Չորեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2008 - Զրոյց Արհի. Նշան Արք. Քարաքէհէեանին Հետ

 
Հինգշաբթի 30 Հոկտեմբեր 2008ին, Արհի. Նշան Արք. Քարաքէհէեան Առաջնորդ Հայաստանի, Արեւելեան Եւրապայի, Իրանի եւ Յունաստանի, հանդիպում մը ունեցաւ կայքէջի քարտուղարութեան հետ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանէն ներս, որուն ընթացքին զեկուցեց Հայաստանի, Իրանի եւ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի իրավիճակի մասին:

Սկսելով Հայաստանէն, Գերապայծառ Հայրը յայտնեց թէ Հայաստանի մէջ այսօր կան մօտաւորապէս 180.000 Հայ Կաթողիկէներ, որոնք կը գտնուին տարբեր քաղաքներու մէջ, ի մասնաւորի Շիրակի եւ Տաշիրի մարզերուն մէջ: Արհի. Հայրը խօսեցաւ տարբեր դժուարութիւններու մասին, որոնցմէ մէկը կոչումներու պակասն է, որ արգելք կը հանդիսանայ հասնելու եկեղեցասէր ժողովուրդին: Իսկ միւսը գիւղերու մէջ ապրող հայերու տագնապալից վիճակն է: Ընկերային գետնի վրայ, ժողովուրդի մէկ մասն է, որ կարողացած է բարելաւել իր կեանքը, իսկ մեծ մասը տակաւին կապրին ծանր պայմաններու տակ, ջուրի, ելեկտրականութեան, ջերուցումի եւ յատկապէս գործի պակասութեան սուր հարցերուն ներքեւ:

Գալով Իրանի, Գերապայծառ Հայրը յայտնեց թէ ներկայիս Իրանի Հայ Կաթողիկէ համայնքը կը հաշուէ 100 ընտանիք: Համայնքը ունի իր ծերանոցը եւ Հայ Կաթողիկէ Ալիշան վարժարանը: Իրանի մէջ կայ նաեւ Կասպից ծովու շուրջ կարուցուած ճամպարը, ուր կը գտնուի 200 վիլլաներ, որոնցմէ 180-ը կը պատկանի Հայ ընտանիքներու: Իրանի Իսլամական հանրապետութիւնը հայերուն տուած է ազատութիւն Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս եւ արտօնած է հայկական եւ եկեղեցական տօներու յիշատակումը:  

Իսկ ինչ կը վերաբերի Յունաստանին, Արհի. Քարաքէհէեան տեղեկութիւններ տուաւ Աթէնքի հայ Կաթողիկէ թեմի մասին, որ հիմնուած է 1925-ին Քափուչեան վարդապետ՝ Հայր Կիւրեղ Զօհրապեանի ջանքերով, որ 1938-ին ղրկուեցաւ Գամիշլի եւ հոն հիմնեց Հայ Կաթողիկէ Թեմը: Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ Թեմը կը հաշուէ այսօր 70 ընտանիք, որոնք կը գտնուին Աթէնքի եւ Փիրիա քաղաքներուն մէջ: Հայ ընտանիքներու Աթէնքի կեդրոնէն հեռու ըլլալը դժուարութիւն կը ստեղծէ զանոնք համախմբելու Կիրակի օրուան Պատարագին, որուն կը մասնակցին նաեւ լատինները իրենց յատուկ եկեղեցին չունենալու պատճառով: Փիրիայի մէջ կը գտնուի նաեւ Սրբուհի Թերեզայի Եկեղեցին, ուր տարին մէկ անգամ կը մատուցուի Ս. Պատարագ Ս. Թերեզայի անուան տօնին առիթով:

Տարբեր երկիրներու առաջնորդ ըլլալով, Գերապայծառ Հայրը խօսեցաւ դժուարութիւններուն մասին, որոնցմէ ամենակարեւորը հսկայ հեռաւորութիւնն է երկիրներու միջեւ: Նոյնիսկ հեռաւորութիւնները նոյն երկրի տարբեր քաղաքներու միջեւ կը պայմանաւորեն ժողովուրդի մասնակցութիւնը եկեղեցական կեանքին: Այս մտահոգութենէն մղուած, Գերապայծառ Հայրը նշեց կարելիութիւնը այդ երկիրները բաժնելու, եւ իւրաքանչիւրին նշանակելու առաջնորդ հովիւներ, աւելի արդիւնաշատ առաքելութեան համար: Այս թեմերուն մէջ, Գերապայծառ Հօր հեր գործակցող եկեղեցական դասը կը բաղկանայ հինգ ամուսնացեալ քահանաներէ, հինգ Սալէզեան կրօնաւորներէ եւ չորս կուսակրօն քահանաներէ: Մեկնելով կեանքի զանազան փորձառութիւններէն ‏«որոնք մարդս կը հասունցնեն», Գերապայծառ Հայրը արժեւորեց վարդապետները իբրեւ Եկեղեցւոյ ընտանիքի ամենակարեւոր մասնիկները:

Զրոյցի աւարտին Արհիապատիւ Հայրը կայքէջիս մաղթեց յաջողութիւն եւ յառաջդիմութիւն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ