Շաբաթ, 24 Դեկտեմբեր 2011 - Մարինէ Գրիգորեանի համերգ Թրիփոլիի Սաֆատի մշակութային կեդրոնին մէջ


Թրիփոլի, Լիբանան

Հինգշաբթի 22 Դեկտեմբեր 2011, Թրիփոլիի Սաֆատի մշակութային կեդրոնի մէջ (Լիբանան), երեկոյեան ժամը 6ին, Հայաստանի Կիւմրի քաղաքէն ժամանած օրիորդ Մարինէ Գրիգորեան  փայլուն յաջողութեամբ ներկայացուց համերգ մը դաշնակի ընկերակցութեամբ Տիկին Ռուզաննա Գրիգորեանի:
Յայտագիրը կը բաղկանար երկու մասերէ՝ եւրոպացի երաժիշտներու,Կոմիտասի եւ Սայաթ Նովայի գլուխ գործերէն՝ արժանանալով մեծ սրահը լեցնող ունկրդիրներուն գնահատանքին եւ ծափին:
Հանդիսութեան սկիզբը Օրիորդ Ռիմա Ապու Պաքըր, ներկայացուցիչ Սաֆատի կեդրոնին շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին ապա Տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանին, որուն ջանքերուն շնորհիւ երկու արուեստագիտուհիները կրցան ներկայ գտնուիլ Լիբանան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ