Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2008 - Հսկում Մեծ Եղեռնի 93-րդ Ամեակի Առիթով

 

 
Պէյրութ, Լիբանան
 

Հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն, Չորեքշաբթի 23 Ապրիլ 2008ին, ժամը 7էն սկսեալ, Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակէն ներս, տեղի ունեցաւ  Ապրիլեան նահատակներուն նուիրուած հսկումի երեկոյ՝ ներկայութեամբ մեծ թիւով հաւատացեալներու եւ հայորդիներու:

Հանդիսութեան սկիզբը Ս. Կուսին Աւետման ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան Գազանճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց հսկումի ընդհանուր ծրագիրը զայն բնորոշելով իբրեւ շարժուն յայտագիր որ կը բաղկանայ տարբեր հանգրուաններէ: Ձեռնարկի առաջին հանգրուանը մոմավառութիւննն ու աղօթն էր, որմէ ետք ներկաները դիտեցին վաւերագրական տեսաերիզներ, որոնք կ’անդրադառնային հայ ժողովուրդի պատմութեան ու Հայոց ցեղասպանութեան:

Լիբանանահայ արուեստագէտ՝ Րաֆֆի Ետալեան ներկայացուց Մեծ Եղեռնի նուիրուած գեղանկար մը «Վերապրող Վկաներ» խորագրին տակ:
 
301 Լիբանանահայեր եւ համակիր լիբանանցիք մաս կազմեցին այս ստեղծագործութեան, իրենց դրոշմը դնելով իբրեւ վկաներ ու ժառանգորդներ
 
 
Մեծ Եղեռնի նահատակներուն: Այս գործը նուիրուեցաւ Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարանին:

Շրջափակին մէկ անկիւնը յատկացուած էր մամուլին, ուր կը ցուցադրուէին Եղեռնի հետ առնչուած հրատարակութիւններ: Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան խօսք առնելով շեշտեց, որ հայ մամուլը պատմութեան մէջ հիմնական արժէք ունի, որուն շնորհիւ կարելի եղած է նոր սերունդին ծանօթացնել Եղեռնը:

Ապա բեմ բարձրացան խումբ մը երիտասարդներ, որոնք ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին երգեցին շարք մը երգեր, այնուհետեւ հսկումին բացման խօսքը հայերէնով արտասանեց Մհեր Գալէնտերեան: Ան ըսաւ, որ ոճրագործը տակաւին կը շարունակէ հերքել ճշմարտութիւնը եւ ուրանալ իր արիւնալի անցեալը:

Արաբերէնով խօսք առաւ Ժոէլ Ղապրօ Նաճարեան, որ նշեց, թէ հայութեան դատը ջահ մըն է, որ պիտի փոխանցուի սերունդէ-սերունդ, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը տիրանայ իր իրաւունքներուն:

 
Բացման խօսքերէն ետք բեմ բարձրացաւ օրուան առաջին բանախօսը՝ լրագրող Գարմէն Լապաքի, որ նշեց, թէ հայութիւնը հակառակ բոլոր ողբերգութիւններուն կրցաւ դէմ կանգնիլ հոսանքին եւ գոյատեւել: Լապաքի հաստատեց, թէ հայութիւնը վերապրեցաւ շնորհիւ իր հաւատքին ու կամքին:
 
 


Օրուան երկրորդ բանախօսն էր Վիգէն Աշգարեան: Ան ըսաւ, թէ Ապրիլ 24-ը դադրած է սուգի օր ըլլալէ եւ վերածուած է պայքարի ոգին վերանորոգելու օրի մը: Աշգարեան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է բարի դրացիական յարաբերութիւններ մշակել Թուրքիոյ հետ՝ առանց պատմական արդարութեան վերականգնման: Իր խօսքի աւարտին Վիգէն Աշգարեան շեշտեց հայկական ներքին ճակատին զօրացման կարեւորութիւնը՝ աւելցնելով, որ հայութիւնը հեռու պէտք է մնայ ազգակործան ամէն մասնակի ու նեղ հաշիւներէ, որոնք կը հեռացնեն ազգային կեդրոնական նպատակներուն իրագործումը:

Հսկումի երեկոյին վերջին բանախօսն էր Կաթողիկէ մամուլի համաշխարհային միութեան Լիբանանի ներկայացուցիչ՝ հայր Թոնի Խատրա, որ նշեց, թէ միջազգային ուժերը պէտք է ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, քանի որ այդ դէպքը մարդկութեան պատմութեան մէջ սեւ կէտ մըն է:

 
Հայր Խատրա նաեւ յայտնեց, որ հայերը միջքրիստոնէական կապերու ամրացման ու խաղաղութեան գործընթացներու ստեղծման մէջ ունեցած են մեծ դերակատարութիւն:

 

Բանախօսութիւններէն ետք Մարի Թերեզ Մինասեան նուագեց կիթառով, ապա «Կռունկ» երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝  Էտի Թորիկեանի մեկնաբանեց շարք մը շարականներ:

Այնուհետեւ յուշակոթողին շուրջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը վառեց խաղաղութեան ջահը եւ աղօթքով փակուեցաւ հսկումի արարողութիւնը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ