Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2007 - Բարեսիրական Բացիկներու Աշակերտական Մրցում-Ցուցահանդէսի Բացում

 

Պէյրութ, Լիբանան
 

 
Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ հովանաւորութեամբ Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի «Տի. Էմ. Էս. ՕՆԼՈՒՍ» բարեսիրական հաստատութեան, Կիրակի` 2 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 5:30ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գ. Հարպոյեան եւ Մեսրոպեան վարժարաններու բարեսիրական բացիկներու աշակերտական նկարչական գործերու մրցում-ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:

Ձեռնարկին սկզբնաւորութեան Գ. Հարպոյեան վարժարանի երգչախումբը երգեց «Լիբանան» եւ «Սանթա Լուչիա» երգերը, այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Գ. Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան, որ նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքի «Տի. Էմ. Էս. ՕՆԼՈՒՍ» միութեան նախագահ ՓրոՖ. Անժելօ Պոզիոյի եւ իր կնոջ՝ ՓրոՖ.Պարպարային, որոնց ջանքերով կարելի եղաւ զոյգ վարժարաններուն ապահովել բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւններ:

 
Պոյաճեան նաեւ գնահատեց զոյգ վարժարաններուն միացեալ նախաձեռնութիւնը, որ աննախընթաց է՝ շեշտելով, թէ զօրութիւնը միութեան մէջ է:
 

Ապա Գ. Հարպոյեան վարժարանի պարախումբը պարեց «Ռաժաա Եիթաամմար Լուպնան» երգին երաժշտութեան եղանակներով պար մը, որուն յաջորդեց բարերար Անժելօ Պոզիոյի խօսքը: Ան շեշտեց, որ իրեն համար մեծ ուրախութիւն է հայկական վարժարաններուն օժանդակելը՝ հաստատելով, թէ միութեան գործունէութեան հիմքն է բարերարական օժանդակութիւնը՝ կառուցողական նպատակներու համար:

Պոզիոյի խօսքէն ետք պարախումբը անգամ մը եւս բեմ բարձրացաւ՝ ներկայացնելով «Քոչարի» պարը: Պարախումբին ելոյթէն ետք բարերարները, զոյգ վարժարաններու տնօրէնները՝ Ռիթա Պոյաճեան եւ Կրէկուար Գալուստ, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ հայր Վարդան եպս. Աշգարեան յանձնեցին մրցանակները:
Հանդիսութեան աւարտին հայր Վարդան եպս. Աշգարեան իր շնորհակալական խօսքը փոխանցեց բարերարներուն, որոնք հայ աշակերտութեան զօրավիգ կանգնած են:
Նշենք, որ զոյգ վարժարաններէն նշեալ մրցում-ցուցահանդէսին մասնակցած է 711 աշակերտ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ