Երկուշաբթի, 4 Օգոստոս 2014 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Գողգոթայէ՜ն` Թաբորի՛ն…


Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր կը տօնենք Յիսուսի Պայծառակերպութիւնը, որ մեր Սուրբ եկեղեցիին հինգ տաղաւարներէն մէկն է, այսինքն` աւագ-մեծագոյն տօներէն մին:

Քրիստոսի այլակերպութեան գեղեցիկ պատմութիւնը, զոր առաջին երեք աւետարանիչները (Մտթ. 17,1-9, Մրկ. 9, 2-8, Ղկ. 9,28-36) կը փոխանցեն մեզի, հետեւեալն է:

Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալներուն առջեւ Յիսուս «այլակերպեցաւ, դէմքը լուսաւորուեցաւ արեւի պէս, զգեստները սպիտակացան լոյսի նման»: Այս դիպեցաւ Թաբոր լերան վրայ, ուր նաեւ «երեւեցան անոնց Մովսէս ու Եղիա»:

Մովսէս կը ներկայացնէ «Օրէնքը», իսկ Եղիա` «Մարգարէութիւնը»: Առաջինը եւ երկրորդը, որոնք Սինայի ու Հորէպ լեռներուն վրայ ունեցած էին Աստուծոյ տեսիլքները, վկայեցին Աստուածամարդուն:

Տարիներ ետք Պետրոս` առաքելապետը, ինչպիսի՜ բառերով յիշեց ու յիշեցուց այս հրաշատեսիլ դրուագը. «Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի… մեծվայելչութեան ականատես վկաներն եղանք: Ան Հայր Աստուծմէ ընդունեց փառքն ու պատիւը, երբ մեծվայելչութեան փառքին մէջ լսուեցաւ այս խօսքը. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն Ես հաճեցայ»: Մենք անձամբ լսեցինք այս խօսքը, որ երկինքէն եկաւ, եւ մենք Քրիստոսի հետ էինք սուրբ լերան վրայ» (2 Պետ. 1, 16-18):

Ճիշդ է, որ Յիսուս իր պայծառակերպութենէն ճիշդ առաջ աւետեց իր խաչամահը (Մտթ. 16, 21), ինչպէս ալ պայմանաւորեց Իրեն ընտանենալու ճամբան. «Եթէ մէկը ուզէ Ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչն ու հետեւի Ինծի» (Մտթ. 16, 24):

Բայց նաեւ ճիշդ է, որ Յիսուս նոյնպէս աւետեց իր յարութիւնը (Մտթ. 16, 21), որպէսզի անցեալի ու ներկայի աշակերտները գիտնային եւ գիտնան, թէ ամենավերջինը տառապանքը չէ, որ պիտի տիրապետէ, այլ` պայծառակերպութիւնը, փառաւորութիւնը:

Աշակերտները մտաբերելու էին այս ճշմարտութիւնը Գեթսամանիին մէջ: Նաեւ Քրիստոսի հետեւորդութեան համար կ՛արժէ նոյնը, այսինքն խաչը չէ վերջին խօսքը, այլ` յարութիւնը, համբարձումը, փառաւորութիւնն Աստուծոյ տունին մէջ, Յիսուսի եւ Մարիամի հետ:

Քաջութի՛ւն եւ վստահութի՛ւն: Մեր քրիստոնէական կեանքին աւարտը պիտի ըլլայ անվերջ, անմահական ու յաւերժական մեր Դատաւոր-Թագաւորին արքայութեան մէջ:

Երեքին` Յիսուսի, Մովսէսի եւ Եղիայի խօսակցութիւնն ընդհատուեցաւ երկու անգամ: Առաջինն էր Պետրոս, որ հիացած էր հրաշալի եղելութենէն, առաջարկեց մնալ լոյսի ու ցնծութեան վայրին մէջ: «Մեզմէ ո՞վ չ՛ուզեր ապրիլ այսպիսի տեղ մը…»:

Երկրորդն էր Հայր Աստուած, որ «լուսաւոր ամպի մէջէն ձայնեց». «Յիսուս է իմ սիրելի Որդիս, զոր Ես հաճեցայ ընտրել, Անոր մտիկ ըրէ՛ք»:

Դուն, ես եւ ան` մենք ունի՞նք Հայր Աստուծոյ ճաշակը… Կը սիրե՞նք Որդին, որ մեր Փրկիչն է… Ընտրեցի՞նք կամ կ՛ընտրե՞նք Զայն, որ Հաճութիւնն է Աստուածութեան… Մտիկ կ՛ընե՞նք Զայն, որ մեր Վարդապետը եւ Դաստիարակն է…

Ստոյգ է, որ երբ նայինք մեր ապրած առօրեային, կը վախնանք այս հարցումներէն, ինչպէս առաքեալները` «ձայնը լսելով, երեսի վրայ ինկան գետին` սաստիկ վախցած»:

Ամէն օր միշտ պահն է ունկնդրելու մեր խիղճը, որ մեզի կը յիշեցնէ հրահանգը Հայր Աստուծոյ. «Ասիկա իմ Որդիս է, իմ Ընտրեալս է, Զայն մտիկ ըրէ՛ք» (Ղկ. 9, 35):

Այս հրահանգին մեր հաւատարիմ գործադրումին մէջ է մեր աստենական եւ անդենական երջանկութիւնը, որովհետեւ, ինչպէս Յիսուս կ՛ըսէ. «Խօսքս լսողը, կամքս կատարողը պիտի սիրեմ եւ ինքզինքս պիտի յայտնեմ անոր» (Յվհ. 14, 21):

Սակայն այս սիրոյն ու յայտնութեան նախադիրն է մեր ըլլալիք այլակերպութիւնը, մեր ընելիք բարեփոխումը, մեր ձեռք ձգելիք լուսաւորութիւնը: Ինչպէ՞ս…

Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը տեղի ունեցաւ Քրիստոսի աղօթքին ատեն: Ներշնչեալ աւետարանիչը կը շեշտէ. «Մինչ կ՛աղօթէր Յիսուս, անոր դէմքը այլակերպեցաւ, հագուստները առին շողափայլ սպիտակութիւն մը» (Ղկ. 9, 29):

Շեշտաւորումին կարեւորութեան եզրակացութիւնը յստակ է երեք պատահած իրողութիւններուն մէջ, որոնք գրաւելու են մեր ուշադրութիւնն ու գործադրութիւնը:

Առաջին` արտաքին պայծառակերպութիւնը դրսեւորումն է ներքին պայծառակերպութեան լոկ, որով կ՛օժտուի այն անձը, որ աղօթքի հոգի է եւ Աստուծոյ աղօթական մտերմութեան մէջ ապրող մարդ է:

Դուն, ան եւ ես` մենք աղօթքով կը դառնանք մովսէսներ ու եղիաներ, այսինքն` հարազատ խօսակիցները, որոնց իրաւունք տրուեցաւ զրուցելու Յիսուսի հետ` անոր ամենամտերիմ կենսախնդիրներուն մասին:

Ստուգիւ, մեր սրտաբուխ աղօթքով կը մտերմանանք Տիրոջ հետ: Կ'ապրինք Աստուծոյ լոյսին մէջ: Կը կենցաղավարինք Իմաստութեան սիրոյն մէջ: Կը մտածենք Քրիստոսի մտքով: Կը խօսինք Յիսուսի Սրտով:

Աղօթքն է, որ քեզ, զինք եւ զիս կը բարեփոխէ: Աղօթքն է, որ քեզ, զինք եւ զիս կը սրբացնէ: Աղօթքն է, որ քեզ, զինք եւ զիս կը պայծառակերպէ, եւ այն` ի նպաստ մեր անձին ու շրջապատին:

Աղօթքս ու մաղթանքս է, որ դուն, ան եւ ես` մենք արժանի ըլլանք այս շնորհավիճակին ու կարենանք գոչել.«Վարդապե՜տ, լաւ է, որ մենք մնանք Քեզի հետ» (Ղկ. 9, 33):

Երկրորդ` դէմքին այլակերպութիւնը` արտաքինը անպայման կը նախադրէ հոգիին այլակերպութիւնը` ներքինը, որ իր ունեցածն անպատճառ կ՛արտացոլայ ներաշխարհէն արտաշխարհին:

Երրորդ` հագուստներուն սպիտակութիւնը մնայուն ցուցանիշն է մեր զբաղումներուն առաքինացումին եւ առօրեային գործերով մեր սրբակերտումին:

Վերջին իրողութիւնն ալ կը մատնանշեմ այս երկտողով: «Յիսուս մօտեցաւ, դպաւ եւ ըսաւ» սարսափէն գետին ինկած աշակերտներուն. «Ոտքի՛ ելէք, մի՛ վախնաք: Երեքը «վեր նայեցան եւ տեսան միայն Յիսուսը առանձին»:

Նախ` թոյլատրե՛նք, որ Յիսուս մօտենայ, դպչի ու խօսի մեզի: Ապա, երկրորդ, միշտ ոտքի կը մնանք եւ երբեք չենք վախնար: Երրորդ` «միայն Յիսուսն» է, «առանձի՛ն», պարունակը մեր հաւատքին, մեր յոյսին, մեր սիրոյն, մեր խաչին ու մեր փառքին:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 27 յուլիս 2014


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ