Չորեքշաբթի, 9 Մայիս 2012 - Հ. Կ. պատրիարքարանի Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 25 ամեակ


Զալքա, Լիբանան

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 25-ամեակին առթիւ, բարձր հովանաւորութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Աշոտ Քոչարեանին, երեքշաբթի, 8 մայիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ Զալքայի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երգահանդէս, աշուղական երգերու մեկնաբան՝ հայրենի արուեստագէտ Սէյրան Աւագեանի կատարողութեամբ:

Ելոյթին սկիզբը բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ նշեց, թէ «Մեսրոպ Մաշտոցի վառ ջահը հայ դպրոցն է, որ կը փոխանցէ նոր սերունդին»: Ան յայտնեց, որ «հայ վարժարանը այն ամրոցն է, ուր աշակերտը կը գօտեպնդուի հայ ազգային արժէքներով ու մշակոյթով»:

Ապա խօսք առաւ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանը, որ ողջունեց Գ. Հարպոյեան վարժարանի նախաձեռնութիւնը` նուիրուած անոր հիմնադրութեան 25 ամեակին: Ան բարձրօրէն գնահատեց այս կրթօճախին բազմաբովանդակ, մեծածաւալ եւ ազգանուէր գործունէութիւնը` կոչ ուղղելով «բարձր պահել վարժարանին պատիւը եւ դառնալ հայ ազգին պիտանի անհատներ»: Դեսպանը նշեց, որ «հայ ոգին կը գերիշխէ մեր միջավայրին վրայ» եւ շեշտեց, որ «Հայաստանի դռները բաց են բոլոր հայորդիներուն համար»:

Մէկ ժամ տեւողութեամբ հայրենի արուեստագէտ Սէյրան Աւագեանի ներկաներուն հրամցուց աշուղական բարձրարժէք եւ իւրօրինակ արուեստով երգերու շարք մը` «Վրաստանի կէօզալները», «Թէկուզ քու քաշն մարգրիտ տան», «Թամամ աշխարհ պտուտ էկայ», «Քանի վուր ջան իմ», «Աշխարհումս ախ չիմ քաշի», «Ուստի կու գաս ղարիպ բլբուլ», «Պատկիրքդ ղալամով քաշած», «Բլբուլի հիտ քաց իս էլի» եւ այլ երգեր` առինքնելով եւ հմայելով ունկնդիրները: Դաշնակով կ’ընկերակցէր հայրենի արուեստագէտ Ռուզաննա Գրիգորեան:

Իսկ հանդիսութեան վերջին բաժնով բեմ բարձրացաւ լիբանանեան «Ֆայհա» երգչախումբը      ղեկավարութեամբ մայսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի: «Ծիրանի ծառ», արաբերէն «Կատակ երգ», Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու պար»-ի եւ Ապտէլ Ուահապի «Լայլեթ հոպպ»-ի երաժշտութեան միացեալ դաշնաւորումով եւ Սէյրան Աւագեանի ընկերակցութեամբ «Բամբ բորոտան» երգով յայտագիրը հասաւ իր աւարտին:

Հուսկ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսք առնելով ըսաւ, թէ «25 բեղուն տարիներ սերունդներ պատրաստած Հարպոյեան վարժարանը իր յաջողութիւնը կը պարտի իրերայաջորդ տնօրէններուն, որոնք իրենց մեծ ներդրումը ունեցած են կրթական այս օճախին յաջողութիւնը ապահովելուն գծով»: Ան նաեւ վստահեցուց, որ «հայ վարժարանը քաջալերողը հայ ազգը քաջալերած կ’ըլլայ: Հայ վարժարանին մէջ հայ աշակերտները պիտի պատրաստուին կերտելու հայ ընտանիքներ եւ մեր հայկական ապագան»: Հոգեւոր տէրը շնորհաւորեց Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի ընտանիքին բոլոր անդամները անխտիր եւ անոնց մաղթեց յաջողութիւն, որպէսզի կրթական այս հաստատութիւնը աւելի յառաջդիմելով լաւապէս ծառայէ հայ ազգին ու հայրենիքին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ