարտիզպանին, որ երկար տարիներ կը խնամէ իր ծա­ռերը, օրին քաղելու համար անոնց պտուղները։

Աշակերտի խօսքին յաջորդեց գաղութիս սիրուած երգչուհի՝ Գարմէն Աճէմ­եանին ելոյթը։ Անոր «Առաջ, Առաջ, Հայաստան» եւ «Տէր Աստուած, փառքդ մեծ» երգերուն հոյակապ կատարումը գերեց եւ ոգեւորեց բոլոր աշա­կերտ­նե­րը, ստեղծելով վերամուտի ուրախ տրամադրութիւն մը։

Վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ խօսելով, բոլոր աշակերտ­նե­րուն եւ ներկայ ծնողներուն շնորհաւորեց վերամուտին առիթով, մաղթելով բոլորին բարեբեր եւ արդիւնաբեր տարի մը։

Այնուհետեւ բոլոր աշակերտները ուղղուեցան իրենց դասարանները, սկսելու համար նոր ուսումնական տարին։

 

Տեսչական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ