Հինգշաբթի, 31 Յունուար 2013 - Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան` Պատասխանատու Խմբագիր Մասիս պատրիարքական թեմի շաբաթական պարբերաթերթի

Պէյրութ, 30 Յունուար 2013
Դիւան թիւ 30/13

Գեր. Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան,
Այս գիրով քեզ կ'անուանենք Պատասխանատու Խմբագիր Մասիս պատրիարքական թեմի շաբաթական պարբերաթերթի, յաջորդելով Գերյ. Հայր Անդրանիկ Ծ.Վրդ. Կռանեանի, հանգիստի կոչուած տարիքի բերումով, ունենալով որպէս Պատասխանատու Տնօրէն Տիար Սարգիս Նաճարեանը:

Մեր մաղթանքն է որ կարենաս ընտրել եռանդուն, հաւատարիմ եւ փորձառու գործակիցներ շուտափոյթ կերպով վերահրատարակելու համար Պատրիարքական 66-ամեայ թեմական միակ պարբերաթերթը:

Ապահով եղիր, սիրելի վարդապետ, որ Մասիս պարբերաթերթը պիտի վայելէ մեր լման հոգածութիւնը, նկատի ունենալով հաղորդակցութեան միջոցներու յոյժ կարեւորութիւնը, մանաւանդ Նոր Աւետարանացման առաքելութեան գործին մէջ:
Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով եւ հայրական օրհնութեամբ՝

+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ