Ուրբաթ, 21 Սեպտեմբեր 2012 - Կարդինալ Սանտրիի գնահատումով Միջին Արեւելքի Եկեղեցւոյ անհետացումի վտանքը իսկական իրադրութիւն մըն է


Հռոմ

"Միջին արեւելքի շրջանի եկեղեցւոյ անհետացումը իսկական վտանք մըն է" յայտարարած է Կարդինալ Լէօնարտօ Սանտրին «L’Osservatore Romano» Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթին հետ ունեցած հարացազրոյցի մը ընթացքին, Սրբազան Հօր Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութենէն ետք։ 
Այս վտանքը - նշած է Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը - չի վերաբերիր միայն կաթողիկէներուն այլ նաեւ ուղղափառ Եկեղեցւոյ։
Քրիստոնէութիւնը պէտք է դիմակայէ իսլամութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան - դիտել տուաւ Կարդինալ Սանտրին - աւելցնելով որ իսկական իսլամութիւնը սակայն միշտ յատկանշուած է միւսներու հանդէպ յարգանքի եւ հանդուրժողութեան ցուցաբերումով։
Նորոգելով իր մաղթանքը Միջին Արեւլքի առօրեայի մէջ Եկեղեցւոյ դրական եւ գործոն ներկայութեան, կարդինալ Սանտրին ընգծեց թէ «այս տարածաշրջանի պատմութիւնը իսկ անհասկնաելի կը դառնայ եթէ ժխտուի կաթողիկէ եւ քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը»։ Ապա անդրադառնալով Սրբազան Քահանայապետի հետ ապրած, Լիբանանի առաքելական ճամբորդութեան փորձառութեան մասին, Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին յայտարարեց թէ Սրբազան Քահանայապետը հրապուրող մըն է եւ իր Լիբանան ներկայութեամբ հրապուրած էր բոլորը հաւատքի եւ առաքինութիուններու մէջ, սիրոյ եւ յոյսի ճամբով ընդանալու։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=623018


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ