Հինգշաբթի, 16 Օգոստոս 2012 - Աստուածամօր Վերափոխման տօնը Զմմառու վանքին մէջ


Զմմառ

Շաբաթ, 11 օգոստոս 2012 երեկոյեան ժամը 6-ին, Աստուածամօր Վերափոխման նախատօնակին, Զմմառու միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդը եւ վանքի մեծաւոր՝ հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանը սուրբ Պատարագ մատոյց եւ խաղողօրհնէք կատարեց Զմմառու վանքի մուտքի հրապարակին՝ վրանապատ բացօթեայ խորանին վրայ:  Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Բլբուլ» երգչախումբը եւ Զմմառու զոյգ ընծայարաններու սաները: Սոյն արարողութեան յատուկ նպատակն էր արաբախօս հայորդիներուն եւ Զմմառի շրջակայքի տեղացի ժողովուրդին առիթ տալու Վերափոխեալ Սրբոյ Կուսին Վանքին տօնին մասնակցելու:
Սուրբ Պատարագի աւարտին՝ գերապայծառը միաբանութեան եւ վանքին կողմէ մեծարեց Զմմառաբնակ վաստակաւոր երգիչ, երգահան արուեստագէտը՝ Էլի Շուէյրին, անոր նուիրելով Զմմառու Տիրամօր գեղեցիկ պատկերը:
Հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ այս հոգեպարար արարողութեան, որուն աւարտին կրակավառութիւն եւ Քէրմէսի բացումը կատարուեցան:

Կիրակի, 12 օգոստոս 2012 առաւօտեան, Վերափոխման տօնին առթիւ, հայրապետական սուրբ Պատարագ մատոյց եւ Խաղողօրհէք կատարեց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց հայրապետը, վանքի մուտքի հրապարակին վրանապատ խորանին վրայ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը, որուն անդամները վանքի կէսօրուայ ճաշի հիւրերն եղան:  Այս ճաշկերոյթի ընթացքին տօնուեցաւ երեք յոբելեար միաբան վարդապետներու ձեռնադրութեան տարեդարձը՝ հայր Գէորգ ծ.վ. Զապարեանին քահանայութեան 40-ամեակը, հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի եւ հայր Յովհաննէս վրդ. Գատատիհեանի 43-րդ ամեակը:
Տօնական քէրմէսը շարունակուեցաւ մինչեւ կիրակի երեկոյ, Պուրճ Համուտի «Սուրբ Մեսրոպ» սկաուտախումբի անդամներուն հսկողութեան տակ: Իսկ հոգեւոր արարողութիւններուն պատրաստութիւնն ու կարգապահութիւնը կատարեցին Զմմառու վանքի ժառանգաւորները, օժանդակութեամբ՝ ՀԿՄ Զալքայի Պատանեկանին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ