Երկուշաբթի, 21 Մայիս 2012 - 2012-ի Հաղորդակցութեան Համաշխարհային Օր` ''Լռութիւն Եւ Խօսք. Աւետարանութեան Ճանապարհը''

 

Հռոմ

Կիրակի 20 մայիս 2012-ին նշուեցաւ Հաղորդակցութեան 46-րդ Համաշխարհային Օրը, որուն բնաբանն է՝ «Լռութիւնը եւ խօսքը. աւետարանութեան ճանապարհ»։ Սրբազան քահանայապետին այս պատգամը լոյս տեսած էր անցեալ 24 յունուար 2012-ին, լրագրողներու պաշտպան սուրբին՝ սուրբ ֆրանչիսքոս տը Սալեսին տօնին օրը ։

Ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, հաղորդելով 2012-ի պատգամին բնաբանը մամուլին, յայտնած էր որ սրբազան քահանայապետին համար լռութիւնը ամբողջարար գործիչ մըն է։ Լռութիւնը կարելի է նկատել հիմնական պահը ընդունելու՝ «Աստուծոյ խօսքը»։ Լռութիւնը եւ խօսքը հաւասարակշռելով կը հարստանայ հաղորդակցութեան արժէքը, եւ կը դառնայ բանալին նոր աւետարանացումի։ Նշենք, որ ընկերային հաղորդակցութեանց համաշխարհային օրը, միակ համաշխարհային համախմբութիւնն է, հաստատուած՝ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովէն 1963-ին եւ բազմաթիւ երկիրներու մէջ սոյն օրը կը նշուի Պենետեկոստէի տօնը կանխող կիրակին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ