Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2009 - Սուրբ Պօղոսի տարիին փակումը Լիբանանի մէջ

Լիբանան

 

Պօղոս առաքեալի ծննդեան 2000-ամեակին նուիրուած տարուան եզրափակիչ արարողութիւն, Հարիսայի յոյն կաթողիկէ «Ս. Պօղոս» պազիլիքին մէջ:

 

Երկուշաբթի, 29 Յունիս 2009-ի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մասնակցեցաւ Պօղոս առաքեալի ծննդեան 2000-ամեակին նուիրուած տարուան եզրափակիչ արարողութեան,  Հարիսայի յոյն կաթողիկէ «Ս. Պօղոս» պազիլիքին մէջ:

Համամիութենական այս արարողութեան մաս կազմեցին տարբեր Եկեղեցիներու՝ ասորի, լատին, յոյն, հայ, եւ մարոնիթ ներկայացուցիչներ եւ հոգեւորականներ:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը երկրորդ կայանին աղօթքը կատարեց, ապա Զմմառու Միաբանութեան ժառանգաւորները, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ երգչախումբի անդամներ հայերենով երգեցին սուրբ Պօղոսի նուիրուած շարականը:

Յայտնենք, որ եզրափակիչ արարողութեան նախագահեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապի անձնական ներկայացուցիչ՝ Փարիզի կարտինալ Անտրէ Վենթրուա:

 

Հարիսայի մէջ Սուրբ Պօղոսի նուիրուած պազիլիքի նոր պրոնզէ մայր դուռը,

որուն վրայ պատկերացուած են սուրբ Պօղոսի կեանքէն ութ հանգրուաններ:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ