Պէյրութ
Այսօր Շաբաթ 11 Յունիս 2011, կէսօրուան ժամը 13.00-ին Հայ Կաթողիկէ Պատրաիրքութեան դիւանը կը յայտարարէ թէ Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը ընդունեցաւ Արհիապատիւ հայր Վարդան եպիսկոպոս Աշքարեանին ներկայացուցած հրաժարականը իր թեմական պաշտօնէն, տարիքի (75 տարեկան) սահմանումի բերումով:
Արհիապատիւ հայր Վարդան եպիսկոպոս Աշքարեան հրաժարեալ կը նկատուի պատրիարքական թեմէն ներս պատրիարքական փոխանորդի եւ ստանձնած այլ բոլոր պաշտօններէն: Արհիապատիւ հայր Աշքարեան կը մնայ ցկեանս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնոդհոսի անդամ ըստ հրաժարեալ եպիսկոպոսի սահմանուած կանոններուն:
Նշենք թէ արհիապատիւ հայր Վարդան Եպիսկոպոս Աշքարեան ծնած է Մուսա լեռ 22 Յունուար 1936-ին: Քահանայ ձեռնադրուած է 22 Յունուար 1961-ին: Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնոդհոսը զինք եպիսկոպոս ընտրած է, տիտղոսաւոր՝ Թոքաթի հայոց եւ օգնական պատրիարքական թեմին: 1988-ի Յունուար 17-ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. կաթողիկոս պատրիարքը զինք ձեռնադրած է եպիսկոպոս:
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի