Երեքշաբթի, 25 Մայիս 2010 - Հայրապետական Պատգամ Հոգեգալստեան Տօնին առթիւ


Ռաուտա, Լիբանան

 

Գերյարգելի եւ Գերապատիւ վարդապետներ, արժանապատիւ քահանաներ

Առաքինափայլ քոյրեր

Հանգամանաւոր անձնաւորութիւններ

Յոյժ սիրելի հաւատացեալներ,

 

Այսօր Հոգեգալստեան տօնն է։ Հոգեգալուստը վերջ կը դնէ սուրբ Յարութեան շրջանին։ Իսկ Հոգեգալուստի շրջանը 7 շաբաթուայ վրայ կ՚երկարի մինչեւ Վարդավառի տօնը։

Յիսուս, երկինք չելած, խոստացաւ իր առաքեալներուն, որ Հայրը իրենց պիտի ղրկէ Մխիթարիչը՝ սուրբ Հոգին։ Ահա՛ Յիսուսի խոստումը կ՚իրականանայ, ինչպէս Յիսուսի բոլոր խոստումները կ՚իրականանան. Յիսուս ըսաւ որ Խաչ պիտի հանուի եւ մեռնի եւ յարութիւն պիտի առնէ 3 օր ետք, եւ այդպէս եղաւ։ Նոյնպէս, Հին Կտակարանի բոլոր մարգարէութիւնները Յիսուսի մասին կատարուեցաւ։ Ուստի Աստուած հաւատարիմ է իր խոստումներուն, Աստուած անսուտ է։ Ասոր համար, հարազատ հաւատացեալները կը հաւատան Աստուծոյ ամէն մէկ խօսքին։ Երբ օրինակի համար սուրբ Աւետարանը կ՚ըսէ որ Աստուած մեր Հայրն է, կը հաւատան այս խօսքին եւ Աստուծմէ բնաւ չեն բաժնուիր։ Ոմանք, դժբախտաբար, Աստուծոյ խօսքէն կը հեռանան եւ մարդոց այլեւայլ թիւր խօսքերուն կը հետեւին։ Վերջը, կ՚անդրադառնան, երբ իյնան։

Սրբուհի Ռիթա միշտ նկատած է Աստուած որպէս իր հայրը, որմէ կրնայ ամէն ինչ խնդրել եւ ընդունիլ։ Իր Հօրմէն եւ մօրմէն աղօթասիրութիւնը սորվեցաւ։ Ան կ՚աղօթէր մանաւանդ չարչարուած Յիսուսի պատկերին առջեւ եւ կը խորհրդածէր Յիսուսի անսահման սիրոյ մասին իրեն հանդէպ։ Աղօթեց իր անհաւատ ամուսինին դարձին համար, եւ ամուսինը դարձի եկաւ։ Խնդրեց խաչուած Յիսուսէն որ իր վէրքերէն մին ինքը կրէր, եւ փուշ մը Յիսուսի փշապսակէն անջատուեցաւ եւ եկաւ խոցեց իր ճակատը։ Երբ իր հասարակութիւնը Հռոմ պիտի երթար ուխտագնացութեան համար 1450ի Սուրբ Տարուայ առիթով, իր մեծաւորուհին իրեն ըսաւ որ իր ճակատի վէրքով, որ քարշելի հոտ կը ձգէր, չի կրնար իրենց հետ երթալ։ Ռիթան, որ շատ կը փափաքէր ուխտի երթալ, աղօթեց Յիսուսին եւ վէրքը գոցուեցաւ, ու կարողացաւ իր քոյրերուն հետ մասնակցիլ սուրբ Տարուայ ուխտին։ Եւ ուրիշ շատ խնդրանքներ սրբուհի Ռիթան ըրաւ Յիսուսին եւ Յիսուս կատարեց զանոնք։

Մէկ խօսքով կարելի է ըսել, որ Յիսուս կը կատարէ կամքը անոր որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ։  Ասիկա առուտուր չէ, այլ հաւատքի վրայ հիմնուած է, ուր հաւատացեալը բան մը չի խնդրեր, եթէ ոչ Աստուծոյ փառքին համար եւ Աստուծոյ կամքին համեմատ։

Օրուան ընթերցումը կ՚ըսէ որ առաքեալները սկսան խօսիլ տարբեր լեզուներով, ինչպէս որ սուրբ Հոգին կու տար իրենց խօսելու։ Այս կարեւոր դէպքը մեզի 3 բան կը սորվեցնէ.

Նախ՝ մեզի կը յիշեցնէ Բարելոնի աշտարակի պատմութիւնը, երբ երկրի վրայ բոլոր ժողովուրդները մէկ լեզու կը խօսէին։ Անոնք, իրենց հպարտութեան մէջ, ուզեցին երկինք հասնիլ իրենց սեփական ուժերով եւ Աստուծոյ պէտք չունենալ, եւ սկսան մեծ աշտարակ մը շինել որ մինչեւ երկինք պիտի հասնէր։ Բայց ի՞նչ պատահեցաւ. կրցա՞ն երկինք հասնիլ առանց Աստուծոյ օգնականութեան. Ո՛չ։ Այս դէպքը մեզի կը սորվեցնէ որ մեղքը, մանաւանդ ամբարտաւանութիւնը, մարդիկ իրարմէ կը բաժնէ։ Սուրբ Հոգին, Հոգեգալուստի օրը, միացուց լեզուները եւ մարդիկը, որ զանազան ազգերէ եկած էին Երուսաղէմ, եւ կը հասկնային առաքեալներուն խօսուած լեզուն։ Մեղքը կը բաժնէ, սուրբ Հոգին կը միացնէ։ Երբ տուն մը այցելեմ եւ հոն կռիւ կամ անմիաբանութիւն գտնեմ, կը մտածեմ՝ հոս սուրբ Հոգին չկայ։ սուրբ հոգին չի բնակիր այս տան մէջ։ Սուրբ Պօղոս կ՚ըսէ. «մի՛ տրտմեցնէք սուրբ Հոգին, եւ ամէն տեսակ դառնութիւն եւ բարկութիւն արմատախիլ ըրէք» (Եփ. 4,30)։

Այս իմաստով կարելի է ըսել, որ սուրբ Հոգին ներկայ էր սրբուհի Ռիթայի տան մէջ, քանի ան միշտ կ՚աշխատէր խաղաղութիւն հաստատելու թէ՛ իր տան մէջ եւ թէ՛ գիւղի հակառակորդ մարդոց միջեւ։ Դուք ալ նոյնը կրնաք ընել՝ խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն հաստատել ձեր տան մէջ եւ ձեր ծանօթներուն մօտ, երբ չար հոգին կռիւ եւ անմիաբանութիւն սերմանէ անոնց սրտին մէջ։

Լեզուներու հարցը մեզի կը սորվեցնէ նաեւ որ եկեղեցին ընդհանրական է, այսինքն կազմուած է բոլոր ազգերու եւ լեզուներու մարդոցմէ։ Հայ ժողովուրդը, այդ ազգերէն մին եղաւ, նամանաւանդ առաջին ժողովուրդը եղաւ, որ որդեգրեց քրիստոնեայ հաւատքը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի քարոզութեամբ։ Սուրբ Հոգին պտղաբերեց մեր Հայ Եկեղեցւոյ մէջ եւ ունեցանք մեծ սուրբեր, նշանաւոր Հայրապետներ եւ հազարաւոր նահատակներ։ Այսօր եւս, պէտք է պայքարիլ, որպէսզի Սուրբ Գրիգորի սերմանած հաւատքը չմառի մեր ընտանիքներուն, մեր երիտասարդներուն եւ մեր պատանիներուն մօտ։ Եկեղեցւոյ Առաջին պաշտօնը՝ քարոզութիւնն է, ինչպէս կ՚ըսէ սուրբ Պօղոս. «Քրիստոս զիս չղրկեց մկրտելու, այլ քարոզելու Աւետարանը» (Ա. Կորն. 1,17)։

Զանազան լեզուներով խօսիլ երրորդ իմաստ մըն ալ ունի, որ Եկեղեցին պէտք է առաքելական ըլլայ, այսինքն՝ միսիոնար ըլլայ, պէտք է ուրիշներուն երթայ սուրբ Աւետարանը քարոզելու համար։ Այսպէս ըրաւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ։ Կեսարիայէն Հայաստան եկաւ քրիստոնեայ հաւատքը քարոզելու համար Տրդատ թագաւորին եւ ամբողջ Հայ ժողովուրդին։ Հայ Եկեղեցին ալ, իր կարգին, միսիոնար դարձաւ երբ Վրացի ժողովուրդը աւետարանեց եւ բերաւ Քրիստոսի հաւատքին։ Նոյնպէս, Հայ եկեղեցին աւետարանեց Աղուան ժողովուրդը, որ մինչեւ 19րդ դար կաթողիկոսներ ունեցած է։ Անկէ ետք ձուլուեցաւ Հայութեան մէջ։

Սրբուհի Ռիթա՝ իր խօսքովը, բայց մանաւանդ իր կենցաղովը, Աստուծոյ սէրը կը քարոզէր իր շուրջիններուն։ Իր աղօթքներովը եւ իմաստուն խօսքերովը՝ իրարու հետ գժտուած անձերուն սորվեցուց ներողամտութիւնը ու ներումը, եւ թշնամի անձեր հաշտուեցան շնորհիւ իրեն։

Յիսուս իսկական մխիթարիչն է։ Յիսուս խոստացաւ առաքեալներուն որ իր մեկնումէն ետք Հայր Աստուած իրենց պիտի ղրկէ ուրիշ Մխիթարիչ մը՝ սուրբ Հոգին, որ պիտի մխիթարէ զիրենք եւ ընդհանրապէս բոլոր հաւատացեալները իրենց նեղութիւններուն եւ տառապանքներուն մէջ։ Քանի՜ եւ քանի՜ անգամներ սրբուհի Ռիթա մխիթարանքի կարօտ ունեցաւ՝ կոշտ ամուսինին հետ ապրիլ, ամուսինը սպաննուած տեսնել, իր երկու զաւակներուն մահը։ Ան աղօթեց որ Աստուած չընէ թէ անոնք իրենց հօրը փոխվրէժը առնեն եւ մարդասպան դառնան։ Այս պարագային մէջ ալ, սուրբ Հոգին զինք մխիթարեց եւ չթողուց որ իր զաւակները նման ոճիր մը գործեն։ Իր ամուսինին մարդասպաններուն ներեց։

Յիսուս ըսաւ. «Թող ձեր սրտերը չխռովին եւ չվախնան»։ Սուրբ Հոգին ամէն տեսակ վախ կը փարատէ, նոյնիսկ եթէ դժուարութեան մը լուծումը ուշանայ գալու, որովհետեւ Աստուած կ՚ուզէ որ մենք լիովին իրեն վստահինք։ Ինք գիտէ թէ ինչպէ՜ս եւ ե՜րբ դժուարութիւնները մեզմէ պիտի հեռացնէ։ Շատ անգամ, տկար հաւատք ունեցողները շուտով կը յուսահատին եւ կը սկսին ոչ քրիստոնեայ միջոցներուն դիմել, դրդուած ըլլալով չար հոգիէն կամ կեղծ բարեկամներէն։

Յիսուս ըսաւ. «Այս աշխարհին իշխանը կու գայ, եւ իմ վրաս իշխանութիւն չունի»։ Սուրբերը, աշխարհի իշխանին, այսինքն սատանային, չեն ենթարկուիր։ Նոյնը ըրաւ սրբուհի Ռիթան, որ ամբողջ կեանքը Աստուծոյ կամքը կը փնտռէր զայն կատարելու համար, նոյնիսկ եթէ այս կամքը իր փափաքին հակառակ ըլլար։ Կը պատմուի թէ մանկամարդ Ռիթան կ՚ուզէր մայրապետ ըլլալ։ Բայց իր ծնողքը պնդեցին որ ամուսնանայ։ Ռիթա նկատեց որ ասիկա Աստուծոյ կամքն է եւ ամուսնացաւ։ Երանի՜ թէ մենք ալ միշտ Աստուծոյ կամքը փնտռենք եւ զայն կատարենք, նոյնիսկ եթէ մեր փափաքին համեմատ չըլլայ։ Երան՜ի թէ մեզմէ իւրաքանչիւր անձ կարենայ կրկնել Յիսուսին սա խօսքը՝ «Այս աշխարհի իշխանը իմ վրաս իշխանութիւն չունի», սրբուհի Ռիթայի օրինակին հետեւելով։

Սրբուհի Ռիթա նշանաւոր է որպէս «անկարելի դատերու սրբուհին», եւ որպէս «անյոյս դատերու փաստաբան»։      

Այս ժողովրդական ասացուածքները իմաստ ունին, եթէ նկատենք որ սրբուհի Ռիթա, ինչպէս բոլոր սուրբերը, Աստուծոյ մէյ մէկ գլուխ գործոցներ են, եւ Աստուած զիրենք հաստատած է, որպէսզի մեր կեանքին համար բարի օրինակ հանդիսանան՝ նախ եւ առաջ, եւ յետոյ որպէսզի բարեխօսեն մեզի համար Աստուծոյ մօտ։

Սրբուհի Ռիթան իր կենդանութեան օրով շատ հրաշքներ գործեց եւ հիմա ալ հրաշք կը գործէ, միշտ Աստուծոյ կամքով։ Նշանաւոր վարդի հրաշքը, որ ձմեռ ատեն, երբ բնաւ վարդ չկայ, խնդրեց հիւանդ սրբուհի Ռիթա իր ազգականէն, ինչ որ զարմանք պատճառեց ներկաներուն, որ վարդ մը բերէ իրեն իր տան պարտեզէն։ Ազգականը գնաց ու բերաւ միակ վարդը՝ ձմեռուայ չորութեան մատնուած տան պարտեզէն։ Այս հրաշքը յիշատակելու համար է որ ամէն տարի, 22 Մայիսին, սրբուհի Ռիթային մահուան օրը, սրբուհի Ռիթայի անունով նուիրուած եկեղեցիներու մէջ վարդեր կ՚օրհնուին եւ կը բաժնուին բոլոր ներկաներուն։

Յիշե՛նք նաեւ որ այս տարի կը զուգադիպի սրբուհի Ռիթայի սրբադասման 110րդ տարեդարձին հետ, որ տեղի ունեցաւ 24 Մայիս 1900ին՝ ձեռամբ Լեւոն ԺԳ. Սուրբ Քահանայապետին։

Թո՛ղ սրբուհի Ռիթային սքանչելի կեանքը օրինակ դառնայ բոլորիս՝ իր աղօթասիրութեամբ, ներումով եւ խաղաղասիրութեամբ։

Թո՛ղ սրբուհի Ռիթայի կեանքը յատուկէն օրինակ ըլլայ մանկամարդ օրիորդներուն, քրիստոնեայ հարսերուն եւ մայրերուն, հաւատացեալ այրիներուն, եւ մայրապետներուն, ինչպէս նաեւ անոնց համար որոնք Ռիթայի անունը կը կրեն։

Թո՛ղ սրբուհի Ռիթայի բարեխօսութիւնը ձեր հաւատքին ոյժը դառնայ. Ամէն։

         

+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ