Հինգշաբթի, 25 Մարտ 2010 - Հոգեւոր Տիրոջ այցելութիւնը «Ազունիէ» ծերանոց

 

Պէյրութ, Լիբանան

 

Կիրակի
, 21 Մարտ 2010 կէսօրուայ ժամը 11.00-ին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ՝ գաւազանակիր Հայր Աւետիք Յովհաննէսեանի կատարեց իր անդրանիկ այցելութիւնը «Ազունիէ» ծերանոցին. Սոյն այցելութիւնը կազմակերպած էր Զմմառու Մայրավանքի պատկանող՝ Ճիւնիի եկեղեցւոյ «Սէր» միութիւնը, զոր եօթը տարիներէ ի վեր կը գործէ ու կը վայելէ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութիւնն ու քաջալերութիւնը.

 

«Ազունիէի» տնօրէնը, բժիշկներն ու պաշտօնէութիւնը դիմաւորելէ ետք Հոգեւոր Տիրոջ, անոնք մուտք գործեցին հաստատութեան հիւրասրահը ուր 70 ծերունիներ ծաբողջոյններով եւ մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին Հոգեւոր Տէրը։ Պրն. Տնօրէնի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Հոգեւոր Տէրը ինք եւս խօսք առաւ ապա կատարեց  տուն օրհներգը, որմէ ետք իւրաքանչիւր պատսպարեալ ծերունիին հանցնեց նուէր մը. Հոգեւոր տէրը  այցելեց իւրաքանչիւր անկել ծերունիին ննջասենեակը, որովհետեւ կարողացած չէին հաստատութեան հիւրասրահը իջնելու։

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ «Սէր» միւթեան անդամները մասնակցեցան  հաստատութեան օրուայ հացկերոյթին, որմէ ետք հաստատութեան կատարեցին նիւթական նուիրատութիւն եւ սննդական օժանդակութիւն։

 

Նշենք
, որ առաջին անգամ չէ որ Հոգեւոր Տէրը կը հետաքրքրուի Հայ
ծերունիով, ան անցեալ ծնունդին այցելեց «Քահլ» ծերանոցը (Պուրճ Համմուտ) ու քաջալերելէ ետք իրենց ազգօգուտ ծառայութիւնն ու նուրրումը, ան կատարած էր նաեւ իր նիւթական ու բարոյեական օժանդակութիւնը, նոյնպէս անցեալ ամառ «Ազունիէի» պատսպարեալ բոլոր ծերունիները հրաւիրած էր Զմմառու Մայրավանք ու միասնաբար հացկերոյթի ընթացքին զուարճալի օր մը անցուցին։  

 

Այցի աւարտին հաստատութեան տնօրէն Պրն. Տիգրան իր խորհին շնորհակալութիւնը յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ եւ «Սէր» միութեան պատասխանատու՝ Պրն. Ժոզէֆ Սեմերճեանի, իրենց ազնիւ այցելութեան, եւ յատկապէս Հոգեւոր Տիրոջ Հայրական օրհնութեան ու կատարած իր նիւթական օժանդակութեան համար։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ