Ուրբաթ, 17 Օգոստոս 2007 - Հայրապետական Պատգամ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին Առիթով

 

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին առիթով, Կիրակի՝ 12 Օգոստոս 2007ին առաւօտեան ժամը 10:30ին, Զմմառու վանքին մէջ, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մատուցեց Հայրապետական Ս. Պատարագ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն: Ս.Պատարագի ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.-  

Սիրելի ուխտաւոր եղբայրներ եւ քոյրեր,

Ամէն տարի կը պատուենք մեր մայրերը իրենց համար նշանակելով յատուկ «Մայրերու օր»: Արդ, Աստուածամայրը՝ թէ Յիսուսի եւ թէ իւրաքանչիւրիս մայրն է, որուն կը դիմենք ամէն ատեն, իրեն կ’աղօթենք, եւ իր բարեխօսութիւնը կը խնդրենք: Այսօր յատկապէս կը տօնենք զինք իր երկինք Վերափոխումին առիթով հոգիով եւ մարմնով: Յիսուսէն վերջ, Մարիամ միակ անձն է որ հոգիով եւ մարմնով երկինք բարձրացաւ եւ պսակուեցաւ Ամենասուրբ Երրորդութենէն թագուհի երկնքի եւ երկրի, թագուհի հրեշտակներուն եւ նահապետներուն, թագուհի մարտիրոսներուն եւ բոլոր սուրբերուն, ինչպէս նաեւ թագուհի ընտանիքներուն եւ Եկեղեցւոյ:
Նոյնիսկ եթէ կան անձեր որոնք իրենց նախասիրած պաշտպան սուրբը կամ սրբուհին ունին, ինչ որ գնահատելի սովորութիւն է, սակայն Սուրբ Կոյսը յատուկ տեղ կը գրաւէ բոլորին սրտին մէջ, մեր ծէսին մէջ, բոլոր ժողովուրդներուն մօտ: Ան է սրբութեան հայելին, որ մեզ կ’ուզէ առաջնորդել դէպի երկինք:
Մարիամ՝ եղբայրասիրութեան տիպար եղած է: Աւետարանին մէջ կը կարդանք որ Ան եռանդով ծառայած է իր ազգականին՝ Եղիսաբեթին, ոչ թէ մէկ օր կամ մէկ շաբաթ միայն, այլ՝ երեք ամիս. «Մարիամ երեք ամիս մնաց Եղիսաբեթին քով եւ ապա վերադարձաւ տունը» (Ղկ. 1,56) կ’ըսէ Աւետարանը:
 Արդարեւ, երբ Մարիամ աւետումէն ետք իմացաւ հրեշտակէն, որ իր ազգականը՝ Եղիսաբեթն ալ յղացած է եւ իր վեցերորդ ամիսին մէջ է, «փութով ճամբայ ելաւ եւ գնաց դէպի լեռնակողմը, Յուդայի մէկ քաղաքը»: Ամէնքս գիտենք որ այն ժամանակներուն ճամբաները հարթուած չէին այսօրուայ ճամբաներուն պէս եւ ոչ ալ կային փոխադրութեան միջոցներ ինչպէս որ այսօր ունինք: Այսուհանդերձ, Մարիամ ծառայասիրութեան հոգիէն մղուած չնայեցաւ իր անձնական յոգնութեան, այլ մտածեց միայն օգնութեան հասնիլ Եղիսաբեթին: Այս է ճշմարիտ եղբայրասիրութիւնը, երբ մէկը ինքն իր անձին մասին չի մտահոգուիր, այլ կը մտահոգուի ուրիշներուն կարիքներով եւ հոգերով:
Այս առիթով է որ Մարիամ իր «Մեծացուսցէն» երգեց, ըսելով. «Անձս կը փառաւորէ Տէրը» (Ղկ. 1,46): Այս խօսքերով Մարիամ կը յայտնէ իր կեանքին նպատակը, այսինքն չդնել իր անձը իր կեանքին կեդրոնը, այլ դնել Աստուած: Մենք ալ Աստուած մեր կեանքին կեդրոնը կը դնենք երբ կ’աղօթենք եւ երբ եղբայրասէր կ’ըլլանք: Այն ատեն, աշխարհը աւելի լաւ կ’ընթանայ բոլորիս համար: Մարիամին մեծութիւնը անոր մէջ կը կայանայ որ ան չփնտռեց կարեւոր երեւիլ, այլ ուզեց որ Աստուա՛ծ միայն փառաւորուի: Մարիամ խոնարհ մնաց՝ փափաքեցաւ ըլլալ միմիայն Տիրոջ աղախինը, ըսաւ. «Աստուած հաճեցաւ նայիլ իր աղախինին խոնարհութեան» (Ղկ. 1,48). եւ հրեշտակին աւետիսին պատասխանեց. «Ես Տիրոջ աղախինն եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղկ. 1,38): Մարիամ իր այս հաւանութեամբը մեծապէս մասնակցեցաւ մարդոց փրկութեան եւ ինքզինք լիովին տրամադրեց Աստուծոյ փրկարար ծրագրին:
Մարիամ է նաեւ յոյսի օրինակը: Ան հաստատօրէն հաւատաց Աստուծոյ բոլոր խոստումներուն: Կը խօսէր եւ կը մտածէր Աստուծոյ Խօսքին համեմատ: Աստուծոյ Խօսքը դարձաւ իր խօսքը, իսկ իր խօսքը՝ Աստուծոյ խօսքէն կը բխէր եւ իր կամքը Աստուծոյ կամքին հետ կը նոյնանար:
Մարիամ սիրոյ մայրն է, քանի ան՝ մեզմէ ամէն մէկը կը սիրէ եւ մեր կարիքները կը հոգայ մօր նման: Աւետարանը պատմէ թէ Կանա հարսանիքին մէջ՝ Մարիամ կը նշմարէ փեսային շուարումը գինիի պակասին պատճառով եւ փափկամտութեամբ կը միջամտէ ու հարցը կը լուծէ :
Մարիամ հաւատքի կինը եղած է. «Երանի՜ անոր որ հաւատաց թէ պիտի իրագործուին Տիրոջ կողմէ իրեն ըսուած խօսքերը» (Ղկ. 1.45) ըսաւ իրեն Եղիսաբեթ:
Եւ երբ Յիսուս զինք լքեց՝ այրի միամօր զաւակ, իր քարոզութիւնը սկսելու համար, ան խոնարհութեամբ ընդունեցաւ: երբ աշակերտները փախուստ տուին Յիսուսի ձերբակալութենէն ետք, ան Յիսուսի Խաչին մօտ մնաց առանձին Յովհաննէս Առաքեալին հետ: Յետագային՝ Պենտեկուտէի օրը, Առաքեալները պիտի համախմբուին իր շուրջը եւ աղօթեն սպասելով Սուրբ Հոգիին գալուստը:
Նայեցէք թէ քանի յատկութիւններով օժտած էր Մարիամ՝ որբութեան հայելի, եղբայրասէր, խոնարհ, յոյսի օրինակ, սիրոյ մայր, հաւատքի կին եւ դեռ կարելի է շատ ուրիշ առաւելութիւններ նշել: Ասոնք եղած են մեր ջերմեռանդութիւնը արծարծելու համար իրեն հանդէպ:
Սուրբերուն վարքը կը պարունակէ ոչ միայն անոնց կեանքը եւ գործերը իրենց կենդանութեան օրով, այլ նաեւ անոնց կատարած բարիքները մահուընէն ետք: Այս իմասով, բացայայտ է թէ ան որ Աստուծոյ աւելի միացած է մարդոցմէ չի հեռանար, այլ ընդհակառակը՝ անոնց աւելի կ’օգնէ եւ իրենց համար կը բարեխօսէ երկինքին մէջ: Այս իրականութիւնը դեռ աւելի յայտնի է Մարիամին մօտ, քանի Յիսուս Խաչին վրայէն զայն մեր մայրը կարգեց: Այն օրէն ի վեր, բոլոր ժամանակներու ժողովուրդները, ամէն կողմէն որ ըլլան, իրեն կը դիմեն իրենց կարիքներուն ատեն, ինչպէս նաեւ իրենց ուրախութիւններուն ու ցաւերուն ժամանակ, կը դիմեն թէ առանձնաբար եւ թէ հասարակութեամբ: Եւ ամէնքը կը վայելեն անոր գուրգուրանքը եւ անսպառ մայրական սէրը: Վկայութիւնները եւ երախտագէտ նշանները իր անձին հանդէպ անհամար են եւ կարելի է զանոնք տեսնել մանաւանդ իր սրբավայրերուն պատերու վրայ, որոնք անպակաս են բոլոր քրիստոնեայ ազգերուն մօտ:
Մարիամին սէրը մեզմէ ամէն մէկուն հանդէպ անսահման է, որովհետեւ Ան գիտցաւ սերտ կերպով միացած մնալ Աստուծոյ հետ: Ան խմեց Աստուծոյ սիրոյ ակէն եւ դարձաւ իր կարգին, աղբիւր որմէ կը «հոսին գետեր կենսատու ջուրին» (Յովհ. 7,38), ինչպէս կ’ըսէ Աւետարանը: Մարիամ մեզի ցոյց կու տայ այսպէս թէ իսկական սէրը ո՛ր տեղէն կը բխի եւ ո՛ր տեղէն իր ոյժը կը նորոգէ ամէն ատեն, այսինքն Աստուծմէ:
Այսօր, Աստուածամօր կ’ուզեմ յանձնել Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին իր բոլոր զաւակներովը, միութիւններովը եւ կառոյցներովը: Իրեն կ’ուզեմ յանձնել մեր ընտանիքները, երիտասարդները, առաքելութիւնները եւ բարեսիրական բոլոր ծառայութիւնները:
Ո՜վ Աստուածամայր, Դո՛ւն աշխարհին պարգեւեցիր ճշմարիտ լոյսը՝ Յիսուս, քու զաւակդ եւ Որդի Աստուծոյ: Դո՛ւն լիովին համապատասխանեցիր Աստուծոյ կոչին եւ դարձար սիրոյ աղբիւր, որ առատապէս կը հոսի կենդանի ջուր ոռոգելու եւ բարելաւելու համար աշխարհը:
Մեզի ցոյց տու՛ր Յիսուսը: Մեզ դէպի Յիսուս առաջնորդէ՛: Մեզի սորվեցու՛ր ինչպէս կրնանք զինք աւելի լաւ ճանչնալ եւ աւելի սիրել, ինչպէս Դո՛ւն զինք սիրեցիր, որպէսզի կարենանք, մենք ալ, անկեղծ կերպով մեր ընկերները սիրել եւ սիրոյ ծարաւէն տառապած աշխարհին դառնանք մենք ալ աղբիւրներ կենսատու ջուրին, որ պիտի ոռոգէ եւ բարիք ընէ ընտանիքներուն, երիտասարդներուն, ընկերութեան, Լիբանանին եւ բոլոր լիբանանցիներուն. ամէն: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ