Երկուշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2011 - Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու համաժողովի բացում Լիբանանի մէջ


Պքերքէ, Լիբանան

Երկուշաբթի, 14 նոյեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 5-ին, Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու համաժողովին բացումը, որ պիտի ընթանայ մինչեւ հինգշաբթի օր՝ 17 նոյեմբերին, եւ պիտի քննարկէ Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսաց յատուկ սիւնհոդոսէն («Ընկերութիւն եւ Վկայութիւն» խորագրով) յառաջացած առաջադրանքներուն գործադրումը, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնայ Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումներուն եւ շրջանի քրիստոնեաներու յուզող հարցերուն եւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ